Ծառայութեան Ժողովներ Յունուար Ամսուան Համար
Յունուար 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 113
7 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
13 վյրկ. «Ներատեսութեամբ Քարոզենք»։ Գլխաւոր կէտերը նկատի առ, իսկ մէկ կամ երկու ներկայացումներ թող ցուցադրուին։ Ժողովքին տեղեակ պահէ թէ ի՛նչ հին գրքեր մատչելի են։
25 վյրկ. «1996–ի ‘Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ’ Բնաբանով Եհովայի Վկաներու Նահանգային Համաժողով»։ Քարտուղարը թող յօդուածը հարց–պատասխանով ծածկէ։ Նախ, կարդա 15 Դեկտեմբեր 1995–ի նահանգային համաժողովի նշանակումի նամակը։ Ապա, յօդուածին երրորդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, կարդա Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկին բացման ու փակման պարբերութիւնները։ Շեշտէ որ բոլորն ալ Յանձնարարուած Վարձասենեակներու Ցանկէն իջեւան պէտք է ընտրեն, անհատ մը ներկայ գտնուի տեղակա՛ն կամ նշանակուած շրջանէն դուրս եղող համաժողովի մը, ինչպէս յօդուածին 12–րդ պարբերութեան մէջ նշուած է։ «Ձեր Համագործակցութիւնը կը Գնահատենք» խորագրով բաժինին մէջ, շեշտէ որ Աստուածաշունչի սկզբունքները ինչպէս՝ պարկեշտութիւնը, հնազանդութիւնը, ուրիշներու հանդէպ սիրալիր նկատառութիւնը եւ այլն, կը կիրարկուին նոյնիսկ եթէ թուի որ ժողովքին մէջ ո՛չ մէկը պանդոկի սենեակներ պիտի գործածէ։ Գովէ զանոնք որոնք Ընկերութեան իջեւանելու կարգադրութեան հետ կը համագործակցին։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 138
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Պատշաճօրէն գովէ ժողովքը բարի լուրը քարոզելու տեղական եւ համաշխարհային գործին նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն համար։
15 վյրկ. Բժշկական Կանխաւ Ցուցմունքի/Զերծումի Քարտին Պաշտպանական Արժէքը։ Երէց մը ժողովքին հետ նկատի կ’առնէ թէ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր անհատ Բժշկական Կանխաւ Ցուցմունքի/Զերծումի քարտը (Advance Medical Directive/Release) պատշաճօրէն լեցնէ ու ամէն ատեն իր հետ կրէ, իսկ երախաները՝ միշտ Անձնագիրը (Identity Card) իրենց հետ ունենան։ Ինչպէս իր խորագիրը կը թելադրէ, քարտը կանխաւ նշմար կը հայթայթէ որ բժշկական հոգատարութեան առնչութեամբ ի՛նչ ընդունելի է (կամ ընդունելի չէ)։ Այս կարգադրութիւնը ինչո՞ւ ամէն տարի կ’ըլլայ։ Ընթացիկ քարտը աւելի համոզիչ է քան քարտ մը որ կրնայ հինցած կամ այլեւս անհատին համոզումները չներկայացնող նկատուիլ։ Երբ խօսելու անկարող էք, այս փաստաթուղթը ձեր մասին պիտի խօսի։ Քարտերը այս իրիկուն պիտի բաշխուին։ Անոնք տան մէջ ուշադրութեամբ պէտք է լեցուին, բայց առանց ստորագրուելու։ Ինչպէս կարգադրութիւն եղաւ վերջին երկու տարիներուն, ձեր ստորագրելը եւ վկաներուն ստորագրելը տեղի պիտի ունենան Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վայրերուն մէջ, Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչներուն վերահսկողութեան ներքեւ։ Որպէս վկաներ ստորագրողները իրապէս պէտք է տեսնեն, երբ անհատը իր քարտը կը ստորագրէ։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ Յունուար 15–ով սկսող շաբթուան ընթացքին, գրքի ուսումնասիրութենէն ետք։ (Տես՝ Յունուար 1994 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 2–րդ էջը, այս կարգադրութեան մանրամասնութիւններուն համար։ Նաեւ 15 Հոկտեմբեր 1991 թուակիր նամակը նկատի առ։) Բոլոր մկրտուած հրատարակիչները կրնան Բժշկական Կանխաւ Ցուցմունքի/Զերծումի քարտը լեցնել։ Չմկրտուած հրատարակիչները, այս քարտին գործածած մեթոտը իրենց պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, կրնան իրենց անձնական ցուցմունքը գրել։ Ծնողներ կրնան իրենց չմկրտուած զաւակներուն օգնել Անձնագիրը լեցնելու։ Հակիրճօրէն յիշէ Դեկտեմբեր 1995 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփին մէջ ներկայացուած կարգադրութիւնը՝ առողջապահական փոխանորդագրի թղթիկները լեցնելու նկատմամբ, ոեւէ հրատարակիչի կողմէ որ կը փափաքի այդպէս ընել։
