Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/95 էջ 1
  • Ամէն Ատեն Եհովան Փառաբանենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն Ատեն Եհովան Փառաբանենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դեռատինե՛ր, Եհովան փառաբանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Առաջ Խնդրենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը՝ Ամէն Ատեն Օրհնութեան Պատարագ Մատուցանելով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Ամէն օր Եհովան փառաբանէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Ամէն Օր Եհովան Փառաբանենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 10/95 էջ 1

Ամէն Ատեն Եհովան Փառաբանենք

1 Մի քանի գործունէութիւններ կան որոնք այնքան կարեւոր են որ ամէն ատեն մեր ուշադրութեան արժանի են։ Անոնց մէջ կը պարփակենք ուտելը, շնչելը եւ քնանալը։ Ասոնք անհրաժեշտ են որպէսզի ֆիզիքապէս ողջ մնանք։ Պօղոս առաքեալ բարի լուրի քարոզչութիւնը նման կերպով դասաւորեց երբ յորդորեց. «Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք»։ (Եբր. 13։15) Ուստի, Եհովան փառաբանելը նաեւ արժանի է մեր յարատեւ ուշադրութեան։ Մենք պէտք է ջանանք զայն ընել ամէն օր, ամէն ատեն փառաբանելով մեր երկնաւոր Հայրը։

2 Երբ ուրիշներ փորձեցին իր ուշադրութիւնը այլուր դարձնել, Յիսուս ընդառաջեց. «Պէտք է ինծի որ . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ»։ (Ղուկ. 4։44) Անոր երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին, ամէն ինչ որ ըրաւ իւրաքանչիւր օր կերպով մը ուղղակիօրէն կապ ունէր Աստուած փառաւորելու հետ։ Գիտենք որ Պօղոս նոյն կերպով զգաց, Ա. Կորնթացիս 9։16–ի մէջ իր արտայայտած գաղափարին ի տես. «Վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ Ուրիշ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ ամէն ատեն պատրաստ ըլլան իրենց յոյսը պաշտպանելու ուրիշներու դիմաց։ (Ա. Պետ. 3։15) Այսօր հարիւր հազարաւոր նախանձախնդիր ռահվիրաներ եւ միլիոնաւոր հրատարակիչներ կը ջանան այսպիսի ընտիր օրինակներ ընդօրինակել։

3 Երբ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Տիպարին՝ յայտնաբերած սրտանց նախանձախնդրութեան վրայ կը խոկանք, կը մղուինք իր քայլերուն սերտօրէն հետեւելու։ (Ա. Պետ. 2։21) Երբեմն կը վհատինք երբ ստիպուած կ’ըլլանք ամէնօրեայ կեանքի խնդիրները դիմագրաւել։ Ի՞նչպէս կրնանք ամէն օր առիթներ օգտագործել Եհովան փառաբանելու երբ լման ժամանակով աշխարհային գործ մը կը վարենք։ Նաեւ, մենք չենք կրնար անտեսել ընտանեկան պարտաւորութիւնները որոնք մեզմէ շատ ժամանակ կ’առնեն։ Պատանիներուն մեծամասնութիւնը զբաղած է անհրաժեշտ առօրեայ ուսուցումով։ Ոմանք թերեւս կը զգան թէ կարելի չէ որ ամէն օր հանրապէս Եհովան փառաբանեն։ Երբեմն ոմանք թոյլ կու տան որ ամբողջ ամիս մը անցնի առանց բարի լուրը կերպով մը բաժնելու։

4 Երեմիա ետ քաշուող անձ մը չէր։ Երբ ատեն մը թերացաւ Եհովայի անունով խօսիլ, ան զգաց որ անտանելի կրակ մը իր մէջ կը վառէր։ (Երեմ. 20։9) Ուժեղ հակառակութեան դիմաց, Երեմիա ամէն ատեն կերպ մը գտաւ Եհովայի պատգամը ուրիշներու խօսելու։ Կրնա՞նք հետեւիլ անոր քաջութեան օրինակին եւ յարատեւել առիթներ փնտռելու մէջ որպէսզի մեր Ստեղծիչը իւրաքանչիւր օր փառաբանենք։

5 Եհովայի մասին մեր խօսիլը պէտք չէ սահմանուի ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ հրատարակիչներու հետ պաշտօնապէս՝ նախապէս որոշուած ժամանակներուն՝ վկայելուն։ Մենք պէտք ունինք միայն լսող ականջի մը։ Մենք ամէն օր շարունակաբար մարդոց կը հանդիպինք—անոնք մեր տունը կու գան, անոնց հետ կ’աշխատինք գործատեղը, անոնց հետ շարքի կը կենանք մեծ վաճառատան մէջ կամ անոնց հետ կը նստինք հանրակառքին մէջ։ Պահանջուածը միայն բարեկամական բարեւ մը եւ միտք գրգռող հարցում կամ նշմար մըն է որպէսզի խօսակցութիւն մը սկսի։ Շատեր ասիկա գտած են որ իրենց վկայութեան ամենէն արդիւնաբեր կերպն է։ Երբ շատ մը պատեհութիւններ ունինք ուրիշներու հետ բարի լուրին մասին խօսելու, կարելի չէ որ թոյլ տանք որ ամբողջ ամիս մը անցնի առանց Թագաւորութեան վկայութիւն մը տալու։

6 Եհովան փառաբանելու առանձնաշնորհումը երբեք վերջ պիտի չգտնէ։ Ինչպէս որ սաղմոսերգուն ցոյց տուաւ, ամէն շունչ ունեցող պէտք է Եհովան փառաբանէ, եւ վստահաբար կ’ուզենք պարփակուած ըլլալ։ (Սաղմ. 150։6) Եթէ մեր սիրտը մեզ կը մղէ որ ամէն ատեն այդպէս ընենք, օրական պատեհութիւններ պիտի օգտագործենք որպէսզի Եհովայի եւ իր Խօսքին մասին խօսինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել