Լիաժամ Ծառայութեան Ուրախութիւնները
1 Որպէս դեռատի մը, անկասկած՝ որոշ չափով մտածած էք ձեր ապագային մասին։ Առակաց 21։5–ը մեզի կ’ըսէ թէ «աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն»։ Ձեզի օգտակար պիտի ըլլայ եթէ կեանքի մէջ ձեր նպատակակէտերուն մասին լրջօրէն մտածէք։ Մինչ ապագայի մասին ձեր ծրագիրները կ’ընէք, նկատի առէք լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելը։ Ինչո՞ւ։
2 Հարցուցէք կարգ մը չափահասներու, որոնք իրենց երիտասարդութեան տարիներուն ռահվիրայութիւն ըրած են, թէ ի՛նչ է իրենց տպաւորութիւնը, եւ անոնք ձեզի նոյն բանը պիտի ըսեն. «Անոնք կեանքիս լաւագոյն տարիներն էին»։ Իր երիտասարդութենէն ի վեր լիաժամ ծառայութեան ուրախութիւնները վայելած եղբայր մը, հետագային ըսաւ. «Խոր գոհունակութեան աղբիւր մըն է՝ երիտասարդութեան ժամանակին վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ կարենալ ըսել թէ հետեւած ես այս իմաստուն խրատին. ‘Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ’»։ (Ժող. 12։1) Թէ՛ դուք եւ թէ ձեր ծնողքը հիմակուընէ պէտք է ծրագրէք, կերպ մը գտնելու համար որ այս տեսակ ուրախութիւն մը վայելէք ձեր երիտասարդութեան ժամանակ։
3 Ո՛վ Ծնողներ, Լիաժամ Ծառայութիւնը Քաջալերեցէք. Եհովա, որպէս հոգածու Հայր, ձեզի ճշգրտօրէն ցոյց կու տայ թէ ո՛ր ճամբայէն քալէք։ (Եսայ. 30։21) Այսպիսի սիրալիր առաջնորդութիւն հայթայթելով, ձեզի որպէս Քրիստոնեայ ծնողներ հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ։ Փոխանակ թոյլ տալու որ ձեր զաւակները իրենք ընտրեն թէ ո՛ր ճամբան իրենց համար լաւագոյնն է, իմաստութեամբ զիրենք մարզեցէք այն ճամբուն մէջ որ պէտք է քալեն, Եհովայի օրհնութիւնը վայելելու համար։ Ապա, երբ մեծնան, ձեր մարզումը իրենց պիտի օգնէ որ ‘բարին ու չարը զանազանեն’։ (Եբր. 5։14) Չափահասները փորձառութեամբ գիտեն թէ չեն կրնար իրենց անձնական դատողութեան վստահիլ. պէտք է Եհովայի ապաւինին իրենց շաւիղները ուղղելու համար։ (Առ. 3։5, 6) Դեռատիները ասոր կարիքը աւելի ունին, քանի որ կեանքի մէջ անփորձ են։
4 Ո՛վ ծնողներ, մինչ ձեր զաւակները պատանեկութեան տարիքին կը մօտենան, կամ նոյնիսկ աւելի առաջ, անոնց հետ իրապաշտօրէն խօսեցէք իրենց ընտրելիք ասպարէզին մասին։ Դպրոցի խրատատուները, ուսուցիչները եւ դասընկերները պիտի փորձեն անոնց վրայ ազդեցութիւն բանեցնել, աշխարհային՝ նիւթական՝ հետապնդումներու ի նպաստ որոշումներ տալու համար։ Ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ ընտրեն դպրոցական այնպիսի դասընթացքներ, որոնք գործնական մարզում կը հայթայթեն, որպէսզի կարենան իրենց նիւթական կարիքներուն հոգ տանիլ, առանց զոհելու Թագաւորութեան շահերը։ (Ա. Տիմ. 6։6-11) Շատ մը պարագաներու, երկրորդական ուսումը՝ արհեստի մը եւ/կամ աշխատանոցի մը մէջ մարզումին հետ միասին, կրնայ բաւարար ըլլալ անհատին անհրաժեշտութիւններուն հոգ տանելու համար, մինչ կանոնաւոր ռահվիրայութեան կը ձեռնարկէ։
