Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 49 էջ 255-էջ 257 պարբ. 3
  • Վաւերական Պատճառաբանութիւններ Տալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վաւերական Պատճառաբանութիւններ Տալ
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացուած
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Համարները Շիտակ Կերպով Կիրարկուած
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Քաջալերել Սուրբ Գիրք Գործածել
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 49 էջ 255-էջ 257 պարբ. 3

Ուսումնասիրութիւն 49

Վաւերական Պատճառաբանութիւններ Տալ

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Ձեր ըսածին թիկունք կանգնող գոհացուցիչ փաստեր հայթայթեցէք։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Ձեր ունկնդիրները ձեր խօսքերուն պիտի չհաւատան, ոչ ալ անոնց համաձայն գործեն, եթէ չհամոզուին որ ձեր ըսածը շիտակ է։

ԵՐԲ բան մը կ’ըսէք, ձեր ունկնդիրներուն իրաւունքն է հարցնել՝ «Ինչո՞ւ ասիկա շիտակ է։ Ի՞նչ փաստ կայ որ դասախօսին ըսածը ընդունելի է»։ Որպէս ուսուցանող, ձեր պարտաւորութիւնն է այս հարցումներուն պատասխանել, կամ օգնել ձեր ունկնդիրներուն, որ իրենք գտնեն պատասխանները։ Եթէ ըսուածը ձեր պատճառաբանութեան կորիզը կը կազմէ, վստահ եղէք որ ձեր ունկնդիրներուն համոզիչ պատճառներ կու տաք զայն ընդունելու։ Ասիկա պիտի օգնէ որ ձեր ներկայացումը համոզիչ ըլլայ։

Պօղոս առաքեալ համոզմունքի դիմեց։ Վաւերական պատճառաբանութեամբ, տրամաբանութեան կոչ ընելով եւ անկեղծ յորդորներով, ան ջանաց իր խօսած անհատներուն միտքը փոխել։ Ան գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ մեզի։ (Գործք 18։4. 19։8) Անշուշտ, կարգ մը ճարտարախօսներ համոզմունքի կը դիմեն՝ մարդիկը մոլորեցնելու համար։ (Մատթ. 27։20. Գործք 14։18. Կող. 2։4) Անոնք կրնան սխալ ենթադրութիւնով սկսիլ, նախապաշարուած աղբիւրներու ապաւինիլ, անհիմն պատճառաբանութիւններ գործածել, իրենց տեսակէտը չբաժնող իրողութիւնները անտեսել, կամ աւելի զգացումներու կոչ ընել, քան՝ տրամաբանութեան։ Այս բոլոր կերպերէն պէտք է զգուշանանք։

Աստուծոյ Խօսքին Վրայ Հաստատուած։ Մեր սորվեցուցածը մեր անձնական գաղափարները պէտք չէ ըլլան։ Մենք կը ջանանք ուրիշներուն հետ բաժնել ինչ որ սորված ենք Աստուածաշունչէն։ Այս ուղղութեամբ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին գրականութիւնները շատ մեծ օգնութիւն մը եղած են մեզի։ Այս գրականութիւնները մեզ կը քաջալերեն որ ուշադիր կերպով Սուրբ Գիրքը քննենք։ Մեր կարգին, ուրիշներու ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին կ’ուղղենք, ո՛չ թէ փաստելու համար որ մենք իրաւունք ունինք, այլ խոնարհաբար թոյլ տալու որ անոնք անձամբ տեսնեն թէ անիկա ի՛նչ կ’ըսէ։ Մենք համամիտ ենք Յիսուս Քրիստոսի հետ որ իր Հօրը մատուցած աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհ. 17։17) Եհովա Աստուած՝ երկնքի ու երկրի Ստեղծիչը՝ մեծագոյն հեղինակութիւնն է։ Մեր պատճառաբանութիւններուն վաւերական ըլլալը իր Խօսքին վրայ հիմնուած ըլլալէն կախեալ է։

