Ո՛Վ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, ԵՀՈՎԱՅԻ ՍԻՐՏԸ ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑԷՔ
1 Երբ մէկը շիտակ կերպով գործածէ պատանեկութեան զօրութիւնն ու կորովը, կեանքը կրնայ իրապէս բերկրալի ըլլալ։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր գրեց. «Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ»։ (Ժող. 11։9) Ո՛վ պատանիներ, Աստուծոյ համարատու էք ձեր արարքներուն համար։
2 Ինչպէս կ’ապրիք ձեր կեանքը տարբերութիւն կ’ընէ ոչ միայն ձեզի, այլ նաեւ՝ ձեր ծնողներուն։ Առակաց 10։1–ը կը նշէ. «Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է»։ Բայց աւելի կարեւորը, ինչպէս կ’ապրիք ձեր կեանքը կ’ազդէ ձեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ։ Ատոր համար Առակաց 27։11–ը նաեւ պատանիները կը քաջալերէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի անարգողին պատասխան տամ»։ Ո՛վ պատանիներ, ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի սիրտը ուրախացնել այսօր։ Ասիկա կարելի է իրագործել կարգ մը կերպերով։
3 Պատշաճ Օրինակով. Ո՛վ պատանիներ, Աստուծոյ Խօսքին նախագուշակած «չար ժամանակներ»ու փորձառութիւնը կ’ունենաք։ (Բ. Տիմ. 3։1) Նաեւ թերեւս ենթարկուած էք ճնշումներու անհաւատ դպրոցակիցներու կողմէ եւ նոյնիսկ ուսուցիչներու կողմէ որոնք կը ծաղրեն Աստուածաշունչի հիման վրայ եղած ձեր տեսակէտները։ Զոր օրինակ, ուսուցիչ մը ներկայացուց բարեշրջութեան վարկածը որպէս իրողութիւն մը եւ Աստուածաշունչը՝ որպէս առասպել։ Սակայն, պատանի հրատարակիչ մը այդ դասարանին մէջ հաւատարմօրէն պաշտպանեց Աստուածաշունչը։ Որպէս արդիւնք, Աստուածաշունչի մի քանի ուսումնասիրութիւններ հաստատուեցան։ Հետաքրքրուողներէն ոմանք սկսան ժողովներուն յաճախել։ Ո՛վ պատանի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր հաւատքը կը դատապարտէ ամբարիշտ աշխարհը եւ ճշմարտութեան կը հրապուրէ պարկեշտ սիրտ ունեցողները։—Բաղդատել Եբրայեցիս 11։7։
4 Կրնա՞ք քաջալերել ձեր ընկերակիցները ժողովքին մէջ այնպէս որ անձնատուր չըլլան չար բաներուն։ Դպրոցին, տան ու ժողովքին մէջ լաւ օրինակ մը հանդիսանալով, կրնաք ուրիշ պատանի հրատարակիչներուն հաւատքը զօրացնել։ (Հռովմ. 1։12) Եհովայի սիրտը ուրախացուցէք օրինակ մը հանդիսանալով ուրիշներու։
5 Հագուելակերպով ու Յարդարանքով. Պատանի քոյր մը նեղութեան ու ծաղրանքի ենթարկուեցաւ իր պարկեշտ հագուելակերպին պատճառաւ եւ «անապականելի» կոչուեցաւ։ Ասիկա զինք վախցնելով չմղեց որ համակերպուի աշխարհի ամբարիշտ չափանիշներուն հետ։ Փոխարէն, ան բացատրեց թէ Եհովայի Վկաներէն մէկն է եւ Վկաներուն բարձր չափանիշն էր զոր կը պահէր։ Այսպիսի զօրութիւն մը ունի՞ք, թէ ոչ Սատանայի աշխարհին թոյլ կու տաք որ ձեզ կաղապարէ իր մտածելակերպին ու վարքին համաձայն։ Ի՜նչ ուրախութիւն է նկատել որ ձեզմէ շատեր, ո՛վ պատանիներ, կը հետեւին Եհովայի ուսուցման ու կը մերժեն աշխարհի աղտոտ նորոյթները, նախասիրութիւնները, պաշտելի բաները եւ ուսուցումները։ Իրապէս, ինչպէս որ սորվեցանք մեր վերջին նահանգային համաժողովին մէջ, պէտք է գիտակցինք թէ աշխարհէն ծագում առած այդ բաները դեւերուն ազդեցութեան ներքեւ են։—Ա. Տիմ. 4։1
