Ծառայութեան Ժողովներ Մարտ Ամսուան Համար
Մարտ 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «‘Ամէն Օր’ Եհովան Օրհնենք»։ Հարց–պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, կարդա 2–5–րդ պարբերութիւնները։ Քաջալերէ օժանդակ եւ կանոնաւոր ռահվիրայութիւնը։
20 վյրկ. «Ճշմարիտ Աստուծոյ Գիտութիւնը Կեանքի կ’Առաջնորդէ»։ Վերաքաղ ըրէ թելադրուած ներկայացումները։ Կարգադրէ մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ։ Մի քանի օրինակներով ցոյց տուր ի՛նչպէս կրնանք փափկանկատութեամբ տանտէրներուն ուշադրութեան յանձնել համաշխարհային գործունէութեան ի նպաստ նուիրատուութիւն ընելու իրենց պատեհութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 152 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
20 վյրկ. «1996–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Օգտուինք—Մաս Գ.»։ Դասախօսութիւն դպրոցի տեսուչին կողմէ։ Որակելի բոլոր եղողները քաջալերէ որ արձանագրուին ու իրենց նշանակումները հաւատարմօրէն կատարեն։
15 վյրկ. Որպէս Ընտանիք մը Միասնաբար Գործունէութիւններ Ունեցէք։ Հայր մը անպաշտօն կերպով իր ընտանիքին կը խօսի միասնականութեան կարիքին մասին, օգտագործելով Դիտարան Դեկտեմբեր 1, 1993–ի թիւը, էջ 12–16։ Կեդրոնացիր ընտանեկան ուսումնասիրութեան եւ աւետարանելու գործունէութեան վրայ։ Ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս այժմու ընտանիքներ կը քայքայուին, քանի որ միասնաբար քիչ ժամանակ կ’անցընեն ու հասարակաց հետաքրքրութիւններ չունին։ Միասնաբար Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելը ու ծառայութեան մասնակցիլը՝ Քրիստոնեայ ընտանիքին օրհնութիւն մըն է։ Շեշտէ որ հայրը այս բաները լաւ կերպով պէտք է կազմակերպէ, իսկ մայրը՝ անոր հետ համագործակցի։ Զաւակները հոգեւոր գործունէութիւններով պէտք է հետաքրքրուին, իրենց ծնողներուն հետ սերտօրէն գործակցելով։ Ընտանիքը միացած ու ամրացած պիտի ըլլայ աշխարհային դառնալու աւելցող ճնշումներուն դէմ դնելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ուսումնասիրութիւններ վարող հրատարակիչները Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մէջ լաւ ընթացող նորեկները պէտք է քաջալերեն որ չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու նպատակակէտը հետապնդեն։ Իսկ ծնողներն ալ իրենց զաւակներուն կրնան օգնել որ հրատարակիչներ ըլլան։ Վերաքաղ ըրէ յանձնարարուած կարգադրութիւնը որ ուրուագծուած է Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին մէջ, էջ 97–100։
15 վյրկ. Եհովայի Վկաներու 1996–ի Տարեգիրքէն Աչքառու Կէտեր Վերաքաղ Ընենք։ Ընտանիք մը նկատի կ’առնէ մեր համաշխարհային գործունէութեան կարգ մը հետաքրքրական երեսակները, օգտագործելով 3–5 եւ 33–րդ էջերը։ Անոնք կը համաձայնին որ ամէն օր միասնաբար Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկէն օրուան համարը նկատի առնելէ ետք, պիտի փորձեն Տարեգիրքէն մի քանի էջ կարդալ։
20 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք որ Կեանքի Առաջնորդող Գիտութիւնը Ձեռք Ձգեն»։ Վերաքաղ ըրէ վերայցելութիւններու համար թելադրուած ներկայացումները։ Կարգադրէ մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ։ Շեշտէ ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 114
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Յիշատակատօնին Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ»ը։ Բացատրէ թէ ինչո՛ւ ներկայ գտնուիլը կարեւոր է։ (Տես Դիտարան Մարտ 1, 1985–ի թիւը, էջ 25–27։) Վերաքաղ ըրէ ծրագիրները՝ տարեցներուն, ֆիզիքապէս տկարներուն եւ նորեկներուն օգնելու որ ներկայ ըլլան։ Բացատրէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին դաշտի ծառայութեան ընդլայնուած գործունէութեան համար եղած կարգադրութիւնները։ Նաեւ, վերաքաղ ըրէ «Ուր Օտարներուն Հիւրասիրութիւն կը Ցուցաբերուի» խորագրով յօդուածը, Զարթի՛ր Սեպտեմբեր 22, 1995–ի թիւին 32–րդ էջին վրայ։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Նկատի առ այն պատճառները որոնք մեզ կը մղեն որ առատաձեռն ըլլանք, ինչպէս ուրուագծուած է Դիտարան Յունուար 15, 1992–ի Անգլերէն թիւին մէջ, էջ 16–17։
15 վյրկ. «Նախապատրաստութիւնը՝ Յաջողութեան Բանալին Է»։ Հարց–պատասխանով։ Նշէ որ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Հիմակուընէ պատրաստութիւն տեսնենք, յաւելեալ օրինակներ ապսպրելով, բաժանորդագրութեան թղթիկներ ապահովելով ու ծրագրելով Պարբերաթերթի Օրուան գործունէութեան ժողովքային կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնիլ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։