Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 34 էջ 202-էջ 205 պարբ. 4
  • Շինիչ եւ Դրական

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շինիչ եւ Դրական
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Շինիչ Ըլլանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Շինիչ եւ դրական ըլլալ
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 34 էջ 202-էջ 205 պարբ. 4

Ուսումնասիրութիւն 34

Շինիչ եւ Դրական

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Փոխանակ բացասական նիւթերու վրայ երկար կենալու, խօսեցէք այնպիսի բաներու մասին, որոնք կացութիւն մը կը բարելաւեն, կամ վստահութիւն կը ներշնչեն։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Մարդիկ սէրէ զուրկ աշխարհէն հիւծած են։ Շատեր անձնական լուրջ խնդիրներ ունին։ Աստուածաշունչի պատգամը՝ երբ պատշաճ կերպով ներկայացուի, պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն կու տայ աւելի փայլուն հեռանկար մը։

ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ համար մեզի յանձնարարուած պատգամը՝ բարի լուր է։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մար. 13։10) Յիսուս անձամբ ասոր մէջ օրինակ հանդիսացաւ, «Աստուծոյ թագաւորութեան բարի լուրը» աւետելով։ (Ղուկ. 4։44, ՆԱ) Առաքեալներուն քարոզածն ալ նկարագրուած է որպէս «Աստուծոյ աւետարանը» եւ «Քրիստոսին աւետարանը»։ (Ա. Թես. 2։2. Բ. Կորն. 2։12) Այսպիսի պատգամ մը շինիչ ու դրական է։

‘Երկնքի մէջ թռչող հրեշտակին’ ծանուցանած «յաւիտենական աւետիս»ին հետ ներդաշնակ ըլլալով, մարդիկը կը յորդորենք որ ‘Աստուծմէ վախնան ու փառք տան անոր’։ (Յայտ. 14։6, 7) Ամէնուրեք մարդոց կը խօսինք ճշմարիտ Աստուծոյ, իր անուան, իր հոյակապ յատկութիւններուն, իր հիանալի գործերուն, իր սիրալիր նպատակին, իրեն համարատու ըլլալուն եւ մեզմէ ի՛նչ պահանջելուն մասին։ Բարի լուրը կը պարփակէ այն իրողութիւնը թէ Եհովա Աստուած պիտի բնաջնջէ ամբարիշտները, որոնք զինք կ’անպատուեն եւ ուրիշ մարդոց համար կեանքը անտանելի կը դարձնեն։ Բայց մեզի չիյնար դատել այն մարդիկը, որոնց կը քարոզենք։ Մեր անկեղծ փափաքն է որ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ ընդառաջեն Աստուածաշունչի պատգամին, որպէսզի անիկա իրապէս բարի լուր մը ըլլայ իրենց համար։—Առ. 2։20-22. Յովհ. 5։22

Բացասական Նիւթերը Նուազեցուցէք։ Անշուշտ կեանքին բացասական կողմերն ալ կան։ Զանոնք չենք կրնար անտեսել։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար, կրնաք խնդիր մը յարուցանել, որ ձեր թաղամասի մարդոց միտքը կը զբաղեցնէ, եւ հակիրճօրէն խօսիլ անոր մասին։ Բայց սովորաբար անոր մասին երկար բարակ խօսիլը անարժէք է։ Մարդիկ անդադար նեղացուցիչ լուրեր կը լսեն, ուստի անհաճելի բաներու մասին խօսիլը կա՛մ իրենց դռները գոցել պիտի տայ եւ կամ՝ իրենց ականջները։ Ձեր խօսակցութեան սկիզբէն իսկ Աստուծոյ Խօսքին թարմացուցիչ ճշմարտութիւններուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեցէք։ (Յայտ. 22։17) Եթէ անհատը նոյնիսկ չուզէ խօսակցութիւնը շարունակել, իրեն մտածելիք շինիչ բան մը ձգած կ’ըլլաք։ Ասիկա թերեւս պատճառ ըլլայ որ ուրիշ առիթով աւելի հակամէտ ըլլայ լսելու։

