Կրնա՞ս ‘մեծ ու արդիւնաւոր դռնէ մը’ ներս մտնել
1. Մեր առջեւ ի՞նչպիսի «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բացուած է։
1 Երբ Պօղոս առաքեալին առջեւ «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բացուեցաւ, ան Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու այս պատեհութիւնը նախանձախնդրաբար օգտագործեց, հակառակ՝ բազմաթիւ հակառակորդներու ջանքերուն։ (Ա. Կորն. 16։9) Ներկայիս, աշխարհի տարածքին շուրջ 642,000 Թագաւորութեան հրատարակիչներ մեծ ու արդիւնաւոր դռնէ մը ներս մտած են՝ կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլալով։
2. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն է ժամանակ առ ժամանակ մեր պարագաները արժեւորել։
2 Պարագաները կը փոխուին. Թէեւ մեր ներկայ պարագաները կրնան մեր գործունէութիւնը սահմանափակել, բայց պարագաները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Հետեւաբար, խոհեմութիւն է ժամանակ առ ժամանակ մեր անձնական պարագաները արժեւորել եւ իտէալ պարագաներուն չսպասել։ (Ժող. 11։4) Երկրորդականէ շրջանաւարտ ըլլալու պատրաստուող պատանի՞ մըն ես։ Ծնող մըն ես, որուն զաւակները մօտ ատենէն դպրո՞ց պիտի յաճախեն։ Աշխարհիկ գործէն հանգստեան կոչուելո՞ւ կը պատրաստուիս։ Այսպիսի փոփոխութիւններ կրնան ազատ ժամանակ ընծայել քեզի ու հետեւաբար թոյլ տալ որ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ձեռնարկես։ Քոյր մը որ նախապէս վատ առողջութենէ կը տառապէր, 89 տարեկանին որոշեց ռահվիրայ մը ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան մէկ տարիէ ի վեր հիւանդանոց չէր մտած, ուստի խորհեցաւ թէ առայժմ իր առողջութիւնը իրեն կը թոյլատրէր ռահվիրայութիւն ընել։
3. Ոմանք ի՞նչպէս ճշդումներ ըրած են որպէսզի կանոնաւոր ռահվիրաներ ըլլան։
3 Պօղոսի պարագային, ան սկիզբը մտադրած էր Կորնթոսի եղբայրներուն այցելել։ Սակայն ան իր ծրագիրները ճշդեց բարի լուրին համար։ Ներկայիս կանոնաւոր ռահվիրաներէն շատեր ատեն մը ստիպուեցան կարգ մը ճշդումներ ընել, որպէսզի կարենան ռահվիրաներ ըլլալ։ Ոմանք իրենց կեանքը ա՛յնքան պարզացուցած են, որ մասնաժամով գործ մը բաւարար է իրենց առօրեայ ծախսերը հոգալու։ Անոնք իրենց ծառայութեան առանձնաշնորհումով կ’ուրախանան։ (Ա. Տիմ. 6։6-8) Կարգ մը ամոլներ փոփոխութիւններ ըրած են, որոնք իրենց թոյլ տուած են մէկ եկամուտով ապրուելու, ճամբան հարթելով որ կինը ռահվիրայութիւն ընէ։
4. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ վստահ չենք որ ժամերու պահանջին կրնանք գոհացում տալ։
4 Ռահվիրայութեան գաղափարը շուտով մի՛ վաներ, վախնալով թէ ժամերու պահանջին չես կրնար հասնիլ։ Օրական երկու ժամէն քիչ մը աւելի կը պահանջուի։ Եթէ վստահ չես որ կրնաս յաջողիլ, փորձէ մէկ կամ երկու ամիս օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, սակայն՝ 70 ժամ տեւող անձնական նպատակ մը դնելով։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ որ ռահվիրայութեան ուրախութիւնները ճաշակես։ (Սաղմ. 34։8) Խօսէ անոնց հետ որոնք այժմ ռահվիրաներ են։ Թերեւս անոնք ալ նոյնանման դժուարութիւններ յաղթահարած են։ (Առ. 15։22) Եհովայէ խնդրէ որ ծառայութիւնդ ընդարձակելու համար թափած ջանքերդ օրհնէ։—Ա. Յովհ. 5։14
5. Կանոնաւոր ռահվիրայութիւնը ինչո՞ւ արժէքաւոր հետապնդում մըն է։
5 Արժէքաւոր հետապնդում մը. Որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ ծառայելը բազմաթիւ օրհնութիւններ կը բերէ։ Անիկա թոյլ կու տայ որ աւելի տալէն յառաջ եկած մեծ ուրախութիւնը վայելես։ (Գործք 20։35) Ռահվիրայութիւնը Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը շիտակ բացատրելու կարողութիւնդ պիտի սրէ։ (Բ. Տիմ. 2։15) Անիկա յաւելեալ պատեհութիւններ պիտի տայ որպէսզի Եհովայի օգնական ձեռքը տեսնես։ (Գործք 11։21. Փիլ. 4։11-13) Ռահվիրայութիւնը նաեւ պիտի օգնէ որ հոգեւոր յատկութիւններ մշակես, ինչպէս՝ համբերատարութիւն, եւ Եհովայի աւելի մօտենաս։ (Յակ. 4։8) Կրնա՞ս այս մեծ ու արդիւնաւոր դռնէն մտնել եւ կանոնաւոր ռահվիրայ մը ըլլալ։