Ծառայութեան Ժողովներ Յուլիս Ամսուան Համար
Յուլիս 1–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 13
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Նկատի առ տեղական ժողովքին Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Ամէն Օր Մեր Ուխտը Կատարենք»։ Հարց–պատասխանով։ Պարփակէ մեկնաբանութիւններ Խորաթափանց Ակնարկ գրքէն, Հատոր Բ., էջ 1162, պարբերութիւն 6–7, ցոյց տալով որ ուխտը ինչո՛ւ լուրջ պարտաւորութիւն մըն է։
18 վյրկ. «Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք»։ (1–3–րդ պարբերութիւնները) Առաջին պարբերութիւնը գործածէ յօդուածին բնաբանը զարգացնելու համար։ Յիշէ ժողովքին ունեցած ո՛ր գրքոյկները կրնան հետաքրքրութիւն արթնցնել ձեր թաղամասին մէջ։ Ապա վերաքաղ ըրէ միայն 2 եւ 3–րդ պարբերութիւնները, ու կարգադրէ երկու ցուցադրութիւններ որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի գրքոյկով ձեռք առնել թէ՛ առաջին հանդիպումը եւ թէ վերայցելութիւնը։ Ցոյց տուր ինչպէ՛ս հրատարակիչները կրնան իրենց անձնական ներկայացումները պատրաստել, տեղական թաղամասին յարմար եղող ուրիշ գրքոյկ մը առաջարկելու համար։ Պարփակէ թելադրութիւններ թէ ինչպէ՛ս յիշենք որ երկրածաւալ գործին ի նպաստ եղած նուիրատուութիւնները ուրախութեամբ կ’ընդունինք։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 8–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք»։ (4–5–րդ պարբերութիւնները) Նկատի առ միայն 4 եւ 5–րդ պարբերութիւնները եւ Երբ Սիրելի մը Կորսնցնենք գրքոյկէն կարգ մը աչքառու կէտեր։ Ապա թող ցուցադրուին առաջին հանդիպումին ու վերայցելութեան համար թելադրուած ներկայացումները։
20 վյրկ. «Ռահվիրայական Ծառայութեան մէջ Յաւելեալ Եղբայրներու Կարիքը Կայ»։ Հարց–պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, վերաքաղ ըրէ կարգ մը թելադրութիւններ թէ նիւթական կարիքներու ինչպէ՛ս հոգ տանիլ, ինչպէս յիշուած են Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1993 համարին մէջ, էջ 28–31։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 15–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Երեկոյեան Վկայութիւնը Փորձա՞ծ Էք»։ Դասախօսութիւն՝ ներկաներուն մասնակցութեամբ եւ կարգ մը հարցազրոյցներ։ Պատմէ թէ տեղականօրէն ի՛նչ նկատուած է, երբ թաղամասերը երեկոները աշխատցուած են։ Պարփակէ փորձառութիւններ որոնք ցոյց կու տան երեկոյեան վկայութեան դրական արդիւնքները։ Ուրուագծէ դաշտի ծառայութեան ժողովներու շաբաթական յայտագիրը։
15 վյրկ. ««Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք»։ (6–8–րդ պարբերութիւնները) Յօդուածին վերջին պարբերութիւնը գործածէ բոլորը քաջալերելու որ շուտով վերայցելութիւններ ընեն անոնց որոնք գրքոյկներ ընդունեցին։ 6 եւ 7–րդ պարբերութիւններուն համաձայն, թող ցուցադրուի ինչպէ՛ս առաջին հանդիպումին Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը գրքոյկը ներկայացնել եւ ինչպէ՛ս վերայցելութեան ատեն Գիտութիւն գրքին Ա. գլուխէն ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Հրատարակիչներուն վերյիշեցուր որ կրնան իրենց անձնական մօտեցումները պատրաստել ուրիշ գրքոյկներ ներկայացնելու համար, հետեւելով Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին թելադրած ներկայացումներուն օրինակին։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 22–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէ պարբերաթերթերուն ամենավերջին համարները, ցոյց տալով հետաքրքրական կէտեր, զորս կարելի է գործածել դռներուն առջեւ զանոնք ներկայացնելու համար։