6 Զբօսանքն ու Ժամանցը Ընտրելով. Ծնողները պէտք է ի մտի ունենան անհրաժեշտութիւնը իրենց զաւակներուն օգնելու որ իմաստութեամբ ընտրեն զբօսանքի ու ժամանցի շիտակ տեսակը։ Եղբայր մը գովեց ընտիր ընտանիք մը որու հանդէպ խոր սէր մշակեց։ Հոգեւոր հակում ունենալով, ծնողները առաջնորդութիւն հայթայթեցին որ կիրարկուեցաւ ընտանիքի զբօսանքին վրայ։ Եղբայրը նկատեց. ‘Հիանալի է անոնց միասնաբար գործունէութիւններ ունենալը։ Ծնողները ոչ միայն իրենց զաւակներուն կ’օգնեն որ նախապատրաստուին ծառայութեան համար, այլ՝ երբ զբօսանքի ժամանակն է, անոնք կը զուարճանան միասնաբար պտըտելով, թանգարանները այցելելով, կամ պարզապէս տան մէջ մնալով ու խաղալով կամ աշխատելով ծրագիր մը իրագործելու։ Անոնց սէրը իրարու հանդէպ եւ ուրիշներու հանդէպ կը մղէ որ վստահ ըլլաք թէ անոնք ճշմարտութեան մէջ պիտի քալեն ապագային, ինչ որ ալ պատահի’։
7 Անշուշտ, ժամանակներ կան երբ անկարելի է որ ամբողջ ընտանիքը մասնակցի զբօսանքին եւ ժամանցին։ Ո՛վ պատանիներ, կարիքը ունիք ասոր գիտակից ըլլալու եւ նկատելու թէ լուրջ հարց մըն է ի՛նչպէս կը գործածէք ձեր հանգստեան ժամանակը։ Սատանան հաստատամիտ է մոլորեցնելու կարելի եղածին չափ շատեր։ Մասնաւորաբար պատանիները եւ անփորձառու անհատները կ’ենթարկուին անոր խորամանկ հնարքներուն եւ մոլորեցուցիչ գաղափարներուն։ (Բ. Կորն. 11։3. Եփ. 6։11) Ուստի այսօր Սատանան կը գործածէ այլազան միջոցներ ձեզ մղելու որ խոտորիք ու հետապնդէք անձնասէր հեշտասիրութեան ու անօրէնութեան կեանք մը։
8 Հեռատեսիլը հմուտ մոլորեցուցիչ մըն է որ կը յառաջացնէ նիւթապաշտ եւ անբարոյ ապրելակերպը։ Շարժապատկերներն ու պատկերիզները կանոնաւորաբար կը ցուցադրեն բռնութիւնը եւ բացայայտ սեռը։ Ժողովրդական երաժշտութիւնը երթալով աւելի նուաստացած ու պիղծ եղած է։ Սատանայի հրապոյրները կրնան անմեղ թուիլ, բայց եւ այնպէս անոնք պատճառած են որ հազարաւոր Քրիստոնեայ պատանիներ սխալ մտածելակերպի եւ վարքի որոգայթով բռնուին։ Այսպիսի ճնշումներու դէմ դնելու համար, պէտք է ուժգնութեամբ արդարութիւնը հետապնդէք։ (Բ. Տիմ. 2։22) Եթէ զբօսանքին ու ժամանցին նկատմամբ ձեր մտածելակերպը եւ վարքը վերաճշդելու հարկը կայ, ի՞նչպէս կրնաք զայն իրագործել։ Սաղմոսերգուն պատասխանը կու տայ. «Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։ Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ»։—Սաղմ. 119։10
