ՆՈՐԵԿՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳ ՏԱՆԻՆՔ
1 Երթալով աւելի մեծ թիւով նորեկներ կը դիմեն Բարի Հովիւին եւ նուիրուած յարաբերութիւն կ’ունենան Եհովա Աստուծոյ հետ։ (Յովհ. 10։3, 11) Ուրիշները ժողովքին մէջ, մասնաւորաբար երէցները, պէտք է արթուն ըլլան մեր նորեկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հոգեւոր կարիքներուն նկատմամբ։
2 Նորեկներուն Կարիքներուն Գոհացում Տալ. Միշտ կազդուրիչ է նորեկներուն համար երբ եղբայրները, մանաւանդ երէցները, մի քանի վայրկեան կը յատկացնեն ժողովներէն առաջ կամ վերջ իրենց հետ խօսակցելու։ Որքա՜ն կարեւոր է որ վերյիշենք մեր փորձառութիւնը երբ ճշմարտութեան մէջ նորեկ էինք թէ ինչպէս իրապէս կը քաջալերուէինք երբ եղբայրները մեզի բարի գալուստ կը մաղթէին Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Կ’ուզենք որ նորեկները տեսակցին ու ծանօթանան ժողովքի բոլոր անդամներուն հետ։ Այս կերպով անոնք քաջածանօթ պիտի ըլլան ոչ միայն իրենց հետ ուսումնասիրողներուն, այլ նաեւ՝ ամբողջ ժողովքին։ Որքա՛ն աւելի եղբայրներու եւ քոյրերու ճանչնան, ա՛յնքան աւելի պիտի զգան մտերմութիւնը եւ թէ ժողովքին մէկ մասն են։
3 Ի՞նչ նիւթեր կրնանք նկատի առնել նորեկներուն հետ։ Սկիզբը, կրնանք մենք մեզ ծանօթացնել ու յիշել թէ ուր կը բնակինք։ Ապա նորեկներուն կրնանք հարցնել իրենց անուններուն մասին եւ թէ ուր կը բնակին։ Մեզի համար հոս Արեւելքին մէջ, դիւրին է այսպիսի խօսակցութիւն մը սկսիլ նորեկներուն հետ։
4 Կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր կը քաշուին օտար անհատներու մօտենալու։ Բայց յիշեցէք, ամէն ինչ որ պահանջուած է առաջին հինգ բառերն են եւ ապա խօսակցութիւնը պիտի շարունակուի։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար, նորեկի մը կրնաք այս հարցումը ուղղել. «Ի՞նչ բան ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրեց ճշմարտութեան»։ Լաւ պիտի ըլլայ որ իրենց ըսածին շուրջ խօսինք քաջալերական կերպով։
5 Շատ մը պարագաներուն, օրուայ համարը կարելի է գործածել որպէս հիմ նորեկի մը մօտենալու։ Կամ կրնանք յիշել կարգ մը կէտեր զորս քաղեցինք Գրքի Ուսումնասիրութենէն, Դիտարանի Ուսումնասիրութենէն, կամ ուրիշ որեւէ ժողովէ շաբթուան ընթացքին։ Ոմանք թերեւս կը նախընտրեն սկսիլ տարուան համարով։ Ուստի, զանազան նիւթեր ունինք որոնց մասին կրնանք խօսակցիլ նորեկներուն հետ։
6 Թէեւ նախաքայլը առնելը որպէսզի մենք մեզ ծանօթացնենք ու խօսինք նորեկներուն հետ կրնայ պահանջել մասնաւոր ջանքեր մեր կողմէ, ժողովքին բոլոր անդամները պէտք է ջանան իրարու քաջածանօթ ըլլալ այնպէս որ կարենան հարազատօրէն զիրար քաջալերել։ (Եբր. 10։24) Այս հոգին եղբայրներուն մէջ պատճառ պիտի ըլլայ որ բոլոր նորեկները զգան թէ իրենք սիրով ընդունուած են։