Ատեն մը կանոնաւոր ռահվիրայ էի՞ր
1. Շատեր ի՞նչ առանձնաշնորհում վայելած են, բայց ոմանք ի՞նչ հարկադրուեցան ընել։
1 Տարիներու ընթացքին, հազարաւորներ որպէս լիաժամ ծառայ՝ բարի լուրը ‘սորվեցնելու եւ քարոզելու’ առանձնաշնորհումը վայելած են (Գործք 5։42)։ Սակայն ոմանք, զանազան պատճառներով, ստիպուեցան ռահվիրայութիւնը չշարունակել։ Եթէ նախապէս կանոնաւոր ռահվիրայ մըն էիր, ներկայ պարագաներդ քննա՞ծ ես՝ տեսնելու համար եթէ կրնաս վերամիանալ ռահվիրայական շարքերուն։
2. Անցեալին ռահվիրայութիւն ընողները ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնեն իրենց ներկայ պարագաները։
2 Պարագաները կը փոխուին։ Կրնայ ըլլալ որ ռահվիրայութիւնդ դադրեցնող կացութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի։ Օրինակի համար, եթէ ռահվիրայութիւնը չշարունակեցիր, քանի որ չկրցար ամիսը 90 ժամ տրամադրելու պահանջին գոհացում տալ, հիմա որ պահանջը 70 ժամի իջած է, կրնա՞ս վերսկսիլ։ Ռահվիրայական շարքերը ձգելէդ ի վեր, գործի կարիքներդ կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններդ նուազա՞ծ են։ Քոյր մը, որ առողջապահական պատճառներով իր ռահվիրայութիւնը դադրեցուց, 89–ը տարեկանին կրցաւ ետ սկսիլ։ Ան աւելի քան մէկ տարի հիւանդանոց չէր գացած, եւ զգաց որ իր առողջութիւնը պիտի ներէր որ դարձեալ ռահվիրայութիւն ընէր։
3. Ընտանիքի անդամներ ինչպէ՞ս կրնան համագործակցիլ իրենցմէ մէկուն օգնելու որ ռահվիրայութիւն ընէ։
3 Թերեւս նախկին ռահվիրայ մը չես, բայց ընտանիքիդ մէկ անդամը ռահվիրայութիւնը դադրեցուց, որպէսզի տնեցիի մը հոգ տանի, ինչպէս՝ տարիքը առած ծնող մը (Ա. Տիմ. 5։4, 8)։ Եթէ պարագան այս է, կրնա՞ս դուն կամ ընտանիքիդ միւս անդամները ա՛լ աւելի օգնական ըլլալ։ Ինչո՞ւ հարցերը միասնաբար չքննարկէք (Առ. 15։22)։ Երբ տնեցիները կը համագործակցին, որպէսզի իրենցմէ մէկը կարենայ ռահվիրայութիւն ընել, բոլորը կրնան իրաւացիօրէն զգալ թէ անոր մէջ բաժին կը բերեն։
4. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ այժմ կարող չես ռահվիրայական շարքերուն վերամիանալ։
4 Մի՛ վհատիր եթէ ներկայ պարագաներդ թոյլ չեն տար որ վերսկսիս ռահվիրայութիւն ընել։ Զայս ընելու պատրաստակամութիւնդ Եհովան կը հաճեցնէ (Բ. Կոր. 8։12)։ Ներկայ ծառայութեանդ մէջ գործածէ այն հմտութիւնները, զորս ձեռք ձգեցիր երբ ռահվիրայ էիր։ Փափաքդ աղօթքի նիւթ դարձուր, եւ պարագաներդ յարմարցնելու պատեհութիւններուն նկատմամբ աչալուրջ եղիր (Ա. Յովհ. 5։14)։ Թերեւս ժամանակի ընթացքին, Եհովան քեզի «մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը» բանայ, որպէսզի վերստին կարենաս կանոնաւոր ռահվիրայութեան ուրախութիւնները վայելել (Ա. Կոր. 16։9)։