9 Մարմնամարզանքի եւ զբօսանքի աստղերը աստուածացնելը սովորական բան մըն է։ Եհովայի վախը պիտի օգնէ ձեզի որ խուսափիք անկատար մարդիկը աստուածացնելէ։ Շատեր ներկայիս նոյնիսկ սեռային անբարոյութիւնը կ’աստուածացնեն։ Կրնաք այս հակումին դէմ պաշտպանուիլ խուսափելով պոռնկագրութենէ ու ապականող երաժշտութենէ։ Երաժշտութեան նկատմամբ, Դիտարանի 7/1/93 թիւը նշեց. «Երաժշտութիւնը աստուածային պարգեւ մըն է։ Բայց շատերու համար, անիկա ապառողջ զբաղում մըն է։ . . . Ձեր նպատակը դարձուցէք երաժշտութիւնը իր տեղը պահել, իսկ Եհովայի գործունէութիւնը ձեր գլխաւոր մտահոգութիւնը դարձնել։ Ձեր ընտրելիք երաժշտութեան նկատմամբ ընտրողական եւ ուշադիր եղէ՛ք։ Այս կերպով պիտի կարենաք այս աստուածային պարգեւը գործածել, ոչ թէ՝ զեղծել»։
10 Մշակեցէք կատարեալ ատելութիւն չարութեան հանդէպ։ (Սաղմ. 97։10) Երբ կը փորձուիք չարութիւն ընելու, մտածեցէք թէ Եհովա ինչպէս կը դիտէ հարցը եւ նկատի առէք հետեւանքները. անփափաքելի յղութիւն, սեռայինօրէն փոխանցուած ախտեր, զգացական աւերում, ինքնայարգանքը կորսնցնել եւ ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումները կորսնցնել։ Դուք ձեզ մի ենթարկէք ամբարշտութիւն քաջալերող հեռատեսիլի յայտագիրներուն, շարժապատկերներուն, պատկերիզներուն, երգերուն կամ խօսակցութիւններուն։ Խուսափեցէք ընկերակցելէ անոնց հետ որոնց կը դասաւորէ Աստուածաշունչը որպէս «յիմարներ»։ (Առ. 13։19) Ընտրողական եղէք. սերտ ընկերակցութեան համար ընտրեցէք ժողովքին մէջ զանոնք որոնք Եհովան ու իր արդար չափանիշները կը սիրեն։
11 Այո, այն պատանիները որոնք իրապէս կ’ուզեն Եհովայի սիրտը ուրախացնել պիտի հետեւին Եփեսացիս 5։15, 16–ի լաւ խրատին. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասնզի օրերս չար են»։ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ ձեզի որ ուշադիր ըլլաք ձեր յառաջդիմութեան այս վերջին օրերուն մէջ։
12 Հոգեւոր Կարիքներուն Հոգ Տանիլ. Մատթէոս 5։3–ին մէջ (ՆԱ), Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից են»։ Դուք ալ կրնաք ուրախ ըլլալ ձեր հոգեւոր կարիքներուն գիտակից ըլլալով։ Այդ կարիքին գոհացում տալը կը պարփակէ նախանձախնդրաբար բաժին բերել բարի լուրը քարոզելուն մէջ, քանի որ ասիկա մեր հաւատքը կը կերտէ մեր սորված բաներուն հանդէպ։—Հռովմ. 10։17
13 Ձեր անձնական փորձառութենէն գիտէք թէ միշտ դիւրին չէ ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլը։ Անոր գլխաւոր պատճառը կրնայ ինքնավստահութեան պակասը ըլլալ։ Ուստի, ձեր հաստատ վճռականութիւնը անհրաժեշտ է։ Ծառայութեան կանոնաւոր կերպով մասնակցելով, պիտի սրէք ձեր վկայելու հմտութիւնները եւ վստահութիւն պիտի կերտէք ձեր քարոզելու կարողութեան հանդէպ։
14 Կարգադրութիւններ ըրէք աշխատելու համար աւելի փորձառու հրատարակիչներու հետ, ինչպէս՝ կանոնաւոր ռահվիրաներուն եւ երէցներուն հետ։ Ուշի ուշով մտիկ ըրէք անոնց ներկայացումներուն եւ ինչպէս ձեռք կ’առնեն առարկութիւնները դռներուն առջեւ։ Օգտագործեցէք Պատճառաբանել գիրքը եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին մէջ տրուած թելադրութիւնները։ Շատ չանցած աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի քաղէք ծառայութենէն, քանի որ Եհովայի կը մատուցանէք ձեր լաւագոյնը։—Գործք 20։35