Նոյն կերպով, եթէ ձեզմէ խնդրուի որ դասախօսութիւն մը տաք, ունկնդիրները բացասական տեղեկութեամբ մի՛ խճողէք, պարզ անոր համար որ այսպիսի տեղեկութիւններ շատ են։ Եթէ դասախօսը շատ երկար խօսի մարդկային իշխանութիւններու ձախողութեան, ոճիրի ու բռնութեան տեղեկագիրներու եւ անբարոյութեան ցնցիչ ընդհանրացման մասին, ասիկա կրնայ ընկճել։ Նիւթի մը բացասական կողմերը ցոյց տուէք միայն եթէ անոնք օգտակար նպատակի մը կը ծառայեն։ Սահմանափակ չափով գործածուած այսպիսի տեղեկութիւններ կրնան ձեր դասախօսութեան ժամանակայարմար ըլլալը շեշտել։ Անոնք նաեւ կրնան բնորոշել կացութեան մը նպաստող գլխաւոր ազդակները, ուստի կրնան գործածուիլ ցոյց տալու համար թէ Աստուածաշունչին մատուցած լուծումը ինչո՛ւ գործնական է։ Երբ կարելի է, մասնաւորեցէք՝ առանց խնդիրներու մասին երկար բարակ խօսելու։

Սովորաբար ո՛չ կարելի է եւ ո՛չ ալ փափաքելի՝ բոլոր բացասական նիւթերը դասախօսութենէ մը դուրս ձգել։ Խնդիրը՝ դրական եւ բացասական նիւթերը այնպիսի կերպով ներկայացնել որ ընդհանուր ազդեցութիւնը դրական ըլլայ։ Ասիկա իրագործելու համար պէտք է որոշէք թէ ի՛նչ պիտի ներմուծէք, ի՛նչ դուրս պիտի ձգէք եւ ո՛ւր շեշտ պիտի դնէք։ Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս յորդորեց իր ունկնդիրները որ դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն ինքնասպաս կերպերէն խուսափին, եւ այս կէտը լուսաբանելու համար մի քանի օրինակներ գործածեց։ (Մատթ. 6։1, 2, 5, 16) Սակայն, փոխանակ այդ կրօնական առաջնորդներուն բացասական կողմերուն վրայ ծանրանալու, Յիսուս՝ Աստուծոյ շիտակ ճամբաները ճանչնալու ու անոնցմով ապրելու կարեւորութեան վրայ շեշտ դրաւ։ (Մատթ. 6։3, 4, 6-15, 17-34) Ազդեցութիւնը չափազանց դրական եղաւ։

Դրական Կերպով Արտայայտուեցէք։ Եթէ ձեզի նշանակուած է որ ձեր ժողովքին մէջ դասախօսութիւն մը տաք քրիստոնէական գործունէութեան որոշ երեսակի մը մասին, ջանացէք կերտիչ ըլլալ, փոխանակ քննադատական ըլլալու։ Վստահ եղէք որ դուք անձամբ կ’ընէք այն ինչ որ կը քաջալերէք որ ուրիշներ ընեն։ (Հռովմ. 2։21, 22. Եբր. 13։7) Թող որ ձեր խօսքերուն ետին սէրը ըլլայ ու ո՛չ թէ բարկութիւնը։ (Բ. Կորն. 2։4) Եթէ վստահ ըլլաք որ ձեր հաւատակիցները կը փափաքին Եհովան հաճեցնել, ձեր խօսքերուն մէջ այդ վստահութիւնը պիտի արտացոլացուի, եւ ասիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ։ Նկատի առէք թէ Պօղոս առաքեալ ի՛նչպէս արտայայտեց այս վստահութիւնը, որ արձանագրուած է Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1-11. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։4, 5. եւ Փիլիմոն 4, 8-14, 21–ի մէջ։

Երբեմն անհրաժեշտ կ’ըլլայ որ երէցներ ոչ–իմաստուն վարքի մը դէմ զգուշացնեն։ Բայց խոնարհութիւնը անոնց պիտի օգնէ որ իրենց եղբայրներուն հետ հեզ հոգիով վարուին։ (Գաղ. 6։1) Խօսուած կերպը պէտք է ցոյց տայ թէ ժողովքին անդամները յարգուած են։ (Ա. Պետ. 5։2, 3) Աստուածաշունչը կը խրատէ երիտասարդները որ մասնաւորաբար ուշադրութիւն ընեն ասոր։ (Ա. Տիմ. 4։12. 5։1, 2. Ա. Պետ. 5։5) Երբ յանդիմանելու, կրթելու, ուղղութիւն տալու հարկը տեսնուի, ասիկա պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի խօսքերուն հիման վրայ։ (Բ. Տիմ. 3։16) Համարներու կիրարկումը պէտք չէ քաշքշուի կամ խեղաթիւրուի կարգ մը գաղափարներու թիկունք կանգնելու համար, որոնց մասին դասախօսը զօրաւոր համոզումներ ունի։ Նոյնիսկ երբ սրբագրիչ խրատներու կարիք ըլլայ, դասախօսութեան թոնը դրական կրնայ մնալ, երբ շեշտը գլխաւորաբար դրուի յանցագործութեան միջամուխ ըլլալէ ի՛նչպէս խուսափելուն, խնդիրները ի՛նչպէս լուծելուն, դժուարութիւնները ի՛նչպէս յաղթահարելուն, սխալ ընթացք մը ի՛նչպէս սրբագրելուն եւ Եհովայի պահանջները մեզ ի՛նչպէս պաշտպանելուն վրայ։—Սաղմ. 119։1, 9-16

Երբ ձեր դասախօսութիւնը կը պատրաստէք, մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեցէք թէ իւրաքանչիւր գլխաւոր կէտ՝ եւ ընդհանուր դասախօսութիւնը, ի՛նչպէս պիտի եզրափակէք։ Ձեր վերջին խօսքը սովորաբար աւելի երկար ատեն կը յիշուի։ Անիկա դրական պիտի ըլլա՞յ։

Երբ Հաւատակիցներուն Հետ կը Զրուցէք։ Եհովայի ծառաներուն համար հաճելի է քրիստոնէական ժողովներուն իրենց վայելած ընկերակցութիւնը։ Ասոնք հոգեւոր թարմացումի պահեր են։ Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ երբ մեր պաշտամունքի վայրին մէջ կը հաւաքուինք՝ ի մտի ունենանք «մէկզմէկ յորդորել»։ (Եբր. 10։25) Ասիկա կը կատարուի ո՛չ միայն դասախօսութիւններով ու ժողովի ընթացքին մեր տուած պատասխաններով, այլ նաեւ, ժողովներէն առաջ եւ վերջ զրուցելով։

Թէեւ բնական է մեր առօրեայ հոգերուն մասին խօսիլ, բայց հոգեւոր նիւթերու մասին խօսիլը շատ աւելի քաջալերական է։ Ասոր մէջ կ’իյնան սրբազան ծառայութեան ընթացքին մեր վայելած փորձառութիւնները։ Իրարմով անկեղծօրէն հետաքրքրուիլն ալ կը կերտէ։

Մեզ շրջապատող աշխարհին բանեցուցած ազդեցութիւնը նկատի ունենալով՝ զգոյշ պէտք է ըլլանք։ Երբ Եփեսոսի Քրիստոնեաներուն կը գրէր, Պօղոս ըսաւ. «Ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին»։ (Եփ. 4։25) Ստութեան տեղ ճշմարտութիւնը խօսիլը կը պարփակէ չգովաբանել այն իրերը եւ մարդիկը, զորս աշխարհ կ’աստուածացնէ։ Յիսուս «հարստութեան խաբէութեան» դէմ ալ զգուշացուց։ (Մատթ. 13։22) Ուստի, երբ իրարու հետ կը խօսինք, զգոյշ պէտք է ըլլանք որ այդ խաբէութիւնը չքաջալերենք, նիւթական ստացուածքներու տիրանալը հրապուրիչ դարձնելով։—Ա. Տիմ. 6։9, 10

