Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/10 էջ 3-5
  • «Կրնաս լա՛ւ ռահվիրայ մը ըլլալ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կրնաս լա՛ւ ռահվիրայ մը ըլլալ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ռահվիրայական Ծառայութիւնը Ձեզի՞ Համար Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Ռահվիրայական ծառայութեան օրհնութիւնները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հիմա՛ է քարոզելու ժամանակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ռահվիրայութիւնը կ’ամրացնէ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 5/10 էջ 3-5

«Կրնաս լա՛ւ ռահվիրայ մը ըլլալ»

1. Քոյր մը իր ռահվիրայական ծառայութեան մասին ինչպէ՞ս զգաց։

1 «Չեմ խորհիր թէ պիտի կարենայի գործ մը գտնել, որ ինծի ա՛յսքան գոհունակութիւն պիտի տար կամ հոգեւորապէս ա՛յսքան վարձահատոյց պիտի ըլլար», ըսաւ Քաթի Պ. Փալմ։ Ան տասնամեակներ ծառայեց որպէս անձնուրաց ռահվիրայ, Չիլիի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը վկայելով։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողներուն վարձահատոյց կեանքը ի մտի ունենալով, թերեւս անհատ մը քեզի ըսած է. «Դուն կրնաս լա՛ւ ռահվիրայ մը ըլլալ»։

2. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ հոգեւոր գործունէութիւնները խոր գոհունակութիւն կու տան։

2 Գոհացուցիչ ապրելակերպ մը։ Մեր Տիպարը՝ Յիսուս, իր Հօր կամքը ընելուն մէջ իսկական թարմացում գտաւ (Յովհ. 4։34)։ Հետեւաբար, Յիսուս անկեղծօրէն իր հետեւորդներուն սորվեցուց, թէ իսկական գոհունակութիւնը յառաջ կու գայ Եհովայի պաշտամունքին առնչուած գործունէութիւններուն միջամուխ ըլլալէն։ Գոհունակութիւն կը զգանք, երբ մեր կեանքը աստուածահաճոյ գործերով լեցուն կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, երբ ուրիշներուն օգնելու համար մեր ժամանակէն, կորովէն ու նիւթական միջոցներէն ա՛լ աւելի կու տանք, մեր երջանկութիւնը կ’աւելցնենք (Գործք 20։31, 35)։

3. Ծառայութեան մէջ յաւելեալ ժամեր անցընելով ի՞նչ ուրախութիւն կրնանք վայելել։

3 Ծառայութեան մէջ ո՛րքան աւելի ժամանակ անցընենք, ա՛յնքան աւելի առիթներ կ’ունենանք վայելելու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու ուրախութիւնը։ Նոյնիսկ հո՛ն, ուր տանտէրներէն շատեր անտարբեր կը թուին, թաղամասը մեր ակնկալածէն աւելի արդիւնաբեր կրնանք գտնել, մինչ ծառայութեան մէջ աւելի փորձառութիւն ու հմտութիւն ձեռք կը ձգենք։ Իսկ ռահվիրայութենէն շուրջ տարի մը ետք, ռահվիրաներ կրնան օգտուիլ Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոցին ճոխ ուսուցումէն (Բ. Տիմ. 2։15)։ Մինչ կը յարատեւենք, կրնանք ճշմարտութեան սերմեր ցանել, որոնք յետագային պտուղ պիտի տան (Ժող. 11։6)։

4. Շրջանաւարտ ըլլալու վրայ եղող պատանիները ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնեն։