15 Ոմանք կարող էին պատեհութիւնները օգտագործել դպրոցին մէջ վկայելու եւ շատ յաջող էին աշակերտելու մէջ։ (Մատթ. 28։19, 20) Քրիստոնեայ պատանի մը կ’ըսէ. «Ազատ պահերուն ընթացքին, շատ մը պատեհութիւններ ունեցայ վկայելու համար, մանաւանդ տօներու ժամանակաշրջանին։ Երբ Աստուածաշունչի գրականութիւնները գրասեղանիս վրայ կը ձգէի այնպէս որ ուրիշներ կարենային տեսնել զանոնք, շատ մը հետաքրքրուած աշակերտներ ինծի կը մօտենային»։ Վերջապէս, կարգ մը աշակերտներ եւ նոյնիսկ ուսուցչուհին սկսան Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախել։ Իրականութեան մէջ, ուսուցչուհին յառաջդիմեց այն աստիճան որ նուիրուած Վկայ մը եղաւ։ Եհովան մեծապէս կ’ուրախանայ երբ պատանի երկրպագուներ՝ ձեզի նման՝ իր անունը կը փառաբանեն։
16 Ձեր հոգեւոր կարիքը գոհացնելու ուրիշ կերպ մըն է անձնական ուսումնասիրութիւնը։ Որպէսզի Եհովայի սիրտը ուրախացնենք, պէտք է սորվինք իր մասին, իր նպատակներուն մասին եւ թէ մեզմէ ինչ կը պահանջէ։ Ժամանակ կը յատկացնէ՞ք անձնական ուսումնասիրութեան։ Կանոնաւորաբար կ’ուսումնասիրէ՞ք, ինչպէս որ ժամանակ կը յատկացնէք կանոնաւորաբար ուտելու։ (Յովհ. 17։3) Աստուածաշունչը ընթերցելու անձնական յայտագիր մը ունի՞ք, փորձելէն զատ որ քայլ պահէք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Աստուածաշունչի ընթերցումի յայտագրին հետ։ Բոլոր ժողովներուն համար լաւ կերպով կը նախապատրաստուի՞ք։ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կանոնաւորաբար կը կարդա՞ք։ Յատկապէս, ժամանակ կը յատկացնէ՞ք կարդալու համար «Պատանիները կը Հարցնեն . . .» շարքին իւրաքանչիւր յօդուածը, ամէն համար ուշադրութեամբ բանալով ու կարդալով։ Եւ մի մոռնաք այն գիրքը զոր Ընկերութիւնը պատրաստեց մասնաւորաբար ձեր հոգեւոր կարիքներուն համար. Երիտասարդներ կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ։ Քրիստոնեայ պատանիներ եւ իրենց ծնողները համայն աշխարհի մէջ նամակներ գրած են ըսելու համար թէ այս գիրքը որքան իրենց օգնած է որ Եհովայի աւելի մօտենան։
17 Երբ կարդաք Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու աստուածպետական գրականութիւնները, անոնք ձեզի կը պատմեն Եհովայի մասին, անոր մտածելակերպին մասին եւ անոր նպատակներուն մասին։ Մտածեցէք թէ ի՛նչպէս այս տեղեկութիւնները կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ։ Կապեցէք ինչ որ կը կարդաք ձեր նախապէս կարդացածին հետ։ Ասիկա խոկում կը պարփակէ։ Խոկումը թոյլ կու տայ որ տեղեկութիւնները սրտին հասնին ու ձեզ մղեն։—Սաղմ. 77։12
