Մարտ 28–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՄԱՐՏ 28–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 123 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Վկայութիւն տանք գլուխ 1 պարբ. 16-21 (25 վյրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յոբ 11-15 (10 վյրկ.)
Թիւ 1. Յոբ 13։1-28 (4 վյրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Յիսուս ինչո՛ւ «շաբաթին տէրն է» (Մատ. 12։8) (5 վյրկ.)
Թիւ 3. Յիսուս մարդ չեղած՝ երկնքի մէջ գոյութիւն ունէ՞ր (rs էջ 216 պարբ. 4–էջ 217 պարբ. 1 [էջ 420 պարբ. 4-5, արաբ.]) (5 վյրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 212
5 վյրկ. Ծանուցումներ։ Ապրիլ ամսուան մէջ ներկայացուելիք հրատարակութիւնները նշէ, եւ պարբերաթերթերը ընդունողի մը վերայցելելու ատեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կերպը ցուցադրէ։
10 վյրկ. Տեղական ու համաշխարհային գետնի վրայ՝ Թագաւորութեան գործունէութեան թիկունք կանգնիլ։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Կազմակերպուած ենք գիրքին վրայ, էջ 127–էն մինչեւ էջ 129, պարբերութիւն 2։
10 վյրկ. Պատրաստուէ՛ Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2011 թիւը առաջարկելու՝ ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Քննարկութիւն։ Մէկ կամ երկու վայրկեան տրամադրէ պարբերաթերթին բովանդակութիւնը վերաքաղ ընելու։ Ապա երկու կամ երեք յօդուածներ ընտրէ, ու ներկաներէն խնդրէ որ առաջարկեն հարցումներ եւ համարներ, զորս կարելի է գործածել ներկայացումի մը մէջ։ Ցուցադրէ՛ պարբերաթերթը առաջարկելու կերպը։
10 վյրկ. «Ատեն մը կանոնաւոր ռահվիրայ էի՞ր»։ Հարց–պատասխան։ Եթէ մատչելի է, կարելի է հակիրճ հարցազրոյց ունենալ ռահվիրայի մը հետ, որ իր ռահվիրայութիւնը դադրեցուց, ապա վերադարձաւ ռահվիրայութեան երբ իր պարագաները փոխուեցան։ Ի՞նչ բան զինք կարող դարձուց որ դարձեալ ռահվիրայութիւն ընէ։ Ան ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած է։
Երգ 204 եւ աղօթք