Երբեմն կը խօսիք անհատներու հետ որոնք ծանօթ չեն Աստուածաշունչին, կամ զայն չեն ընդունիր որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Ուստի լաւ դատողութիւն պէտք է գործածէք թէ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս պիտի անցնիք Աստուածաշունչին։ Բայց պէտք է ջանաք անոնց ուշադրութիւնը տեղեկութեան այդ հեղինակաւոր աղբիւրին դարձնել որչափ կարելի է՝ շուտ։

Պէ՞տք է եզրակացնէք թէ յարմար համար մը մէջբերելը անհերքելի պատճառաբանութիւն մը կը հայթայթէ։ Պայման չէ։ Թերեւս հարկը տեսնէք բովանդակութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, ցոյց տալու համար թէ այդ համարը ի՛րապէս թիկունք կը կանգնի ձեր ըսածին։ Եթէ համարէ մը միայն սկզբունք մը կը քաղէք եւ ընդհանուր բովանդակութիւնը այդ նիւթին մասին բան մը չ’ըսեր, թերեւս ասոր համար յաւելեալ ապացոյցի պէտք ունիք։ Թերեւս ստիպուած ըլլաք այդ նիւթին մասին ուրիշ համարներ գործածել, ձեր ունկնդիրները վստահեցնելու համար թէ ի՛նչ որ կ’ըսէք իրապէս Սուրբ Գրքին վրայ հիմնուած է։

Զգուշացէք համարի մը փաստած բանը չափազանցելէ։ Հոգածութեամբ կարդացէք զայն։ Համարը կրնայ ձեր նկատի առած ընդհանուր նիւթին հետ կապ ունենալ։ Բայց ձեր պատճառաբանութիւնը համոզիչ ըլլալու համար, ձեր ունկնդիրները պէտք է կարենան անոր մէջ տեսնել ձեր փաստել ուզած կէտը։

Հիմնաւորուած Ապացոյցով Երկրորդուած։ Կարգ մը պարագաներու, կրնայ օգտակար ըլլալ Աստուածաշունչէն դուրս վստահելի աղբիւրէ մը ապացոյց գործածել, մարդոց օգնելու համար որ Սուրբ Գրքին բանաւոր ըլլալը տեսնեն։

Օրինակ, թերեւս տեսանելի տիեզերքը մատնանշէք, ապացուցանելու համար որ Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի։ Կրնաք ձգողութեան նման բնութեան օրէնքներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, եւ պատճառաբանել որ այսպիսի օրէնքներուն առկայութիւնը ենթադրել կու տայ որ Օրէնսդիր մը կայ։ Ձեր տրամաբանութիւնը շիտակ պիտի ըլլայ, եթէ անիկա Աստուծոյ Խօսքին ըսածին հետ ներդաշնակ ըլլայ։ (Յոբ. 38։31-33. Սաղմ. 19։1. 104։24. Հռովմ. 1։20) Այսպիսի ապացոյց մը օգտակար է, քանի որ ցոյց կու տայ թէ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, նկատելի իրողութիւններուն հետ համապատասխան է։

Կը փորձէ՞ք անհատի մը օգնել որ տեսնէ թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ Կրնաք մէջբերել ասիկա հաստատող ուսումնականներու խօսքերը, բայց ասիկա բաւարար փա՞ստ մըն է։ Այսպիսի մէջբերումներ միայն կ’օգնեն այն մարդոց, որոնք կը յարգեն այդ ուսումնականները։ Կրնա՞ք գիտութիւնը գործածել փաստելու համար թէ Աստուածաշունչը ճշմարիտ է։ Եթէ որպէս հեղինակութիւն անկատար գիտնականներու կարծիքները գործածէք, խախուտ հիման վրայ կառուցանած կ’ըլլաք։ Միւս կողմէ, եթէ Աստուծոյ Խօսքով սկսիք, ապա նշէք Աստուածաշունչի ճշգրտութիւնը ցցուն ընող գիտական գիւտերը, ձեր պատճառաբանութիւնները հաստատուն հիմ մը կ’ունենան։

