Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/10 էջ 5
  • Դրան առջեւ լաւ օգնական մը եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Դրան առջեւ լաւ օգնական մը եղիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լուռ ծառայակից մը ըլլալէն աւելի՛ն եղիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. օգտակար ծառայակից մը ըլլալ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Ծառայութեան մէջ զիրար շինենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 3/10 էջ 5

Դրան առջեւ լաւ օգնական մը եղիր

1. Ծառայութեան մէջ ընկերակիցի մը հետ աշխատիլը ի՞նչ օգուտներ կը բերէ։

1 Առիթով մը, Յիսուս 70 աշակերտներ «երկու–երկու ղրկեց», որ քարոզեն (Ղուկ. 10։1, ԱԾ)։ Անտարակոյս, այս կարգադրութիւնը թոյլ տուաւ, որ քարոզչութեան ընթացքին իր աշակերտները իրարու օգնեն ու քաջալերեն։ Երբ ծառայութեան մէջ հրատարակիչի մը կ’ընկերակցինք, ինչպէ՞ս կրնանք օգնական ըլլալ։

2. Երբ մեր ընկերակիցը իր ներկայացումը կու տայ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պէտք է մտիկ ընենք։

2 Մտիկ ընելով։ Մինչ ընկերակիցդ իր ներկայացումը կու տայ, ամենայն ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ (Յակ. 1։19)։ Եթէ համար մը կարդացուի, Աստուածաշունչովդ հետեւէ։ Խօսողին նայէ, ըլլայ ընկերակիցդ կամ տանտէրը։ Եթէ խօսակցութեան ուշի–ուշով հետեւիս, ասիկա կրնայ տանտէրը քաջալերել որ նոյնը ընէ։

3. Մեր ընկերակիցը ե՞րբ կ’ուզէ որ խօսինք։

3 Զատորոշելով խօսելու ատենը։ Երբ մեր ընկերակիցը իր ներկայացումը կու տայ, զինք կը պատուենք՝ թոյլ տալով որ առաջնորդութիւնը առնէ (Հռով. 12։10)։ Ընդմիջելէ պէտք է խուսափինք։ Եթէ ան իր ըսելիքը մոռնայ կամ տանտէրը առարկէ կամ հարցում մը ուղղէ եւ հրատարակիչը օգնութիւն խնդրէ, կը ջանանք անոր մեկնաբանութիւնը շարունակել, փոխանակ տարբեր նիւթի մը անցնելու (Առ. 16։23. Ժող. 3։1, 7)։ Եթէ խօսինք, մեր խօսքերը տրուած վկայութեան պէտք է նպաստեն (Ա. Կոր. 14։8)։

4. Ծառայութեան մէջ մեր ուրախութեան ու յաջողութեան ի՞նչ բան պիտի նպաստէ։

4 Երբ երկու–երկու աշխատող 70 աշակերտները քարոզչութիւնը աւարտեցին, անոնք «վերադարձան ուրախութեամբ» (Ղուկ. 10։17, ԱԾ)։ Մենք ալ ծառայութեան մէջ ուրախութիւն եւ յաջողութիւն պիտի գտնենք, մինչ դրան առջեւ խօսող մեր ընկերակիցին կ’օգնենք՝ մտիկ ընելով եւ խօսելու ատենը զատորոշելով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել