Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Փետրուարին. Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել կամ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւն մը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի աշխատցուած թաղամասին համար, կարելի է նաեւ որեւէ գրքոյկ գործածել (Կրթութիւն եւ Դպրոց գրքոյկներէն զատ)։ Եթէ վերայցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն յայտնաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն առաջարկել։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք ապսպրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թղթիկին (S-14) միջոցաւ։
◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը պէտք է վերաքաղ ընեն։ Եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը դժուարութիւն ունի ժամերու պահանջին գոհացում տալու, երէցները պէտք է կարգադրեն օժանդակութիւն հայթայթելը։ Վերաքաղ ըրէք Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին ներածականին 12–20–րդ պարբերութիւնները։
◼ Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 2 Ապրիլ 1996–ին։ Թէեւ դասախօսութիւնը կրնայ կանուխ սկսիլ, հաճեցէք վերյիշել թէ Յիշատակատօնի հացն ու գինին միայն արեւնամուտէն ետք պէտք է ներկայացնել։ Տեղական աղբիւրներէ ստուգեցէք արեւնամուտին ատենը ձեր շրջանին մէջ։ Դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ, այդ թուականին որեւէ ժողով պէտք չէ վարուի։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար ժողով կ’ունենայ Երեքշաբթի օրը, կրնաք ուրիշ օր մը այդ ժողովը ընել եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը փափաքին Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել, հիմա պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրները շուտով յանձնեն։ Ասիկա երէցներուն պիտի օգնէ որ դաշտի ծառայութեան անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար պարբերաթերթեր եւ ուրիշ գրականութիւններ ապահովեն։
◼ Շաբաթ 11 Մայիս 1996–ին, Ընկերութեան դիւրութիւնները Նիւ Եորքի՝ Պրուքլինի, Ուոլգիլի ու Փէթըրսընի մէջ, փակ պիտի ըլլան գարնան մաքրութեան համար։ Հետեւաբար, կարգադրութիւններ պիտի չըլլան շրջագայութեան համար կամ ժողովքներու համար որ գրականութիւններ առնեն այդ օրը։
◼ Օրինական նիւթերու ծրար մը մատչելի է այն հրատարակիչներուն օժանդակելու, որոնք զաւակները վերահսկելու ու այցելելու հարցերու վերաբերեալ դատերու մէջ պարփակուած են, ուր մեր կրօնքը յարձակման ենթարկուած է։ Միայն երէցներու մարմինը պէտք է խնդրէ ծրարը այն պարագային, երբ բացայայտ է որ հրատարակիչին կրօնական հաւատալիքներուն շուրջ վէճ պիտի դառնայ։ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1988 թիւին էջ 2–14–ին մէջ ու Զարթի՛ր 22 Ապրիլ 1991 թիւին էջ 9–ի շրջագծին մէջ, օգտակար տեղեկութիւններ կան անոնց համար, որոնք ոչ–կրօնական հարցեր կը դիմագրաւեն զաւակները վերահսկելու կամ այցելելու առնչութեամբ եղած դատերուն մէջ։