Յիսուսը Ընդօրինակելով՝ Ամէն Օր Ճշմարտութիւնը Ծանուցանենք
1 Երբ երկիր եկաւ, Յիսուս կատարելիք մասնայատուկ գործ մը ունէր։ Ատիկա յատկանշականօրէն պարզ էր. ‘Ճշմարտութեան համար վկայել’։ (Յովհ. 18։37) Ան իր Հօր սքանչելի յատկութիւններուն ու նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը ծանուցանեց։ Այս գործունէութիւնը իրեն համար կերակուրի պէս էր. իր ամբողջ կեանքը անոր վրայ կը կեդրոնանար։ (Յովհ. 4։34) Ղուկաս տեղեկագրեց որ Յիսուս «ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր»։ (Ղուկ. 19։47) Յիսուս մատչելի եղած ժամանակը լման կերպով գործածեց։ (Յովհ. 9։4) Իր մահէն ճիշդ առաջ, ան իր Հօր կրցաւ ըսել. «Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի»։—Յովհ. 17։4
2 Երբ մեր սրտերը գնահատութեամբ լեցուին Եհովայի մեզի համար ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ, մենք ալ նոյնպէս կը մղուինք ամէն օր Եհովայի մասին խօսելու։ Ճիշդ Յիսուսի աշակերտներուն նման կ’ըլլանք, որոնք համարձակօրէն յայտարարեցին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ (Գործք 4։20) Եհովայի մասին անոնց խօսիլը շարունակական էր, քանի որ արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ «ամէն օր . . . չէին դադարիր . . . քարոզելէ»։ (Գործք 5։42) Մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Ուսուցիչս՝ Յիսուսը՝ կ’ընդօրինակե՞մ’։
3 Ստիպողականութեամբ Քարոզենք. Յիսուս գուշակեց որ երբ Թագաւորութեան պատգամը բովանդակ աշխարհի մէջ յայտարարուի, «վերջը պիտի գայ»։ (Մատթ. 24։14) Ասիկա մեր մտքերուն մէջ պէտք է դրոշմէ մեր գործին կարեւորութիւնը ու ստիպողականութիւնը։ Միլիոնաւոր անհատներու կեանքերը վտանգի մէջ ըլլալով, մեր գործը ընելիք ամենակարեւոր կամ ամենէն օգտակար բանն է։ Քանի որ իրերու այս դրութիւնը իր վախճանին կը մօտենայ, այս գործը ամբողջացնելու ժամանակը կը նուազի։
4 Տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան որ Եհովա կ’արագացնէ ոչխարանման անհատներու հաւաքումը։ (Եսայ. 60։22, ՆԱ) Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, մարդիկ բառացիօրէն կը խուժեն ճշմարտութեան մէջ, արդարեւ ուրախութեամբ յայտարարելով. «Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է»։ (Զաք. 8։23) Որեւէ ժամանակէ աւելի, Յիսուսի խօսքերը ճշմարիտ են. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ։ . . . Հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ (Մատթ. 9։37, 38) Ասիկա մեզ չի՞ ներշնչեր որ Յիսուսի աշակերտներուն պէս նախանձախնդիր ըլլանք, որոնք «ամէն ատեն տաճարին մէջ էին ու կը գովաբանէին եւ Աստուած կ’օրհնէին»։—Ղուկ. 24։53
5 Ճշմարտութիւնը Ամէն Օր Ճանչցնենք. Ամէն օր կերպեր պէտք է փնտռենք ճշմարտութիւնը ուրիշներու հաղորդելու համար։ Պատեհութիւնները դիւրամատչելի են։ Կրնա՞ք մի քանի վայրկեան տրամադրել բարեկամի մը կամ ծանօթի մը հեռաձայնելու, որ թերեւս ընդառաջող է։ Կամ կրնա՞ք տունը–չգտնուող անհատի մը նամակ գրել։ Երբ գնում կ’ընէք, կը փորձէ՞ք խանութպանին թերթիկ մը ներկայացնել։ Հաւանաբար, կրնաք խորհիլ շատ մը ուրիշ պատեհութիւններու մասին զորս ամէն օր ունիք, ուրիշներու հետ ձեր յոյսը բաժնելու համար։ Եթէ ջանք թափէք ու համարձակութիւն ցուցաբերէք, Եհովա պիտի օգնէ ձեզի։—Ա. Թես. 2։2
6 Արդ, երբ իւրաքանչիւր օրուան գործունէութիւնը կը սկսինք, մենք մեզի հարց տանք. ‘Եթէ այսօր առիթը հանդիսանայ, նախաձեռնութիւնը պիտի առնե՞մ յոյսս մէկու մը հետ բաժնելու’։ Յիսուսի մտավիճակը ընդօրինակենք, որ բացատրեց թէ ինչո՛ւ երկիր ղրկուեցաւ. «Պէտք է ինծի որ . . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ»։ (Ղուկ. 4։44) Եթէ կը փափաքինք մեր Ուսուցիչին պէս ըլլալ, մենք ալ նոյնը պիտի ընենք։—Ղուկ. 6։40