Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/95 էջ 7
  • Շինիչ Ըլլանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շինիչ Ըլլանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հոգեւոր խօսակցութիւնները կը շինեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Շինիչ եւ Դրական
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ծառայութեան մէջ զիրար շինենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 7/95 էջ 7

Շինիչ Ըլլանք

1 Որովհետեւ կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, բոլորս ալ քաջալերութեան կարիքը ունինք։ (Բ. Տիմ. 3։1) Այս կարիքին խորապէս գիտակցելով նոյնիսկ իր օրերուն, Պօղոս գերուշադիր էր որ իր եղբայրներուն հետ իր ունեցած ընկերակցութիւնը գործածէր որպէս պատեհութիւն ‘փոխադարձ քաջալերութեան’։ Ան իր եղբայրները յորդորեց որ ‘իրարու հետ շինութեամբ ապրին’։ (Հռովմ. 1։11, 12. 14։19) Այս ջանքերը յաջողեցան «աշակերտներուն սրտերը հաստատել . . . յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ»։ (Գործք 14։21) Մենք այսօր մեծապէս կարիքը ունինք այդ տեսակ քաջալերութեան։

2 Մեր ըսածով կրնանք ուրիշներուն շինիչ ըլլալ։ Երբ պատշաճօրէն գործածուին, մեր խօսքերը կրնան «արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու [նմանիլ]»։ (Առ. 25։11) Ժողովներուն մէջ բաժին բերելով, «մէկզմէկ [կը] յորդորենք»։ (Եբր. 10։25) Մեր լեզուն կրնանք դրական կերպով գործածել երբ փորձառութիւններ կը բաժնենք, կը գովենք կամ հոգեւոր նիւթերու շուրջ կը խօսակցինք։ Լեզուին այսպիսի օգտակար գործածութիւնը «աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէսզի լսողներուն շնորհք տայ»։—Եփ. 4։29

3 Շինիչ Բաներու Մասին Խօսինք. Փիլիպպեցիս 4։8–ին մէջ, Պօղոս մեր խօսակցութեան համար օգտակար ուղեգծեր հայթայթեց։ Ան ըսաւ որ պէտք է նկատի առնենք ինչ որ ճշմարտութիւնով է, պարկեշտութիւնով է, արդարութիւնով է, մաքրութիւնով է, սիրով է, բարի համբաւով է, առաքինութիւնով է եւ գովութիւնով է։ Կրնանք միշտ վստահ ըլլալ որ մեր ըսածը ճշմարիտ եւ ուրիշներու օգտակար պիտի ըլլայ եթէ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ (Յովհ. 17։17) Մեր Քրիստոնէական նուիրումը, ժողովքային հանդիպումներուն մեր սորվածը, այն կերպը որով մեր ծառայութիւնը լիովին կ’իրագործենք եւ այսպիսի ուրիշ հարցեր, լրջօրէն նկատի առնուելիք բաներ են։ Աստուծոյ Խօսքին չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն մասին դրական խօսակցութիւնները վստահաբար մեզի կ’օգնեն որ ‘իմաստուն ըլլանք փրկուելու’։ (Բ. Տիմ. 3։15) Կրնանք մեր գնահատութիւնը արտայայտել Եհովայի մաքուր կազմակերպութեան մէջ եղողներուն անարատ վարքին համար։ Կրնանք գովել մեր եղբայրներուն ըրած ազնուութեան սիրալիր արարքները։ (Յովհ. 13։34, 35) Բարի համբաւով եղող բաները կը պարփակեն Քրիստոնէական առողջ յատկութիւները՝ հաւատք, ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ երկայնամտութիւն՝ զորս կը նկատենք մեր եղբայրներուն մէջ։ Այսպիսի առաքինի ու գովելի բաներու մասին խօսակցիլը լաւ է ուրիշներու «շինութեան համար»։—Հռովմ. 15։2

4 Ամէն օր կը դիմագրաւենք աշխարհի վհատեցուցիչ մտահոգութիւնները։ Որքա՜ն կազդուրիչ է այս բաները մէկդի դնել եւ սիրալիր ընկերակցութիւն մը բաժնել մեր եղբայրներուն հետ։ Այն թանկագին ժամանակը զոր իրարու հետ կ’անցընենք, գանձ մըն է որու վրայ պէտք է գուրգուրանք։ Եթէ մենք միշտ քաջալերող եւ շինիչ ենք, ուրիշներ ճշմարտաբար մեր մասին պիտի ըսեն. «Հանգստացուցին իմ հոգիս»։—Ա. Կորն. 16։18

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել