Ի՞նչպէս Կրնամ Տանտէրը Մղել Որ Մտիկ Ընէ
1 Փիլիպպէ քաղաքին մէջ, «ծիրանավաճառ կին մը Լիդիա անուն, . . . մտիկ կ’ընէր. որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ»։ (Գործք 16։14) Այս դէպքը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Երբ տանտէրը մտիկ կ’ընէ, դուռը կը բացուի որ ճշմարտութիւնը սորվի։ Թագաւորութեան պատգամը բաժնելու մէջ մեր յաջողութիւնը գլխաւորաբար կախեալ է տանտիրոջ մտիկ ընելու կամեցողութենէն։ Անգամ մը որ տանտէրը մտիկ ընէ, յարաբերաբար դիւրին կ’ըլլայ մեր պատգամը ներկայացնելը։ Սակայն, մէկը մտիկ ընելու մղելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Ի՞նչ կրնանք ընել։
2 Ծառայութեան մասնակցելէ առաջ, պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք մեր արտաքին երեւոյթին ու մեր գործածելիք իրերուն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդիկ աւելի հակամէտ են ինքզինք լրջութեամբ ներկայացնող անհատի մը մտիկ ընելու։ Մեր հագուելակերպը ճաշակաւոր ու համե՞ստ է։ Աշխարհին մէջ թափթփած հագուիլը ժողովրդական ըլլալով հանդերձ, մենք այսպիսի անհոգութենէ կը խուսափինք, քանի որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ներկայացնող ծառաներ ենք։ Մեր մաքուր ու կոկիկ երեւոյթը յաւելեալ նպաստաւոր վկայութիւն կու տայ մեր քարոզած Թագաւորութեան պատգամին։
3 Բարեկամական ու Յարգալից Ըլլանք. Հակառակ ներկայ փոխուող կեցուածքներուն, շատեր տակաւին Աստուածաշունչին հանդէպ յարգանք ունին ու նպաստաւոր կերպով պիտի ընդառաջեն Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին եղած յարգալից ու բարեկամական խօսակցութեան։ Ջերմ, հարազատ ժպիտ մը կրնայ տանտէրը հանգստացնել ու ճամբան բանալ հաճելի խօսակցութեան մը։ Մեր անկեղծութիւնն ու քաղաքավարութիւնը նաեւ պէտք է ցոլացուին մեր խօսելակերպին ու վարքին մէջ, ի ներառեալ տանտիրոջ դիտողութիւններուն յարգանքով մտիկ ընելը։
4 Մեր նպատակն է ուրիշներու հետ Աստուածաշունչի ներկայացուցած յոյսը բաժնել։ Ասիկա ի մտի ունենալով, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր խօսակցութիւնը գրաւիչ է, ո՛չ թէ թշնամական կամ ասպարէզ կարդացող։ Պէտք չէ ժամանակ վատնենք վիճաբանելով անհատի մը հետ որ յստակօրէն հակառակորդ է։ (Բ. Տիմ. 2։23–25) Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին ու Պատճառաբանել գրքին մէջ մեզի համար հայթայթուած քաջալերական ու այժմէական այլազան ներկայացումներէն կրնանք ընտրել։ Անշուշտ, այս ներկայացումները պէտք է լաւ պատրաստենք, որպէսզի կարենանք ջերմ ու համոզիչ կերպով խօսիլ։—Ա. Պետ. 3։15
5 Մեր առաջին հանդիպումէն ետք, տանտէրներէն քիչեր կրնան ճիշդ մեր ըսածը յիշել։ Սակայն, գրեթէ բոլորն ալ կրնան մեր խօսած կերպը յիշել։ Բնաւ պէտք չէ թերագնահատենք բարութեան ու ազնուութեան զօրութիւնը։ Վստահաբար բազմաթիւ ոչխարանման մարդիկ կան մեր թաղամասերուն մէջ, որոնք ճշմարտութեան մտիկ պիտի ընեն ճիշդ ինչպէս առաջին դարուն Լիդիա մտիկ ըրաւ։ Մեր արտաքին երեւոյթին ու խօսելակերպին սուր ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ անկեղծ անհատները քաջալերել որ Աստուծոյ Խօսքին մտիկ ընեն ու զայն ընդունին։—Մար. 4։20