Ժողովներուն Կանոնաւորաբար Յաճախելը Անհրաժեշտ Է Որպէսզի Հաստատ Կենանք
1 Պօղոս առաքեալ մեզ յորդորեց որ ‘հաւատքին մէջ առողջ’ մնանք։ (Տիտ. 1։9, 13) Ժողովքի հանդիպումներուն շինիչ խորհուրդներ նկատի կ’առնենք եւ կը սորվինք ի՛նչպէս հոգեւոր սպառազինութիւնը լման կերպով մեր վրայ հագնինք այնպէս որ կարենանք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել»։—Եփ. 6։11. Փիլ. 4։8
2 Ժողովները կը Հայթայթեն Մեզի Պէտք Եղածը. Ժողովքի հանդիպումներուն կանոնաւորաբար յաճախելը անհրաժեշտ է որպէսզի հաստատ կենանք։ (Ա. Կորն. 16։13) Ժողովներուն աղօթքներ կը մատուցանուին Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ զինք փառաբանելու, ինչպէս նաեւ ժողովքին եւ անոր կարիքներուն ի նպաստ իրեն աղաչելու։ (Փիլ. 4։6, 7) Թագաւորութեան երգեցողութիւններուն մասնակցիլը մեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ ու կարելի կը դարձնէ որ մեր խոր զգացումները արտայայտենք մինչ Եհովան կը պաշտենք։ (Եփ. 5։19, 20) Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներէն առաջ ու վերջ իրարու հետ մեր ընկերակցիլը մեզ կը քաջալերէ, կը կերտէ եւ կը թարմացնէ։—Ա. Թես. 5։11
3 Անցեալ Ապրիլին, «Սուտ Կրօնքին Վախճանը Մօտ Է» խորագրով մասնաւոր դասախօսութիւնը ճշմարտութիւն սիրողներուն մտքին մէջ ուժգնօրէն դրոշմեց Մեծն Բաբելոնէն դուրս ելլելու անմիջական քայլը առնելու ստիպողականութիւնը։ (Յայտ. 18։4) Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն ընթացքին, որքա՜ն ոգեւորիչ էր նկատի առնել Անգլերէն Դիտարանի ուսումնասիրութեան երեք յօդուածներ լոյսի ճառագայթներու մասին, որոնք արդարներուն ճամբան լուսաւորած են։ (Առ. 4։18) Պահ մը խորհինք թէ ի՛նչ պիտի կորսնցնէինք եթէ անտեսէինք այդ ժողովներուն ներկայ գտնուիլը։
4 «Ուրախ Փառաբանողներ» խորագրով մեր Նահանգային Համաժողովին, շեշտ դրուեցաւ այն ուսման կարիքին վրայ որ մեր ծառայութեան կը նպաստէ։ Ինչպէս որ Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գիրքը կը մատնանշէ էջ 72–ին մէջ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հայթայթում մըն է ամբողջ ժողովքին յառաջդիմական կրթութեան համար։ Յունուարէն սկսեալ, յայտագրին մէկ երեսակը մեզի պիտի օգնէ որ աւելի ծանօթանանք կազմակերպութեան արդի պատմութեան, գործածելով Հրատարակողներ գիրքը։ Մենք չենք ուզեր այս կրթութեան պատեհութիւնը փախցնել։
5 Մեր Ծառայութեան Ժողովը մեզ կը զինէ որ աւելի ազդեցիկ ըլլանք ծառայութեան մէջ։ Ասիկա լուսաբանուեցաւ այն ժողովով որու մէջ հրահանգներ ստացանք որ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 34–ը ընդարձակօրէն ցրուենք։ Եհովայի օրհնութիւնները այս գործին վրայ ճոխ էին, ինչպէս կը տեսնուին ձեռք ձգուած բացառիկ արդիւնքներով համայն աշխարհի մէջ։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 9։6, 7։) Ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախողները քաջալերուեցան եւ օգնեցին որ մէջտեղ գայ արշաւին տրուած աջակցութիւնը։
6 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ, մեր հաւատքը զօրացաւ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ ճշգրիտ ըլլալուն առնչութեամբ, ուսումնասիրելով Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։ Այժմ մենք աւելի լաւ զինուած ենք որ Աստուածաշունչը պաշտպանենք ու ուրիշներու օգնենք որ ընդունին անոր վաւերականութիւնը։
7 Նախապատուութիւնը Տանք ժողովներուն Կանոնաւորաբար Յաճախելուն. Շատ մը երկիրներու մէջ ուր մեր եղբայրները նեղութիւններու մատնուած են, անոնք տակաւին կը գիտակցին թէ որքա՜ն կենսական է որ իւրաքանչիւր շաբաթ իրարու հետ հաւաքուին։ Օրինակի համար, Պուրունտիի, Րվանտայի, Լիպերիոյ եւ Պոզնիա ու Հերցեկովինիոյ մէջ, ժողովներուն այնքան շատ նորեկներ ներկայ կ’ըլլան որ ներկաներուն թիւը հրատարակիչներուն ընդհանուր թիւէն երկու կամ երեք անգամ աւելի է։ Այս կերպով Եհովա կ’օգնէ եղբայրներուն որ հաստատ մնան մէկ հոգիով։—Փիլ. 1։27. Եբր. 10։23–25
8 Ոեւէ անհատ որ թերեւս կ’անտեսէր ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախելը, պէտք է հիմա քայլեր առնէ այս հակումը սրբագրելու։ (Ժող. 4։9–12) Որպէսզի հաստատ կենանք, մենք հասուն անհատներու հետ փոխադարձ քաջալերութեան կարիքը ունինք, ինչ որ կը հայթայթուի ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախելով։—Հռովմ. 1։11