Ծառայութեան Ժողովներ Փետրուար Ամսուան Համար
Փետրուար 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Յիսուսը Ընդօրինակելով՝ Ամէն Օր Ճշմարտութիւնը Ծանուցանենք»։ Յօդուածը հարց–պատասխանով նկատի առ։ Կարդա 5–րդ պարբերութիւնը։
20 վյրկ. «Յայտնութիւն Գիրքը—Իրական Ուրախութեան Բանալի մը»։ Բացատրէ թելադրուած ներկայացումները ու կարգադրէ մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ։ Վերյիշեցուր հրատարակիչներուն որ բացատրեն ի՛նչպէս նուիրատուութիւն մը ընել համաշխարհային գործունէութեան համար։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Ծանուցանէ դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները Փետրուար 19–ին համար։
13 վյրկ. «Ապրիլի Ընթացքին Պարբերաթերթի Գործունէութեան Պատրաստուինք»։ Ցցուն ըրէ Դիտարանի ու Զարթի՛րի արժէքը բարի լուրը տարածելու մէջ։ Կարդա յօդուածին երկու պարբերութիւնները ու բացատրէ թէ ժողովքը ի՛նչ պիտի ընէ Ապրիլը պարբերաթերթեր բաշխելու մասնաւոր ամիս մը դարձնելու համար։
22 վյրկ. «Ի՞նչպէս Կրնամ Տանտէրը Մղել որ Մտիկ Ընէ»։ Յօդուածը հարց–պատասխանով նկատի առ։ Կարգադրէ որ երկու հրատարակիչներ բացատրեն թէ ի՛նչպէս պիտի փորձեն աւելի ջերմութիւն ցուցաբերել երբ դռներու առջեւ խօսակցին, գործածելով Դպրոցի Ուղեգիրքին մէջ տրուած կարգ մը թելադրութիւնները, էջ 165–167, պարբերութիւն 10–21։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «1996–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Օգտուինք—Մաս Բ.»։ Դասախօսութիւն դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալու կարիքը շեշտէ։
20 վյրկ. «Անոնց Օգնենք որ Հասկնան»։ Վերաքաղ ըրէ վերայցելութիւններ ընելու համար թելադրուած ներկայացումները։ Երէց մը երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ Յայտնութեան Յանգումը գրքին երեսակները նկատի կ’առնէ ու կը բացատրէ ի՛նչպէս զանոնք ուշագրաւ դարձնել։ Թող մէկ կամ երկու ներկայացումներ ցուցադրուին։ Թելադրութիւններ ներկայացուր թէ ի՛նչպէս հետաքրքրութիւնը զարգացնել մինչեւ այն աստիճան որ կարելի ըլլայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատել Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Գրաւիչ Ներկայացումներ Պատրաստենք։ Ծառայութեան տեսուչը կամ ուրիշ երէց մը երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ նկատի կ’առնէ տեղականօրէն հետաքրքրական բան մը ուշագրաւ դարձնող տունէ–տուն ներկայացումներ ունենալու օգուտները։ Օրինակի համար, տեղական մամուլէն քաղուած տեղեկագրութիւններ կենսավիճակը բարելաւելու ընթացիկ ջանքերուն մասին. ամուսնական խնդիրներուն շատնալը, պարտազանց զաւակները կամ գործ գտնելու դժուարութիւնները. կամ տեղական լուրեր որոնք ցոյց կու տան թէ ինչո՛ւ մարդիկ երթալով աւելի կասկածոտ կը դառնան քաղաքագէտներու ու կղերներու առաջարկած լուծումներուն նկատմամբ։ Յիշէ կարգ մը տեղական ընթացիկ լուրեր ու բացատրէ ի՛նչպէս զանոնք գործածել խօսակցութիւններ սկսելու համար։
20 վյրկ. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ Գիրքը Մարտ Ամսուան Ընթացքին Ներկայացնենք։ Գրքին կարգ մը հետաքրքրական երեսակներուն մատնանշէ, զորս կարելի է գործածել խօսակցութիւններ սկսելու համար։ (1) Ուշադրութեան յանձնէ ուշագրաւ պատկերները, ինչպէս՝ էջ 4–5, 86, 124–125, 188–189–ի վրայ գտնուող պատկերները։ (2) Ցոյց տուր թէ իւրաքանչիւր գլուխ կը վերջանայ վերաքաղի հարցումներու ցանկով մը ու բացատրէ ի՛նչպէս զանոնք գործածել որպէս ներկայացումներուն հիմը։ Տանտիրոջ կարելի է հարցնել թէ կը փափաքի՞ պատասխանները գիտնալ։ Ընտրէ կարգ մը հարցումներ էջ 11, 22, 61, 149–ի վրայ գտնուող ցանկերէն։ (3) Ակնարկէ էջ 102–ի վրայ եղող շրջագծին ու ցոյց տուր ի՛նչպէս «Վերջին Օրերուն Կարգ մը Երեսակները» գործածել հետաքրքրութիւն շարժելու համար։ (4) Շեշտէ թէ այս գիրքը յատկապէս ծրագրուած է յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։ Գլուխները կարճ են, նիւթերը դիւրահասկնալի են, զօրեղ համարներ մէջբերուած են ու հարցումները բանալի կէտերուն վրայ կը կեդրոնանան։ Բոլորը քաջալերէ որ գիրքը ներկայացնեն ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտով։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։