Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Օգոստոս 29–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 4 Յուլիսէն մինչեւ 29 Օգոստոս 2005 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Մեր յոյսը ուրիշներուն հետ բաժնելու ատեն, ի՞նչպէս կրնանք մեր ‘բանաւորութիւնը ամէն մարդու յայտնի ընել’, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ (Փիլ. 4։5, ՆԱ. Յակ. 3։17, ՆԱ) [կօ էջ 251 պարբ. 1-3, շրջանակ]
2. Ե՛րբ տեղի տալ գիտնալը, ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ ուրիշներուն հետ յաջողապէս վարուինք։ [կօ էջ 253 պարբ. 1-2]
3. Հարցումներու հմուտ գործածութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, երբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ հարցի մը մասին մտածեն։ [կօ էջ 253 պարբ. 3-4]
4. Ներկայացում մը համոզիչ դարձնելու համար, ի՞նչ ազդակներ նկատի պէտք է առնուին։ [կօ էջ 255 պարբ. 1-4, շրջանակ. էջ 256 պարբ. 1, շրջանակ]
5. Ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք եթէ որոշենք աղբիւրէ մը ապացոյցներ գործածել, Սուրբ Գրութիւններուն բանաւոր ըլլալը ցոյց տալու համար։ [կօ էջ 256 պարբ. 3-5, շրջանակ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Յիսուսի պատմականութեան վկայող ի՞նչ բացայայտ ապացոյցներ կան։ [դ03 7/1 էջ 4-7]
7. Ի՞նչպէս «ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ», եւ ի՞նչպէս արդարներուն տունը «կը հաստատուի»։ (Առ. 12։6, 7) [w03 1/15 էջ 30 պարբ. 1-3]
8. Քանի որ Աստուածաշունչը ցանկ մը չէ որ կը թուէ թէ ի՛նչ ընենք եւ ի՛նչ չընենք, ի՞նչպէս կրնանք ‘իմանալ թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’։ (Եփ. 5։17) [w03 12/1 էջ 21 պարբ. 3–էջ 22 պարբ. 3]
9. Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կիրարկելով, կրնանք աղքատութեան կամ տնտեսական տհաճ պարագաներու դիմանալ։ [դ03 8/1 էջ 5 պարբ. 2-5]
10. Եհովայի առատաձեռնութեան օրինակը մեզի ի՞նչպէս պէտք է ազդէ։ (Մատթ. 10։8) [w03 8/1 էջ 20-22]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Սողոմոնի կառուցանած տաճարի մուտքին գտնուող Յաքին ու Բոոզ կոչուած սիւները ի՞նչ նշանակութիւն ունէին։ (Գ. Թագ. 7։15-22)
12. Մովսիսական Օրէնքին հետ ներդաշնա՞կ էր ինչ որ Սողոմոն ըրաւ, Տիւրոսի թագաւորին՝ Քիրամի՝ 20 քաղաք տալով Գալիլիայի երկրին մէջ։ (Գ. Թագ. 9։10-13)
13. ‘Աստուծոյ մարդուն’ անհնազանդութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ (Գ. Թագ. 13։1-25)
14. Յուդայի Ասա թագաւորը իր քաջութիւնը ի՞նչ կերպով ցոյց տուաւ, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Գ. Թագ. 15։11-13)
15. Աքաաբ թագաւորին ու Նաբովթի պատմութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ մեր անձին վրայ խղճալու վտանգը։ (Գ. Թագ. 21։1-16)