Երբ շինիչ ըլլալու մասին խրատ կու տայ, Պօղոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ եղբայր մը չդատենք կամ չնուաստացնենք, որ կարգ մը բաներ ընելէ ետ կը կենայ «հաւատքի մէջ տկար» ըլլալուն, այսինքն, քրիստոնէական ազատութեան ամբողջ տարողութիւնը ըմբռնած չըլլալուն համար։ Արդարեւ, մեր խօսակցութիւնը շինիչ ըլլալու համար, անոնց ենթահողը եւ հոգեւոր աճման տարողութիւնը հաշուի պէտք է առնենք։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ ‘եղբօր մը [կամ քրոջ մը] խոչ կամ գայթակղութիւն դնել’։—Հռովմ. 14։1-4, 13, 19

Անոնք որ անձնական լուրջ խնդիրներու՝ թերեւս երկարատեւ հիւանդութեան՝ դէմ կը պայքարին, կը գնահատեն շինիչ խօսակցութիւնը։ Այսպիսի անհատ մը թերեւս մեծ ճիգ կը թափէ ժողովներուն ներկայ գտնուելու համար։ Իր վիճակին ծանօթ եղողները հաւանաբար հարցնեն՝ «Ի՞նչպէս կը զգաս»։ Անկասկած ան պիտի գնահատէ անոնց ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը։ Բայց կրնայ ըլլալ որ իր առողջական վիճակին մասին խօսիլը իրեն համար շատ քաջալերական չէ։ Գնահատական եւ գովասանքի խօսքերը թերեւս շատ աւելի տոգորեն իր սիրտը։ Դժուար կացութեան մը ներքեւ Եհովայի հանդէպ իր սէրը եւ համբերութիւնը կը նկատէ՞ք։ Իր պատասխաններով կը քաջալերուի՞ք։ Փոխանակ իր անկարողութիւններուն վրայ ուշադրութիւն դարձնելու, արդեօք աւելի շինիչ պիտի չըլլա՞ր իր զօրութեան եւ ժողովքին բերած իր նպաստին մասին խօսիլ։—Ա. Թես. 5։11

Մեր զրոյցը շինիչ ըլլալու համար, մասնաւորաբար կարեւոր է հաշուի առնել խօսուած նիւթին շուրջ Եհովայի տեսակէտը։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, անոնք որ Եհովայի ներկայացուցիչներուն դէմ կը խօսէին ու մանանային համար կը գանգատէին, Աստուծոյ խիստ տհաճութեան արժանացան։ (Թուոց 12։1-16. 21։5, 6) Մենք ցոյց կու տանք որ այդ օրինակներէն օգտուած ենք, երբ երէցներուն հանդէպ յարգանք, եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած հոգեւոր կերակուրին հանդէպ գնահատութիւն ցոյց կու տանք։—Ա. Տիմ. 5։17

Երբ մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ ենք, ընդհանրապէս օգտակար նիւթերու մասին խօսելու դժուարութիւն չունինք։ Սակայն, եթէ անհատի մը դիտողութիւնները չափազանց քննադատական ըլլան, նախաքայլը առէք խօսակցութիւնը դարձնելու աւելի շինիչ ուղղութեան մը։

Ի՛նչ որ ալ կ’ընենք՝ ուրիշներու կը վկայենք, բեմէն կը խօսինք, կամ հաւատակիցներու հետ կը զրուցենք, թող որ խորատեսութիւն ունենանք, որպէսզի մեր սրտի գանձէն հանենք այնպիսի խօսքեր, որ ‘աղէկ են՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տան’։—Եփ. 4։29

Ի՛ՆՉՊԷՍ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼ

  • Ձեր մտքին մէջ ունեցէք որ մեզի նշանակում տրուած է բարի լուրը քարոզել։

  • Շինիչ եղէք, փոխանակ քննադատական ըլլալու։

  • Ձեր խօսած անհատներուն նկատմամբ դրական տեսակէտ մշակեցէք։

  • Զրոյցի ընթացքին, դիմացինին վրայ ձեր խօսքերուն ունենալիք ազդեցութեան մասին մտածեցէք։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Հաշմանդամ կամ տան մէջ արգելափակուած անհատի մը այցելութիւն տուէք։ Անոր հետ շինիչ խօսակցութիւն մը սկսեցէք։ Կարեկից եղէք, բայց ձեր խօսքերը դրական թող ըլլան։ Նախապէս ծրագրեցէք, որպէսզի ասիկա իրագործէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել