Ձեր զաւակները մարզեցէք որ ծառաներ ըլլան
1. Սաղմոս 148։12, 13–ը քրիստոնեայ ծնողները կը խթանէ որ ի՞նչ ընեն։
1 Եհովա պատանիները կը հրաւիրէ, որ զինք փառաբանեն (Սաղ. 148։12, 13)։ Հետեւաբար, քրիստոնեայ ծնողները իրենց զաւակներուն աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ եւ Աստուծոյ բարոյական օրէնքները սորվեցնելէն աւելին կ’ընեն։ Անոնք նաեւ զանոնք կը մարզեն բարի լուրի ծառաներ ըլլալու։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ յառաջդիմական կերպով կատարուիլ։
2. Ծնողի մը լաւ օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել իր զաւակներուն։
2 Լաւ օրինակ։ Գեդէօն դատաւորը իր 300 տղամարդոց ըսաւ. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք» (Դատ. 7։17)։ Երեխաները բնականաբար իրենց ծնողները կը դիտեն ու կ’ընդօրինակեն։ Հայր մը գիշերները կ’աշխատի, բայց երբ շաբաթ առտու տուն կը վերադառնայ, քնանալու փոխարէն իր զաւակներով ծառայութեան կ’երթայ, թէեւ շատ յոգնած է։ Ան առանց որեւէ խօսքի, անոնց կը սորվեցնէ թէ ծառայութիւնը առաջնահերթութիւն է (Մատ. 6։33)։ Ձեր զաւակները կը տեսնե՞ն ձեզ, որ ուրախութեամբ կը մասնակցիք պաշտամունքի զանազան ձեւերուն, ինչպէս՝ աղօթել, Աստուածաշունչը կարդալ, մեկնաբանել ու քարոզել։ Անշուշտ, կատարեալ տիպար պիտի չըլլաք։ Բայց ձեր զաւակները աւելի հակամէտ պիտի ըլլան՝ Եհովան պաշտել սորվեցնելու ձեր ջանքին ընդառաջելու, եթէ տեսնեն ձե՛ր ժրաջանութիւնը իրեն ծառայելուն մէջ (Բ. Օր. 6։6, 7. Հռով. 2։21, 22)։
3. Ծնողներ իրենց զաւակներուն պիտի օգնեն, որ ի՞նչ յառաջդիմական հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն եւ անոնց հասնին։
3 Յառաջդիմական նպատակակէտեր։ Ծնողներ անխոնջօրէն կը մարզեն իրենց զաւակները, որ քալեն, խօսին, առանձին հագուին, եւ այլն։ Երբ զաւակներ աճման մէջ որոշ բաներ կ’իրագործեն, նոր նպատակակէտեր կը դրուին անոնց առջեւ։ Եթէ ծնողները քրիստոնեաներ են, իրենց զաւակներուն նաեւ կ’օգնեն որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն եւ անոնց հասնին, զաւակներու տարիքին ու կարողութիւններուն համաձայն (Ա. Կոր. 9։26)։ Ձեր զաւակներուն կը սորվեցնէ՞ք, որ իրենց բառերով մեկնաբանութիւններ ընեն եւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ իրենց բաժինները իրե՛նք պատրաստեն (Սաղ. 35։18)։ Զիրենք կը մարզէ՞ք, որ ծառայութեան զանազան երեսակներուն մասնակցին։ Մկրտութեան ու լիաժամ ծառայութեան նպատակակէտերը կը դնէ՞ք իրենց առջեւ։ Գործօն կերպով իրենց կ’օգնէ՞ք, որ ընկերակցին բերկրանքով լի խանդավառ աւետարանիչներու հետ, որոնք զիրենք պիտի քաջալերեն (Առ. 13։20)։
4. Երեխաները ինչպէ՞ս կ’օգտուին ունենալով ծնողներ, որոնք կը սկսին ծառայութեան մէջ զիրենք կանուխ տարիքէն մարզել։
4 Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի» (Սաղ. 71։17)։ Սկսեցէք ձեր զաւակները կանո՛ւխ տարիքէն մարզել որ ծառաներ ըլլան։ Այն հոգեւոր հիմը, զոր ձեր օգնութեամբ կը հաստատեն, անտարակոյս օգուտ պիտի բերէ՝ իրենց չափահասութեան ատենը (Առ. 22։6)։