15 վյրկ. Լիաժամ Ծառայութեան Նպատակակէտը Հետապնդենք։ Խօսակցութիւն երէցի մը եւ մէկ կամ երկու պատանիներու միջեւ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Մարտ 1989 համարին վրայ, էջ 28–30։ Պատանիները կը փորձեն որոշել ի՛նչ նպատակակէտեր պիտի հետապնդեն երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք։ Անոնք աշխարհային ասպարէզներուն ներկայացուցած նիւթական առաւելութիւններուն հանդէպ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Երէցը ցոյց կու տայ լաւ պատճառներ թէ ինչո՛ւ շատ աւելի լաւ է ռահվիրայական ծառայութեան ցանկալ։ Պատանիները կը համաձայնին, սակայն կը խորհին որ կարող չեն ռահվիրայութիւն ընել ու իրենք իրենց նիւթապէս հոգ տանիլ։ Երէցը Դիտարանի յօդուածէն փորձառութիւններ կը բաժնէ, ցոյց տալով որ ռահվիրայական ծառայութիւնը բանաւոր, հասանելի նպատակակէտ մըն է, որ շատերուն ուրախութիւն կը բերէ։ Եզրափակումին, պատանիները երէցին մեկնաբանութիւններուն համար իրենց գնահատութիւնը կ’արտայայտեն, ինչպէս նաեւ իրենց որոշումը կը յայտնեն որ լրջօրէն մտածեն Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ լման բաժին բերելու նպատակակէտը հետապնդելու մասին։
20 վյրկ. «Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել»։ Դասախօսութիւն մը որ Յունիս 1996 յաւելուածականին 12–16–րդ պարբերութիւնները կը ծածկէ։ Պարփակէ երկու ցուցադրութիւններ որոնք ցոյց կու տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարուած ընթացքին։ Առաջին ցուցադրութիւնը ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս աշակերտը մարզել որ ուսումնասիրութիւնը պատրաստէ, ընդգծելով կարեւոր բառերն ու նախադասութիւնները, որոնք տպուած հարցումներուն ուղղակիօրէն կը պատասխանեն։ Երկրորդ ցուցադրութիւնը ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի աշակերտը քաջալերել որ Հանրային Ժողովին ու Դիտարանի Ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուի։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 29–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 212
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։
20 վյրկ. Ի՞նչ կը Պահանջուի Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Ձեռք Ձգելու Համար։ Երէց մը կը խօսակցի երկու կամ երեք անհատներու հետ, որոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործունէութեան մէջ յաջողութիւն գտած են, վերաքաղ ընելով կարգ մը կերպեր, ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ աւելի յաջող ըլլալու համար. (1) Եհովայի օգնութեան համար աղօթեցէք։ (2) Ծառայութեան զանազան երեսակներուն կանոնաւորաբար մասնակցեցէք, հետաքրքրուած անհատներ գտնելու համար։ (3) Ամէն ցուցաբերուած հետաքրքրութիւն արձանագրեցէք ու շուտով վերայցելեցէք։ (4) Ամէն հետաքրքրուողի միշտ ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։ (Տես՝ «Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Հաստատել» ենթագլուխը, Դիտարան 15 Փետրուար 1996 համարին մէջ, էջ 20։) (5) Սորվեցնելու ձեր կարողութեան վրայ վստահութիւն կերտեցէք, գործածելով այն չորս թելադրութիւնները, որոնք յիշուած են Դիտարան 1 Մարտ 1985 համարին մէջ, էջ 13–17։
15 վյրկ. Տեղւոյն Կարիքներ։ Կամ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ «Մխիթարութիւն եւ Քաջալերութիւն—Բազմաթիւ Երեսակներ Ունեցող Գոհարներ» յօդուածին վրայ, Դիտարան 1 Ապրիլ 1996, էջ 29–31։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։