Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Սեպտեմբերին. Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ։ Այն ժողովքները որոնք Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ կամ Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել գրքերը ունին, կրնան զանոնք ներկայացնել։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութեան ատեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով, մասնաւոր ջանք պիտի թափուի բոլոր տեղաւորումները հետապնդելու։ Դեկտեմբերին. Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։
◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անմիջապէս անկէ ետք, վերակացու տեսուչը կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն Հոկտեմբերին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ, պէտք է իրենց դիմումնագիրները անյապաղ յանձնեն։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ երէցներուն որ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընեն պարբերաթերթերուն, գրականութիւններուն եւ թաղամասերուն համար։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 համարին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21–23, ոեւէ վտարուողի կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կրնայ վերընդունուելու միտում ունենալ։
◼ 30 կամ աւելի անհատներէ բաղկացած խումբերը, որոնք կը ծրագրեն Ընկերութեան դիւրութիւնները այցելել, կարեւոր է որ նախ թղթակցին Central Tour Desk–ին հետ, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204։ Հաճեցէք նկատել որ հասցէն փոխուած է։ Այս Գրասենեակը հոգ պիտի տանի այն խումբերուն որոնք պիտի այցելեն Պրուքլինի Պէթէլը, Դիտարանի Ագարակները Ուալգիլի մէջ, Դիտարանի Ուսուցումի Կեդրոնը Փէթըրսընի մէջ կամ Ճրզի Սիթիին Համաժողովի Սրահը։ Իւրաքանչիւր վայրին համար հաճեցէք տեղեկութիւններ հայթայթել թէ քանի՛ հոգի պիտի գան եւ ո՛ր թուականին ու ժամուն։ Ընկերութիւնը մատչելի շրջագայութեան մասին նկարագրութիւն մը պիտի հայթայթէ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէս մը որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր վայրին ուղղութիւնները։ ԻՋԵՒԱՆԵԼՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՂՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Է ԺՈՂՈՎՔԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԷՆ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԱՆԱԼ։
◼ Հիրի–Մօթու լեզուով Զարթի՛րի եռամսեայ հրատարակութիւնը պիտի դադրի։ Յուլիս–Սեպտեմբեր համարը վերջին հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ։
◼ Հոկտեմբեր–Դեկտեմբեր 1996 համարէն սկսեալ, Զարթի՛րը Վրացերէն լեզուով լոյս պիտի տեսնէ որպէս եռամսեայ հրատարակութիւն։
◼ Յունուար 1997–էն սկսեալ, Մարաթի լեզուով Զարթի՛րը ամսական հրատարակութիւն պիտի ըլլայ։
◼ Յունուար 1997–ին, Վրացերէն լեզուով Դիտարանը կիսամսեայ հրատարակութիւն պիտի ըլլայ։