18 Մենք կ’ուրախանանք տեսնելով պատանիներ, որոնք իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից են, ժողովներուն կը յաճախեն։ Ո՛վ Քրիստոնեայ պատանիներ, ուրիշները կրնաք քաջալերել ժողովներուն ընթացքին իմաստալից մեկնութիւններ կանոնաւորաբար տալով։ Ձեր նպատակակէտը ըրէք առնուազն մէկ մեկնութիւն տալ իւրաքանչիւր ժողովին մէջ։ Մշակեցէք ջերմ յարաբերութիւններ ժողովքին մէջ եղած ամէն տարիքի պատկանող անհատներու հետ, մասնակցելով կերտիչ ընկերակցութեան ժողովներէն առաջ ու վերջ։ (Եբր. 10։24, 25) Երիտասարդ եղբայր մը ըսաւ որ իր ծնողքը զինք քաջալերեցին որ խօսակցութիւն մը ունենայ առնուազն տարեց եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ իւրաքանչիւր ժողովին մէջ։ Այսօր ան կ’արժեւորէ այն փորձառութիւնը զոր ձեռք ձգեց ընկերակցելով ժողովքի տարեց անդամներուն հետ։
19 Հոգեւոր Նպատակակէտեր Հետապնդեցէք. Դժբախտաբար շատ մը պատանիներ իրենց կեանքին մէջ նպատակ եւ ուղղութիւն չունին։ Սակայն, լաւ բան մը չէ՞ այն զգացումին փորձառութիւնը ունենալ որ յառաջ կու գայ աստուածպետական նպատակակէտեր դնելէն ու ապա յաջողութեան զանոնք կատարելէն։ Այս նպատակակէտերը, որոնք աստուածային ուսուցումի լուսաւորումով կը հետապնդուին, հիմա անհատապէս գոհացուցիչ պիտի ըլլան եւ վերջապէս յաւիտենական փրկութեան պիտի առաջնորդեն։—Ժող. 12։1, 13
20 Երբ նպատակակէտեր կ’որոշէք, աղօթքի նիւթ դարձուցէք զայն։ Ձեր ծնողներուն ու երէցներուն հետ խօսեցէք։ Քննեցէք դուք ձեզ ու ձեր կարողութիւնները, եւ գործնական նպատակակէտեր դրէք ձեր կարողութեան համաձայն իրագործելու, առանց ուրիշի մը հետ բաղդատութիւն ընելու։ Ամէն ոք տարբեր է իր կազմուացքին մէջ—ֆիզիքապէս, մտաւորապէս, զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս։ Հետեւաբար, մի ակնկալէք իրագործել ամէն ինչ որ ուրիշ անհատ մը կ’իրագործէ։
21 Ի՞նչ են կարգ մը նպատակակէտեր որոնց կրնաք հասնիլ։ Եթէ տակաւին հրատարակիչ մը չէք կամ տակաւին չէք մկրտուած, ինչո՞ւ ասոնք ձեր նպատակակէտերը չընէք։ Եթէ հրատարակիչ մըն էք, կրնաք նպատակակէտ դնել որ ծառայութեան որոշ ժամանակ յատկացնէք իւրաքանչիւր շաբաթ։ Ջանք թափեցէք որ ատակ ուսուցիչ մը ըլլաք վերայցելութիւններուն ընթացքին, եւ ձեր նպատակակէտը ըրէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Եթէ մկրտուած պատանի մըն էք դպրոցին մէջ, ինչո՞ւ ձեր նպատակակէտը չընէք մասնակցիլ օժանդակ ռահվիրայութեան ամառուան ամիսներուն ընթացքին։ Ընելիք շատ բան կայ «Տէրոջը գործին մէջ»։—Ա. Կորն. 15։58
22 Ծնողներուն Օգնութիւնը Կենսական Է. Պատանիները ժողովքին մէջ երբեք պէտք չէ զգան թէ առանձին կը ջանան կեանքը շահիլ։ Եհովա, իր կազմակերպութեան միջոցաւ, խրատ հայթայթած է այս պատանիներուն օգնելու որ առօրեայ որոշումները առնեն եւ կեանքին մէջ եղած խոչընդոտները յաղթահարեն։ Անշուշտ, նուիրուած ծնողները գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ունին իրենց զաւակներուն օգնելու որ պատշաճ որոշումներ առնեն։ Ա. Կորնթացիս 11։3–ին մէջ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ամուսինը ընտանիքին գլուխն է։ Հետեւաբար, Քրիստոնէական ընտանիքին մէջ, կինը սերտօրէն իր հետ գործելով, հայրը առաջնորդութիւնը կ’առնէ զաւակներուն սորվեցնելու Աստուծոյ պատուէրները։ (Եփ. 6։4) Ասիկա կը կատարուի խղճամիտ մարզումով որ մանկութենէն ի վեր կը սկսի։ Քանի որ մանուկին ուղեղը չափով կ’եռապատկէ կեանքի առաջին տարուան ընթացքին, ծնողները երբեք պէտք չէ թերգնահատեն իրենց մանուկներուն սորվելու կարողութիւնը։ (Բ. Տիմ. 3։15) Մինչ զաւակները կը մեծնան, ծնողները պէտք է աստիճանաբար անոնց սորվեցնեն Եհովան սիրել ու իր հետ լաւ յարաբերութիւն մը մշակել։
23 «Աստուածային Ուսուցում» Նահանգային Համաժողովին դասախօսութիւն մը կար որու խորագիրն էր՝ «Ծանր Աշխատեցէք Ձեր Ընտանիքին Փրկութեան Համար»։ Զանազան կէտեր ներկայացուեցան որոնք ծնողներուն կ’օգնեն որ տեսնեն գործնական կերպեր իրենց զաւակներուն օժանդակելու։ Ծնողական լաւ օրինակը լաւագոյն առաջին քայլն է։ Ասիկա հոգեւորապէս աւելի պիտի օգտէ ձեր զաւակներուն քան երկար ժամանակ խօսիք իրենց հետ թէ ինչ պէտք է ընեն կամ պէտք չէ ընեն։ Ծնողական պատշաճ օրինակ հանդիսանալը կը պարփակէ յայտնել հոգիին պտուղը տան մէջ, ձեր կողակիցին եւ ձեր զաւակներուն հանդէպ։ (Գաղ. 5։22, 23) Շատեր փորձառութեամբ տեսան որ Աստուծոյ հոգին ուժեղ ազդեցութիւն մըն է բարիքին համար։ Ան կրնայ ձեզի օգնել որ ձեր զաւակներուն միտքն ու սիրտը ձեւաւորէք։
24 Նաեւ համաժողովին յիշուեցաւ ծնողներուն կարիքը լաւ օրինակ մը հանդիսանալու անձնական ուսումնասիրութեան սովորութիւններուն մէջ, ժողովներուն յաճախելուն մէջ եւ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան մասնակցելուն մէջ։ Եթէ խանդավառօրէն խօսիք ճշմարտութեան մասին տան մէջ, նախանձախնդիր առաջնորդութիւն առնէք ծառայութեան մէջ եւ դրական էք անձնական ուսումնասիրութեան նկատմամբ, ձեր զաւակները պիտի քաջալերուին անկեղծօրէն հետաքրքրուելու հոգեւոր բաներով։
25 Երբ լաւ մտածելով պատրաստուած է, կանոնաւոր ու իմաստալից ընտանեկան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կրնայ հետաքրքրական եւ հաճոյալի ըլլալ, ժամանակ մը՝ ընտանիքի միութիւնը զօրացնելու։ Ժամանակ յատկացուցէք ձեր զաւակներուն սրտին հասնելու համար։ (Առ. 23։15) Մինչ շատ մը ընտանիքներ այս առիթը կը գործածեն շաբաթական Դիտարանի Ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու, ժամանակ առ ժամանակ քաջալերական է նկատի առնել ընտանիքին մասնայատուկ մէկ կարիքը։ Տեսակէտ յայտնող հարցումներ ուղղելը եւ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի մեկնութեան մտիկ ընելը կը լուսաւորէ ինչպէս նաեւ կը կազդուրէ։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին օգտակար եղող ուսումնասիրութիւն մը վարելը իսկական մարտահրաւէր մըն է ընտանիքի գլուխին։ Բայց որքա՜ն վարձահատոյց է երբ բոլորն ալ հոգեւորապէս կ’աճին։ Ամէն մէկը միջամուխ ընելով, ուրախ հոգի մը պիտի տիրապետէ։