4 Պատանիներ։ Հիմնական կրթութիւնդ աւարտելու միջոցին, ապագայիդ մասին լրջօրէն մտածա՞ծ ես։ Մինչեւ հիմա, դպրոցական դասերդ մեծաւ մասամբ յայտագիրդ կ’որոշէին։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ժամանակդ ինչպէ՞ս պիտի լեցնես։ Աշխարհիկ ասպարէզի մը հետամուտ ըլլալու փոխարէն, ինչո՞ւ ջերմեռանդ աղօթքով նկատի չառնես կանոնաւոր ռահվիրայութեան նպատակակէտը։ Սորվելիք հմտութիւններդ,– տարբեր ենթահողեր ունեցող անհատներու վկայել, անհատական խոչընդոտներ յաղթահարել, ինքնակրթութիւն մշակել եւ ուսուցանելու կարողութիւն զարգացնել,– ամբողջ կեանքիդ ընթացքին քեզի օգտակար պիտի ըլլան։

5. Ծնողներն ու ժողովքը ինչպէ՞ս կրնան ռահվիրայութիւնը քաջալերել։

5 Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն կեդրոնացումը լիաժամ ծառայութեան կ’ուղղէ՞ք։ Ձեր խօսքերն ու դրական օրինակը շատ բան կրնան ընել անոնց օգնելու, որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնեն (Մատ. 6։33)։ Ռէյ, որ երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք ռահվիրայութեան ձեռնարկեց, կը մտաբերէ. «Մայրս միշտ կը զգար, թէ ռահվիրայութիւնը ամէնէն գոհացուցիչ կեանքը յառաջ կը բերէ»։ Ժողովքին բոլոր անդամները կրնան ռահվիրայական ծառայութիւնը քաջալերել, իրենց խօսքերով եւ նեցուկ կանգնելով։ Սպանիայէն, Հոսէ կ’ըսէ. «Ժողովքս ռահվիրայական գործը պատանիներուն համար լաւագոյն ասպարէզը կը սեպէր։ Անոնց խօսքերը եւ ռահվիրայական ծառայութեան հանդէպ անոնց գնահատութիւնը, գործնական օգնութեան հետ մէկտեղ, ինծի դիւրացուցին ռահվիրայութիւն սկսիլը»։

6. Եթէ ներկայիս ռահվիրայութիւն ընելու փափաքը չունինք, ի՞նչ կրնանք ընել։

6 Խոչընդոտները յաղթահարել։ Բայց թերեւս ըսես. ‘Ես ռահվիրայութիւն ընելու փափաքը չունիմ’։ Եթէ սկիզբը այսպէս զգաս, Եհովայի աղօթէ այս զգացումիդ մասին եւ ըսէ. ‘Չեմ գիտեր թէ ռահվիրայութիւնը ինծի համար է կամ ոչ, բայց կ’ուզեմ քեզի հաճելի եղածը ընել’ (Սաղ. 62։8. Առ. 23։26)։ Ապա իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ իր ուղղութիւնը հայցէ։ Կանոնաւոր ռահվիրաներէն շատեր, նախ ռահվիրայութիւնը «համտեսեցին» որպէս օժանդակ ռահվիրաներ, իսկ իրենց վայելած ուրախութիւնը զիրենք մղեց, որ լիաժամ ծառայութիւնը իրենց ասպարէզը դարձնեն (Սաղ. 34։8)։

7. Ամիսը 70 ժամուան պահանջին գոհացում տալու նկատմամբ մեր կասկածները ինչպէ՞ս կրնանք վանել։

7 Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ վստահ չես որ ամիսը 70 ժամուան պահանջին կրնաս գոհացում տալ։ Ինչո՞ւ չխօսիս պարագաներուդ նման պարագաներ ունեցող ռահվիրաներու հետ (Առ. 15։22)։ Ապա գրի առ քանի մը հաւանական յայտագիրներ։ Թերեւս նկատես թէ ծառայութեան համար, ոչ–էական գործունէութիւններէ ժամանակ ծախու առնելը շատ աւելի դիւրին է, քան՝ ինչ որ կը խորհէիր սկիզբը (Եփ. 5։15, 16)։

8. Ինչո՞ւ մեր պարագաները պարբերաբար պէտք է արժեւորենք։

8 Պարագաները դարձեալ աչքէ անցուր։ Անհատական պարագաները յաճախ կը փոխուին։ Աղէկ կ’ըլլայ որ ժամանակ առ ժամանակ պարագադ վերստին արժեւորես։ Օրինակ՝ աշխարհիկ գործէդ հանգստեան կոչուելու ժամանակը կը մօտենա՞յ։ Ռէնտի, որ կանուխէն թոշակառու եղաւ, կ’ըսէ. «Այս որոշումը զիս կարող դարձուցած է, որ կնոջս հետ միասին կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսիմ, եւ մեզի պատեհութիւն տուած է որ փոխադրուինք ու ծառայենք հո՛ն, ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Այս որոշումիս շնորհիւ անհամար օրհնութիւններ ստացած եմ, բայց մեծագոյն օրհնութիւնը եղած է՝ բարի խղճմտանքը»։

9. Ամոլներ ի՞նչ բան նկատի պէտք է առնեն։

9 Կարգ մը ամոլներ լուրջ քննութիւն մը ընելէ ետք, նկատած են թէ երկուքն ալ լման ժամանակով աշխատելու հարկը չունին։ Ճիշդ է որ ասիկա կրնայ պահանջել, որ ընտանիքը իր կենցաղակերպը պարզէ, բայց այսպիսի զոհողութիւն մը ընելը կ’արժէ։ Ճոն, որուն կինը վերջերս իր լիաժամ գործէն հրաժարեցաւ՝ իր ծառայութիւնը ընդարձակելու համար, կը պատմէ. «Չկայ աւելի լաւ զգացում մը, քան՝ գիտնալ թէ կինս օրուան ընթացքին հոգեւոր բաներով զբաղած է»։

10. Ի՞նչ բան քրիստոնեաները կը խթանէ ռահվիրայութեան ձեռնարկելու։

10 Սիրոյ ու հաւատքի ապացոյց մը։ Եհովա քարոզչութիւնը դարձուցած է կարեւորագոյն գործը, զոր մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ընել։ Այս հին դրութիւնը շուտով պիտի կործանուի, եւ միայն Եհովայի անունը կանչողները պիտի փրկուին (Հռով. 10։13)։ Իրեն հանդէպ սիրով եւ մեզի ի նպաստ իր ըրածներուն համար երախտագիտութեամբ լեցուն սիրտը, մեզ պիտի մղէ իր Որդիին յանձնարարութեան հնազանդելու, որ նախանձախնդրութեամբ քարոզենք (Մատ. 28։19, 20. Ա. Յովհ. 5։3)։ Ասկէ զատ, հաւատք ունենալը թէ մենք իրապէս վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, մեզ պիտի մղէ ծառայութեան մէջ մեր ամբողջ կարելին ընելու մինչ տակաւին ժամանակ կայ, փոխանակ աշխարհը լիովին գործածելու (Ա. Կոր. 7։29-31)։

11. Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք սա խօսքը. ‘Դուն կրնաս լա՛ւ ռահվիրայ մը ըլլալ’։

11 Կանոնաւոր ռահվիրայութիւնը պարզապէս քարոզչութեան աւելի ժամեր տրամադրել չէ. անիկա Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումին մէկ արտայայտութիւնն է։ Ուստի, եթէ մէկը քեզի ըսէ, թէ դուն կրնաս լա՛ւ ռահվիրայ մը ըլլալ, զայն գովասանք նկատէ։ Նաեւ աղօթքով նկատի առ միանալ անոնց, որոնք ծառայութեան այս գոհացուցիչ երեսակին միջամուխ եղած են։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները լիաժամ ծառայութեան ուղղելու մէջ ձեր դերը կը կատարէ՞ք

[Մէջբերում՝ էջ 5]

Եհովա քարոզչութիւնը դարձուցած է կարեւորագոյն գործը, զոր մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ընել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել