Ծառայութեան մէջ զիրար շինենք
1 Բոլորս ալ կը գնահատենք երբ «յարմարութեամբ ըսուած [քաջալերական] խօսք» մը ուղղուի մեզի։ (Առ. 25։11) Երբ ուրիշներու հետ ծառայութեան կը մասնակցինք, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր խօսակցութիւնը զիրենք կը քաջալերէ։
2 Շինիչ խօսակցութիւն. Ո՜րքան շինիչ է երբ քարոզչութեան ընթացքին մեր խօսակցութիւնը հոգեւոր նիւթեր կը պարփակէ։ (Սաղմ. 37։30) Կրնանք խօսիլ մեր ներկայացման մասին, կամ պատմել վերջերս դաշտի ծառայութեան մէջ մեզի հետ պատահած փորձառութիւններ։ (Գործք 15։3) Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութենէն, վերջին պարբերաթերթերէն կամ ժողովէ մը հետաքրքրական կէտ մը սորվեցա՞նք։ Վերջերս Թագաւորութեան Սրահին մէջ մեր լսած հանրային դասախօսութենէն առնուած կէտի մը մասին կրնանք խօսիլ։
3 Թերեւս վհատինք երբ տանտիրոջ մը ըրած մէկ առարկութիւնը չկարենանք յաղթահարել։ Դրան առջեւէն հեռանալէ ետք, օգտակար է մեր ծառայակիցին հետ քանի մը վայրկեան խօսակցիլ թէ ապագային այսպիսի պարագայ մը ի՛նչպէս կարելի է ձեռք առնել, թերեւս Պատճառաբանել գրքին դիմելով։ Իսկ եթէ մեր ծառայակիցին ներկայացումին մէջ դրական բան մը նկատեցինք, գովասանքի անկեղծ խօսք մը ըսելը շատ քաջալերական պիտի ըլլայ։
4 Նախաձեռնութիւնը առ. Մեր գրքի ուսումնասիրութեան խումբին մէջ կա՞ն ոմանք, որոնց հետ վերջերս ծառայութեան չենք մասնակցած։ Անձամբ զանոնք հրաւիրելը որ մեզի հետ ծառայեն, կրնայ ‘փոխադարձ քաջալերութիւն’ պատճառել։ (Հռովմ. 1։12, ՆԱ) Կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրաներ կը գնահատեն հրատարակիչներու հետ աշխատիլը, մանաւանդ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կամ ուշ յետմիջօրէին, երբ քիչեր կրնան ծառայութեան մասնակցիլ։ Ռահվիրաներուն կրնանք օգնել մեր անձը մատչելի ընելով։ Կա՞յ անկարող հրատարակիչ մը, որուն առողջութիւնը իր ծառայութիւնը կը սահմանափակէ։ Օգտակար կրնայ ըլլալ որ զինք մեր հետ ծառայութեան տանինք, թերեւս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը։—Առ. 27։17
5 Գովասանքը եւ գնահատական խօսքերը միշտ քաջալերութիւն կու տան, նոյնիսկ եթէ պզտիկ բաներու համար են։ Ասիկա ի մտի պէտք է ունենանք երբ ուրիշներու հետ ծառայութեան կը մասնակցինք, քանի որ կ’ուզենք ‘զիրար շինել’։—Ա. Թես. 5։11, ԱՎ