20 վյրկ. «Կատարողներ Ըլլանք—Ոչ Միայն Լսողներ»։ Հարց–պատասխանով յօդուածը նկատի առ։ Ժամանակին ներած չափով, հնազանդութեան կարեւորութիւնը բացատրէ, օգտագործելով Խորաթափանց Ակնարկ գրքին Հատոր Բ., էջ 521, պարբերութիւն 1 եւ 2–ը։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 77
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Համառօտօրէն խօսիր թաղամասին մէջ տունը–չեղողներու խնդրին մասին։ Քաջալերէ հրատարակիչները որ ժամանակը օգտագործեն, նախաձեռնութիւնը առնելով այն անհատներու մօտենալու որոնք փողոցը կը քալեն, մայթին վրայ կեցած են կամ ինքնաշարժներու մէջ նստած են։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ (Կամ՝ «Ստիպողականութեան Ձեր Զգացումը Պահպանեցէք», դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան Հոկտեմբեր 1, 1995–ի Անգլերէն թիւին վրայ, էջ 25–28։)
18 վյրկ. «Վերադառնանք՝ Ոմանց Փրկելու Համար»։ Թելադրուած ներկայացումները վերաքաղ ըրէ։ Նոր գրքով՝ Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ՝ ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը յանձնարարէ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «1996–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Օգտուինք—Մաս Ա.»։ Դասախօսութիւն՝ դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Վերաքաղ ըրէ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի թելադրութիւններուն մէջ աշակերտական նշանակումներուն համար հայթայթուած ուղղութիւնները, որոնք Հոկտեմբեր Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին հետ հրատարակուած են։
20 վյրկ. «Համարձակութեամբ Խօսինք»։ Դասախօսութիւն եւ խօսակցութիւն երէցի մը կողմէ։ Վերաքաղ ըրէ Կիրակի օրուան ծառայութեան տեղական կարգադրութիւնները։ Ժողովքը գովաբանէ ցուցաբերուած լաւ աջակցութեան համար, եւ թելադրութիւններ ներկայացուր եթէ բարելաւման կարիք կայ։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 29–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Աննպաստ Օդին Ընթացքին Վկայել։ Ձմրան ամիսներուն, շատեր ցուրտին, ձիւնին կամ անձրեւին հետ պէտք է գլուխ ելլեն։ Երեք կամ չորս հրատարակիչներ կը բացատրեն թէ ի՛նչպէս հակառակ աննպաստ օդին կը շարունակեն լաւ մասնակցութիւն բերել ծառայութեան մէջ։ Շատ մը ժողովքներ ամրան ամիսներուն գիւղային շրջաններու թաղամասերը կ’աշխատցնեն, ձմրան ընթացքին քաղաքի թաղամասերուն վրայ կը կեդրոնանան եւ դաշտի ծառայութեան ժողովները կը կարգադրեն որ թաղամասին մէջ տեղի ունենան, որպէսզի յաւելեալ երթեւեկէ խուսափին։ Ոմանք թաղամասին մէջ յարկաբաժիններէ բաղկացած շէնքերը կը խնայեն աննպաստ օդ ունեցող օրերու համար։ Ինքնաշարժի պզտիկ խումբեր կազմեցէք, որպէսզի չափազանց սպասումէ խուսափիք։ Տունէ–տուն ծառայութիւնը ընդմիջեցէք, մի քանի վերայցելութիւններ ընելով։ Յարմար կերպով հագուեցէք, որպէսզի չմսիք ու չթրջուիք։ Երբ տունէն դուրս ելլելը իմաստութիւն չէ, հեռաձայնը գործածեցէք կամ նամակ գրեցէք։ Նկատի առէք որեւէ ուրիշ գաղափար որ ձեր շրջանին մէջ գործնական է։
20 վյրկ. Փետրուար Ամսուան Ընթացքին Յայտնութեան Յանգումը Գիրքը Ներկայացնենք։ Բացատրէ թէ ինչո՛ւ Յայտնութեան գիրքը երկար ժամանակէ ի վեր որպէս մեր հասկացողութենէն վեր եղող խորհուրդ մը նկատուած էր։ Վերաքաղ ըրէ 8–րդ էջի 6–9–րդ պարբերութիւնները, ցոյց տալով թէ ինչո՛ւ այս գրքին կարիք կայ։ Քաջալերէ հրատարակիչները որ այս գաղափարները ի մտի ունենան, որպէսզի դռներու առջեւ զանոնք օգտագործեն որպէս խօսակցական կէտեր։ «Յայտնութիւն Գրքին Կազմութիւնը» խորագրով շրջագծին ակնարկէ, էջ 98–99–ի վրայ, եւ ցոյց տուր ինչպէ՛ս զայն գործածել Յայտնութիւն գրքին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար։ Ուշադրութեան յանձնէ կողքին ներսի կողմը եղող ուշագրաւ պատկերները եւ բացատրէ ինչպէ՛ս զանոնք գործածել խօսակցութիւն մը սկսելու համար։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ օրինակներ առնեն ծառայութեան մէջ գործածելու համար այս շաբաթավերջին։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։