26 Ձեր սիրալիր, մասնայատուկ մարզումը հիմա կենսական է ձեր սերունդին կեանքը փրկելու համար։ (Առ. 22։6) Ասիկա ի մտի ունենալով, դիւրին է հասկնալ թէ ասիկա թերեւս ամենակարեւոր ուսուցումն է զոր որեւէ ժամանակ պիտի ընէք։ Բնաւ մի խորհիք թէ առանձին էք այս մասնաւոր ու կարեւոր ձեռնարկին մէջ։ Սորվեցէք մեծապէս ապաւինիլ Եհովայի վրայ առաջնորդութեան համար թէ ինչպէս հոգ տանիք ձեր ընտանեկան պատասխանատուութիւններուն։ Ուրիշ անհատներ ալ կան որոնք կրնան շատ օգնել։
27 Ուրիշներ Ինչ Կրնան Ընել Օգնելու Համար. Երէցները կրնան պարփակել պատանիները, իրենց ծնողներուն հետ, Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու մէջ։ Մանուկները քաջալերեցէք ժողովներուն ատեն։ Երէցները եւ օգնական ծառաները որոնք Ծառայութեան Ժողովին մէջ բաժիններ ունին, պէտք է ուշադիր ըլլան պզտիկ ձեռքերուն որոնք կը բարձրանան երբ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ բաժիններ կան։ Պատեհութիւններ փնտռեցէք ցուցադրութիւններու մէջ գործածելու համար օրինակելի դեռատիներ իրենց ծնողներուն հետ։ Ոմանց հետ կարելի է հարցազրոյց ընել եւ կրնան հակիրճ մեկնութիւններ ներկայացնել։
28 Անոնց ջանքերուն առնչութեամբ անտարբեր մի ըլլաք։ Պատանիները փաստած են իսկական օգնութիւն մը ըլլալ ժողովքին։ Անոնց ընտիր վարքով, շատեր ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը զարդարած են’։ (Տիտ. 2։6-10) Գերուշադիր եղէք այն պատանիները գովելու որոնք նոյնիսկ չնչին կերպով կը մասնակցին։ Ասիկա զանոնք կը քաջալերէ որպէսզի նախապատրաստուին ու փափաք ունենան զայն կրկնելու ապագային։ Այսպիսի հետաքրքրութիւն մը մեծ արժէք ունի. անգին է։ Որպէս երէց կամ օգնական ծառայ, որքա՞ն յաճախ գոված էք ժողովքի պատանիները դասախօսութեան մը կամ ցուցադրութեան մը համար։
29 Ո՛վ ռահվիրաներ, ի՞նչ կրնաք ընել օգնելու համար։ Ինչո՞ւ վերաքաղ չընէք ձեր յայտագիրը տեսնելու համար ինչպէս պարփակել դպրոցականներ կէսօրէ ետքը եւ շաբաթավերջը եղած ձեր կարգադրութիւններուն մէջ։ Դրական կերպով կը խօսի՞ք ձեր լիաժամ ծառայութեան ընտրութեան մասին։ Ձեր դէմքի արտայայտութեամբ ցոյց կու տա՞ք թէ ուրախ էք ձեր ծառայութեամբ։ Անյապաղ զայն կը յանձնարարէ՞ք ուրիշներու, մանաւանդ պատանիներու։ Երբ դռնէ դուռ կը ծառայէք, ձեր խօսակցութիւնը կերտիչ ու դրակա՞ն է։ Եթէ այո՛, այն ատեն որպէս ռահվիրայ մը դուք ալ բաժին կը բերէք այս ամենակարեւոր մարզումի գործունէութեան մէջ։
30 Ժողովքին բոլոր անդամները պէտք է խորապէս գիտակցին պատանիները մարզելու այս կարեւոր գործին։ Կրնա՞ք որոշ կարգադրութիւններ ընել անոնց հետ աշխատելու դաշտի ծառայութեան մէջ։ Կրնա՞ք անոնց հետ ներկայացում մը փորձ ընել առ ի պատրաստութիւն դռնէ–դուռ գործին։ Երբ միասնաբար կ’աշխատիք ծառայութեան մէջ պատեհութիւններ կ’օգտագործէ՞ք քաջալերելու համար հետագայ հոգեւոր գործունէութիւններ։ Իւրաքանչիւր հրատարակիչ պէտք է գիտակից ըլլայ թէ նոյնիսկ կարճ մեկնութիւն մը կրնայ դրական խորհուրդներ յառաջ բերել կենսատեւ հոգեւոր նպատակակէտերու մասին, պատանիին յաւիտենական օգուտին համար։