5 Պատանիները քաջալերեցէք որ ամուրիութեան պարգեւը հետապնդեն։ Եթէ հետագային որոշեն ամուսնանալ, անոնք աւելի ի վիճակի պիտի ըլլան ամուսնական աւելի ծանր պատասխանատուութիւնները կրելու։ (Տես՝ Յունիս 2001 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին «Կրնա՞ք Դուք Ձեզ Մատչելի Դարձնել» խորագրով յաւելուածականին 19–րդ պարբերութիւնը։) Ռահվիրայութեան, աւելի կարիք ունեցող շրջաններու մէջ ծառայելու, Պէթէլի եւ միսիոնարական ծառայութեան մասին դրականօրէն խօսելով, նոյնիսկ փոքր տարիքէն երախաներուն մտքին մէջ դրոշմեցէք փափաք մը՝ իրենց կեանքը գործածելու այնպիսի կերպով մը որ Եհովան կը հաճեցնէ, ուրիշներու օգտակար կ’ըլլայ, եւ իրենց ուրախութիւն կը պատճառէ։
6 Ո՛վ Պատանիներ, Լիաժամ Ծառայութիւնը Առաջնակարգ Տեղը Դրէք. Ո՛վ պատանիներ, պէտք չունիք հարց տալու թէ ռահվիրայութիւնը ի՛նչպիսի բան մըն է։ Կրնաք զայն փորձել մասնակի ժամանակով՝ օժանդակ ռահվիրայ ըլլալով, երբոր կարենաք՝ դպրոցական տարեշրջանին եւ արձակուրդի ընթացքին։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ռահվիրայական ծառայութիւնը ո՛րքան գոհունակութիւն կը պատճառէ։ Կրնա՞ք ծրագրել որ հիմակուընէ մինչեւ ամառուան վերջաւորութեան որոշ ժամանակ մը օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկէք։
7 Եթէ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ երիտասարդ եղբայր մըն էք, նաեւ լրջօրէն մտածեցէք, որպէս օգնական ծառայ որակելի ըլլալու մասին։ (Ա. Տիմ. 3։8-10, 12) Ասկէ զատ, որոշեցէք թէ երբ պահանջուած տարիքին հասնիք, կ’ուզէք Պէթէլի ծառայութեա՞ն թէ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցին համար դիմումնագիր ներկայացնել։ Ռահվիրայութեան ծառայութեան մէջ ձեր փորձառութիւնը ձեզի պիտի սորվեցնէ արժէքաւոր դասեր, օրինակ՝ յայտագրի մը համաձայն ի՛նչպէս ապրիլ, ձեր գործունէութեան կազմակերպումը ի՛նչպէս բարելաւել, ուրիշներու հետ ի՛նչպէս ապրուիլ, եւ պատասխանատուութեան զգացում մը ի՛նչպէս մշակել։ Այս բոլորը ձեզ պիտի պատրաստեն՝ հետագային ծառայութեան աւելի մեծ առանձնաշնորհումներու համար։
8 Աստուածպետական արդիւնաբերութեան հոգի մը ունենալը լիաժամ ծառայութեան մէջ յաջողելու կարեւոր ազդակ մըն է։ Պօղոս առաքեալ քաջալերեց այսպիսի կեցուածք մը, եւ անկէ յառաջ եկած օրհնութիւնները նշեց. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը . . . , գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք»։ (Կող. 3։23, 24) Թող որ Եհովան ձեզ լիաժամ ծառայութեան մէջ վարձատրէ բազմաթիւ ուրախութիւններով։