Թագաւորութիւնը Քարոզենք
1 Եբրայեցիս 10։23–ին մէջ, մեզի յորդոր կը տրուի որ «անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը [հանրային յայտարարութիւնը, ՆԱ]»։ Իսկ մեր յոյսը Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնացած է։ Յիսուս յատկապէս պատուիրեց որ Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք է քարոզուի բոլոր ազգերուն։ (Մար. 13։10) Ասիկա ի մտի պէտք է ունենանք, երբ մեր ծառայութեան կը մասնակցինք։
2 Երբ մարդոց հետ շփման մէջ կու գանք, զիրենք հետաքրքրող կամ մտահոգող նիւթի մը շուրջ կը փորձենք խօսակցութիւն մը սկսիլ։ Սովորաբար կը յիշենք բաներ, որոնց մասին անոնք տեղեակ են, ինչպէս՝ ոճիրը շրջակայքին մէջ, պատանիներուն խնդիրները, ապրուստ ճարելու մտահոգութիւնը կամ տագնապ մը աշխարհային գործառնութիւններուն մէջ։ Քանի որ մարդոց մեծամասնութեան մտքերը այս ‘կեանքի մտահոգութիւններուն’ վրայ կեդրոնացած են, երբ ցոյց կու տանք որ հետաքրքրուած ենք ու պարագան կը հասկնանք, անոնք յաճախ իրենք զիրենք պիտի արտայայտեն։ (Ղուկ. 21։34, ՆԱ) Ասիկա կրնայ ճամբան բանալ որ մեր յոյսը բաժնենք։
3 Սակայն, եթէ զգոյշ չըլլանք, խօսակցութիւնը կրնայ ժխտական բաներուն վրայ այնքան կեդրոնանալ որ մեր այցելութեան նպատակը իրագործելու կը թերանանք, որ է՝ Թագաւորութեան պատգամը քարոզել։ Թէեւ ուշադրութեան կը յանձնենք շատ նեղութիւն պատճառող գէշ վիճակները, սակայն մեր նպատակակէտն է Թագաւորութիւնը ցցուն ընել, որ մարդկութեան բոլոր խնդիրները վերջնականապէս պիտի լուծէ։ Մենք իրապէս հոյակապ յոյս մը ունինք, եւ մարդիկ մեծապէս կարիք ունին անոր մասին լսելու։ Հետեւաբար, թէեւ սկիզբը նկատի կ’առնենք այս «չար ժամանակներ»ու որոշ երեսակ մը, սակայն պէտք է արագօրէն կեդրոնանանք մեր գլխաւոր պատգամին՝ ‘յաւիտենական բարի լուր’ին՝ վրայ։ Այս կերպով մեր ծառայութիւնը լիովին պիտի կատարենք։—Բ. Տիմ. 3։1. 4։5. Յայտ. 14։6, ՆԱ։