31 Պատանիները Կրնան Իրենք Իրենց Օգնել. Ո՛վ պատանիներ, ձեզ կը քաջալերենք որ շարունակէք հետեւիլ Եհովայի ուսուցումներուն եւ մերժել ինչ որ աշխարհը կը մատուցանէ։ Յարատեւ դուք ձեզ քննեցէք, զննելով ձեր վարքն ու խոր զգացումները։ Ի՞նչ է ձեր կեցուածքը Եհովայի հանդէպ եւ ինչ որ ձեզմէ կ’ակնկալէ առօրեայ կեանքին մէջ։ Մեծ պայքար կը մղէ՞ք Սատանայի գաղափարներուն ազդեցութեան դէմ։ (Ա. Տիմ. 6։12) Քանի որ մարդիկ, մանաւանդ պատանիները, բնականօրէն կ’ուզեն իրենց ընկերակիցներուն հաճութիւնը, դուք ձեզ հրապուրուած կը գտնէ՞ք բազմութեան հետեւելու չարութիւն ընելու համար։ (Ել. 23։2) Պօղոս առաքեալ հասկցաւ թէ մեծ ճնշում կայ աշխարհի ճամբաներուն համակերպուելու համար։—Հռովմ. 7։21-23
32 Քաջութեան հարկը կայ աշխարհի ազդեցութեան դէմ դնելու, աշխարհային ընկերակիցներէն տարբեր ընթացք մը բռնելու եւ Աստուծոյ ուսուցումներուն հետեւելու։ Նախկին մարդիկը ատիկա ըրած են մեծ յաջողութեամբ։ Նկատի առէք Նոյի քաջութիւնը։ Ան ամբողջ աշխարհ մը դատապարտեց իր հաւատքով եւ անջատ մնալով իր ժամանակակից յանցագործներէն։ (Եբր. 11։7) Մեծ պայքար մղեցէք քանի որ կ’արժէ ասոր համար ջանք թափել։ Մի ընդօրինակէք տկար, վարանոտ եւ երկչոտ անհատները որոնք Սատանայի բազմութեան կը հետեւին։ Ճիշդ հակառակը, փնտռեցէք անոնց ընկերակցութիւնը որոնք Եհովայի հաճութիւնը ունին։ (Փիլ. 3։17) Դուք ձեզ պատեցէք ընկերակիցներով որոնք ձեր հետ կողք կողքի պիտի քալեն դէպի Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհը։ (Փիլ. 1։27) Ձեր միտքը պահեցէք թէ միայն մէկ ճամբայ կայ որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Մատթ. 7։13, 14
33 Եթէ մենք կ’ուրախանանք տեսնելով պատանիներ մեր Աստուծոյն փառաբանութիւն ու պատիւ կը բերեն, որքա՜ն ասիկա իրեն ալ ուրախութիւն կը բերէ։ Կասկած չկայ թէ Եհովա հաճոյք կը գտնէ տեսնելով պատանիներ լման բաժին կը բերեն իր մեծ նպատակները յայտարարելու մէջ։ Անոնք իր «ժառանգութիւնն են» եւ ինք լաւագոյնը կ’ուզէ իրենց համար։ (Սաղմ. 127։3-5. 128։3-6) Իր Հօր հետաքրքրութիւնը ցոլացնելով, Քրիստոս Յիսուս շատ ուրախութիւն գտաւ երախաներուն հետ ընկերակցելով, եւ ժամանակ յատկացուց զանոնք քաջալերելու Եհովայի իրենց պաշտամունքին մէջ։ Ան գուրգուրանք արտայայտեց անոնց հանդէպ։ (Մար. 9։35, 36. 10։13-16) Մեր պատանիները կը նկատե՞նք այն կերպով որ Եհովա ու Քրիստոս Յիսուս կը նկատեն։ Մեր ժողովքներուն մէջ եղող պատանիները գիտակի՞ց են թէ ինչպէս Եհովա եւ հրեշտակները կը նկատեն իրենց հաւատարմութիւնն ու լաւ օրինակը։ Զանոնք պէտք է գովել ու քաջալերել որ Եհովայի սիրտը ուրախացնեն ցանկալով հոգեւոր նպատակակէտեր։ Ո՛վ պատանիներ, հետապնդեցէք նպատակակէտեր որոնց հետեւանքը պիտի ըլլայ օրհնութիւններ ձեզի թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։