Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/96 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Բնական Ըլլալ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Սահուն Խօսելակերպ
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն Պատրաստութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 9/96 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ ժողովներու ընթացքին պարբերութիւններ ընթերցելու նկատմամբ ի՞նչ բաներ ի մտի պէտք է ունենանք։

Դիտարանի Ուսումնասիրութեան ու Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տրամադրուած ժամանակին մեծամասնութիւնը կը գործածուի պարբերութիւնները ընթերցելու։ Ասիկա կը նշանակէ որ այն եղբայրը որ ընթերցելու նշանակուած է ծանր պատասխանատուութիւն կը կրէ որպէս ուսուցիչ։ Ան այնպիսի կերպով մը պէտք է կարդայ որ նիւթը ‘հասկցուի’, որպէսզի ունկնդիրները ո՛չ միայն զայն ըմբռնեն, այլեւ մղուին գործի լծուելու։ (Նէեմ. 8։8) Ուստի, հարկ է որ ընթերցողը լաւ պատրաստէ իր նշանակումը։ (Ա. Տիմ. 4։13. տես՝ Դպրոցի Ուղեգրքին 6–րդ դասը։) Հետեւեալը հանրային իմաստալից ընթերցանութեան համար կարգ մը կարեւոր կէտեր է։

Պատշաճ՝ Իմաստի Շեշտ Գործածեցէք. Առաջուընէ որոշեցէք ո՛ր բառերը կամ նախադասութիւնները շեշտել, որպէսզի շիտակ հասկացողութիւնը հաղորդէք։

Բառերը Ճշգրտօրէն Արտասանեցէք. Պատշաճ հնչումը ու յստակ արտասանութիւնը անհրաժեշտ են, որպէսզի ունկնդիրները ըմբռնեն գրականութեան արտայայտութիւնները։ Անծանօթ կամ քիչ անգամ գործածուող բառերուն համար բառարանի մը դիմեցէք կամ Ընկերութեան ձայներիզները գործածեցէք։

Բարձրաձայն ու Խանդավառօրէն Խօսեցէք. Խանդավառ կերպով բարձրաձայն խօսիլը հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, զգացումները կը շարժէ եւ ունկնդիրները կը դրդէ։

Ջերմ ու Խօսակցական Եղէք. Բնականութիւնը սահունութենէն յառաջ կու գայ։ Պատրաստուելով ու փորձ ընելով, ընթերցողը կրնայ հանգիստ զգալ, իսկ ասոր արդիւնքը կոչ ընող ընթերցանութիւն մը պիտի ըլլայ, փոխանակ՝ միօրինակ ու ձանձրանալի։—Ամբ. 2։2

Նիւթը Կարդացէք Ինչպէս որ Տպուած Է. Ստորանշումները ինչպէս նաեւ փակագծերու մէջ եղած տեղեկութիւնները սովորաբար բարձրաձայն կը կարդացուին եթէ նիւթը կը յստակացնեն։ Միակ բացառութիւններն են այն ակնարկումները որոնք պարզապէս նիւթին աղբիւրները կը բնորոշեն։ Ստորանշումը պէտք է կարդացուի երբ անոր կ’ակնարկուի պարբերութեան մէջ, նախ ըսելով. «Ստորանշումը կ’ըսէ . . . »։ Զայն կարդալէ ետք, պարզապէս շարունակեցէք պարբերութեան մնացեալ բաժինը ընթերցել։

Երբ հանրային ընթերցանութիւնը լաւ կերպով կատարուի, անիկա կենսական կերպերէն մէկն է, որով կրնանք ուրիշներուն ‘սորվեցնել որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ պատուիրեց’ մեր Մեծ Ուսուցիչը։—Մատթ. 28։20

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել