ՃԻԳ ԹԱՓԵՑԷՔ ՄՏԻԿ ԸՆՈՂ ԱԿԱՆՋ ԳՏՆԵԼՈՒ
1 Շատ մը մարդիկ որոնց կը հանդիպինք մեր տունէ–տուն ծառայութեան ատեն, հոգեւոր բաներու մասին չեն մտածեր։ Անոնք թերեւս մտազբաղ են ընտանիքի անդամներով, տնտեսական դժուարութիւններով կամ անձնական խնդիրներով։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար, յաճախ լաւագոյն բանն է խօսիլ շրջակայքի մէջ շատերը հետաքրքրող նիւթերու մասին։ Հարցումներ կարելի է գործածել հետաքրքրութիւն գրգռելու համար, քանի որ ասիկա տանուտէրը միջամուխ կ’ընէ խօսակցութեան։ Տեսակէտ յայտնաբերող հարցումները, որոնք մարդոց նեղութիւն չեն պատճառեր, մեծապէս ազդեցիկ են։
2 Թերեւս կարենաք մտիկ ընող ականջ մը գտնել գործածելով ասոր նման մօտեցում մը.
◼ «Բարի լոյս։ Անունս __________։ Շրջակայքին մէջ կ’ապրիմ։ Շատեր որոնց հետ այս առաւօտուն խօսեցայ հետաքրքրուած են [յիշեցէք վերջերս տեղի ունեցած դէպք մը շրջակայքին մէջ կամ տեղականօրէն հետաքրքրական նիւթ մը]։ Կը խորհի՞ք թէ Աստուած մտադրեց որ աշխարհը այսպէս ըլլայ»։ Պատասխանելու առիթ տուէք։ Այդ ատեն կրնաք ուշադրութեան յանձնել Սաղմոս 37։9, 10–ն։ Ետքը, գործածելով Բ. Պետրոս 3։13–ը, բացատրեցէք արդար վիճակները որոնք համայն երկրի վրայ պիտի ըլլան երբ չարութիւնը մէջտեղէն վերցուի։
3 Միշտ պատրաստ եղէք Դիտարանէն ու Զարթի՛րէն ձեր սորված կէտերը գործածելու։ Մարդիկ ամէնուրեք գիտակից են բարոյական անկումին։ Մինչ կը կարդաք Զարթի՛րի Օգոստոս 8 թիւը, մի քանի կէտեր ընտրեցէք որոնք կրնան ձեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Փոխանակ երկար ատեն կեդրոնանաք ընթացիկ գէշ վիճակներու վրայ, տանուտիրոջ ուշադրութիւնը դարձուցէք կարգ մը կէտերու զորս սորվեցաք «Բարոյական Կատարեալ Ուղեցոյցը» յօդուածէն եւ դրական կերպով խօսեցէք Աստուծոյ Խօսքին խրատին յարելու օգուտներուն մասին։ Հետագային ամսուան մէջ, ուշադրութեան յանձնեցէք կարգ մը կէտեր Զարթի՛րի Օգոստոս 22 թիւէն, «Երբ Բոլոր Ցեղերը Իրարու Հետ Խաղաղութեամբ կ’Ապրին» յօդուածէն։ Ցցուն ըրէք Աստուածաշունչի խրատը ցեղային խաղաղ յարաբերութիւններ ձեռք ձգելու նկատմամբ։ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի ընթացիկ ու հին թիւերը կը բովանդակեն հետաքրքրական շատ մը կէտեր զորս կրնանք գործածել մեր ծառայութեան մէջ։
4 Յիշեցէք թէ մեր նպատակն է հետաքրքրութիւն արթնցնել Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ։ Որպէսզի մտիկ ընող ականջ մը գտնենք, նախ պէտք է տանուտիրոջ ուշադրութիւնը գրաւենք եւ իր միտքը խթանենք։ Ասիկա պատճառ պիտի ըլլայ որ ոչխարանման անհատներ ուզեն ‘լսել ինչ որ Եհովա Աստուած կը խօսի’ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։—Սաղմ. 85։8