Ձեր փաստելիք կէտը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բաւարար ապացոյց ներկայացուցէք։ Ձեր ունկնդիրներէն կախեալ պիտի ըլլայ թէ ո՛րքան ապացոյցի պէտք ունիք։ Օրինակ, եթէ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մէջ նկարագրուած վերջին օրերու մասին կը խօսիք, կրնաք ձեր ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել հանրածանօթ տեղեկագրութեան մը վրայ, որ կը նշէ թէ մարդիկ «անգութ» են։ Այդ մէկ օրինակը կրնայ բաւարար ըլլալ փաստելու համար թէ վերջին օրերու նշանին այս երեսակը ներկայիս կը կատարուի։

Նմանութիւնը՝ իրարու հետ հասարակաց կարեւոր երեւոյթներ ունեցող երկու բաներու բաղդատութիւնը՝ կրնայ յաճախ օգտակար ըլլալ։ Նմանութիւնը ինքնին կէտ մը չի փաստեր. անոր վաւերականութիւնը պէտք է ստուգել Աստուածաշունչին ըսածով։ Բայց նմանութիւնը անհատի մը կ’օգնէ որ գաղափարի մը բանաւոր ըլլալը տեսնէ։ Այսպիսի նմանութիւն մը կարելի է գործածել, զոր օրինակ, բացատրելու համար թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է։ Կրնաք նշել որ մարդկային կառավարութեանց նման, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառավարիչներ, հպատակներ, օրէնքներ, դատական դրութիւն մը եւ կրթական դրութիւն մը ունի։

Իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ յաճախ կրնան գործածուիլ, Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելուն իմաստութիւնը ցոյց տալու համար։ Տրուած բացատրութիւն մը երկրորդելու համար անձնական փորձառութիւններ ալ կարելի է գործածել։ Օրինակ, երբ անհատի մը ուշադրութեան կը յանձնէք Աստուածաշունչ կարդալուն եւ ուսումնասիրելուն կարեւորութիւնը, կրնաք բացատրել թէ անիկա ընելը ի՛նչպէս բարելաւած է ձեր կեանքը։ Իր եղբայրները քաջալերելու համար, Պետրոս առաքեալ այլակերպութեան ակնարկում ըրաւ, որուն ականատես եղած էր։ (Բ. Պետ. 1։16-18) Պօղոս ալ իր անձնական փորձառութիւնները յիշեց։ (Բ. Կորն. 1։8-10. 12։7-9) Անշուշտ, հազուադէպօրէն ձեր անձնական փորձառութիւնները պէտք է գործածէք, որպէսզի ձեր անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրէք։

Քանի որ մարդիկ իրենց ենթահողով ու մտածելակերպով իրարմէ տարբեր են, մէկու մը համար համոզիչ եղող ապացոյց մը կրնայ չգոհացնել ուրիշ մը։ Հետեւաբար, ձեր ունկնդիրներուն տեսակէտները նկատի ունեցէք, երբ կ’որոշէք թէ ի՛նչ պատճառաբանութիւններ պիտի գործածէք եւ զանոնք ի՛նչպէս պիտի ներկայացնէք։ Առակաց 16։23–ը կը նշէ. «Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ»։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Փոխանակ պարզապէս հաստատումներ ընելու, կարեւոր կէտերուն թիկունք կանգնող գոհացուցիչ ապացոյցներ հայթայթեցէք։

  • Ձեր պատճառաբանութիւնները Սուրբ Գրքին վրայ հաստատեցէք։

  • Հիմնաւորուած ապացոյցներ գործածեցէք, որոնք կը համապատասխանեն ձեր նպատակներուն ու ձեր ունկնդիրներուն կարիքներուն։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. (1) Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գրքէն բացէք «Յիսուս Քրիստոս» գլխաւոր խորագիրը։ Նկատի առէք թէ հարցումներուն ի՛նչպէս պատասխանուած է, գլխաւոր շեշտը Աստուածաշունչին վրայ դրուելով։ (2) Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի մը առաջին յօդուածներու շարքը աչքէ անցուցէք։ Հոն մշակուած գլխաւոր կէտերէն քանի մը հատը ընտրեցէք։ Ընդգծեցէք գործածուած բանալի համարները եւ հիմնաւորուած ապացոյցները նշեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել