Հիմա՛ է քարոզելու ժամանակը
1. Ինչո՞ւ հիմա՛ է քարոզելու ժամանակը։
1 «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր»։ Հրեշտակային առաջնորդութեան ներքեւ, այս պատգամը կը յայտարարուի «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։ Ինչո՞ւ։ «Վասն զի [Աստուծոյ] դատաստանին ժամը եկաւ»։ Այսօր կ’ապրինք այդ ‘դատաստանի ժամուան’ մէջ, որ գագաթնակէտին պիտի հասնի՝ ներկայ իրերու դրութեան կործանումով։ Կենսական է որ մարդիկ ‘երկրպագութիւն ընեն անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները’։ Ներկայիս ո՛չ մէկ գործ ա՛յնքան կարեւոր կամ ստիպողական է, որքան «յաւիտենական աւետիս»ին յայտարարութիւնը։ Այո, հիմա՛ է քարոզելու ժամանակը։—Յայտ. 14։6, 7
2. Եհովայի ծառաները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ժամանակներուն ստիպողականութիւնը կ’ըմբռնեն։
2 Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, Եհովայի ծառաները մօտաւորապէս 12 միլիառ ժամ տրամադրած են Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին։ Շատեր իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուցած են, որպէսզի լիովին հոգեւոր հունձքին մասնակցին։ (Մատթ. 9։37, 38) Օրինակ, անցեալ տարի՝ ամէն ամիս միջին հաշուով աւելի քան 850,000 հրատարակիչ ռահվիրայութեան մէջ բաժին բերաւ։ Կանոնաւոր ռահվիրաները ամէն ամիս միջին հաշուով 70 ժամ կը յատկացնեն քարոզչութեան, իսկ օժանդակ ռահվիրաները՝ 50 ժամ։
3. Հրատարակիչները յաճախ ի՞նչ ճշդումներ պէտք է ընեն, որպէսզի ռահվիրայութիւն ընեն։
3 Ի՛նչպէս ռահվիրայութիւն ընել. Գիտակցելով թէ «ժամանակը կարճցած է», ռահվիրաները կը ջանան իրենց կեանքը պարզ պահել։ (Ա. Կորն. 7։29, 31) Անոնք իրենց ծախսերը նուազեցնելու կերպեր կը փնտռեն, որպէսզի աշխարհային գործին նուազ ժամանակ տրամադրեն։ Օրինակ, ոմանք աւելի փոքր բնակարան մը փոխադրուած են։ Ուրիշներ անհարկի նիւթական ստացուածքներէ ձերբազատուած են։ (Մատթ. 6։19-21) Յաճախ, անոնք նաեւ պէտք է նուազեցնեն իրենց անձնական զբաղումները։ Այս բոլորը կ’ընեն, ծառայութեան աւելի ժամանակ եւ ուշադրութիւն ընծայելու նպատակակէտով։ (Եփ. 5։15, 16) Հաստատամտութեամբ, անձնազոհ հոգիով եւ աղօթքով Եհովայի ապաւինելով, բազմաթիւ հրատարակիչներ կրցած են գործնական յայտագիր պատրաստել, որպէսզի ռահվիրայութիւն ընեն։
4. Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնան քեզի օգնել ռահվիրայութեան նպատակակէտին հասնելու։
4 Կրնա՞ս ռահվիրայ ըլլալ։ Յաջող ռահվիրաներուն հարցուր թէ ի՛նչ մեթոտներ կը գործածեն։ Անոնց հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցիր եւ անոնց ուրախութիւնը շօշափէ։ Մեր գրականութիւններուն մէջ ռահվիրայութեան մասին լոյս տեսած յօդուածները նկատի առ։ Գործնական նպատակակէտեր դիր, որոնք կրնան քեզի օգնել որ աստիճանաբար յառաջդիմես դէպի ռահվիրայութիւն։ Եթէ ռահվիրայ ըլլալու խոչընդոտներ կը դիմագրաւես, անոնց մասին Եհովայի աղօթէ, իր զօրակցութիւնը խնդրելով որ զանոնք յաղթահարես։—Առ. 16։3
5. Ռահվիրայութիւնը ի՞նչպէս ծառայութեան մէջ մեր հմտութիւնները կը բարելաւէ։
5 Օրհնութիւններ եւ ուրախութիւններ. Ռահվիրայութիւնը Աստուծոյ Խօսքը գործածելու մեր հմտութիւնը կը սրէ, ինչ որ մեր ուրախութիւնը կ’աւելցնէ։ Պատանուհի ռահվիրայ մը ըսաւ. «Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրելու կարող ըլլալը իսկական օրհնութիւն է։ Ռահվիրայ ըլլալով, Աստուածաշունչը յաճախ կը գործածես։ Այժմ դռնէ դուռ ծառայութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր տանտիրոջ յարմարող համարներ միտքս կու գան»։—Բ. Տիմ. 2։15
6. Ռահվիրայութիւնը ի՞նչ մարզում կը հայթայթէ։
6 Ռահվիրայութիւնը նաեւ կը սորվեցնէ կեանքը բարելաւող թանկարժէք հմտութիւններ։ Անիկա պատանիներուն կը սորվեցնէ թէ ի՛նչպէս կրնան ուրիշներու հետ լեզու գտնել, եւ իրենց ժամանակն ու եկամուտը իմաստութեամբ գործածել։ Շատեր ռահվիրայութեան շնորհիւ կեանքի հանդէպ աւելի հոգեւոր տեսակէտ կը զարգացնեն։ (Եփ. 4։13) Ասկէ զատ, ռահվիրաները յաճախ առանձնաշնորհում կ’ունենան տեսնելու թէ Եհովայի ձեռքը իրենց հետ է։—Գործք 11։21. Փիլ. 4։11-13
7. Ռահվիրայութիւնը ի՞նչպէս մեզ Եհովայի կը մօտեցնէ։
7 Հաւանաբար ռահվիրայութեան մեծագոյն մէկ օրհնութիւնը այն է, թէ մեզ Եհովայի կը մօտեցնէ, ինչ որ մեզի ոյժ կու տայ փորձութիւններու ներքեւ։ Քոյր մը, որ որոշ ժամանակ խիստ նեղութեան տոկաց, ըսաւ. «Ռահվիրայութեան ընթացքին Եհովայի հետ մշակած սերտ յարաբերութիւնս, մեծապէս ինծի օգնեց»։ Ան աւելցուց. «Շատ ուրախ եմ որ կեանքս անցուցած եմ՝ լիաժամ ծառայելով Եհովայի։ Ռահվիրայութիւնը զիս կարող դարձուցած է միտքէս չանցած զոհողութիւնները ընելու»։ (Գործք 20։35) Նմանապէս թող ճոխ օրհնութիւններ վայելենք, մինչ ամենակարեւոր քարոզչութեան գործին մէջ մեր կարելին կ’ընենք։—Առ. 10։22