Ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահէ
ՆԵՐԿԱՅԻՍ երկրի վրայ կատարուող կարեւորագոյն գործը՝ բարի լուրի քարոզչութիւնն է։ Եհովայի ծառաներէն մէկը ըլլալով, աշակերտելու գործին մասնակցիլը վստահաբար պատիւ կը սեպես։ Բայց անկասկած պիտի համաձայնիս, որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր մնալը կրնայ երբեմն դժուար ըլլալ թէ՛ ռահվիրաներուն եւ թէ հրատարակիչներուն համար։
Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահես
Կարգ մը հրատարակիչներ տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին դժուարաւ կը գտնեն անհատ մը, որուն հետ կրնան խօսիլ, քանի որ թաղամասի մարդոց մեծամասնութիւնը տունը չ’ըլլար։ Իսկ երբ տանտէրերը տունը ըլլան, թերեւս Թագաւորութեան պատգամով չհետաքրքրուին կամ նոյնիսկ բարկանան։ Անդին կան ուրիշ հրատարակիչներ, որոնք կը վհատին, քանի որ հսկայ եւ արդիւնաբեր թաղամաս մը ունին, բայց կը վախնան որ պիտի չկարենան ամէնուն քարոզել։ Ոմանք ալ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր քարոզչութեան կը մասնակցին, յուսահատ դարձած են, քանի որ վերջը իրենց ակնկալածին չափ շուտ չէ եկած։
Այո, մեր ծառայութեան մէջ պիտի ըլլա՛ն մարտահրաւէրներ, որոնք կրնան մեր նախանձախնդրութեան ազդել։ Եւ կ’ակնկալենք որ Աստուծոյ փրկարար պատգամը հաղորդելը դժուար ըլլայ։ Ի վերջոյ, կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ «չարին»՝ Բանսարկու Սատանային իշխանութեան տակ է (Ա. Յովհ. 5։19)։
Բարի լուրի քարոզչութեան մէջ ի՛նչ անհատական խնդիր ալ դիմագրաւես, վստահ եղիր որ Եհովան կրնա՛յ քեզի օգնել զայն յաղթահարելու։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել քարոզչութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ աւելցնելու համար։ Նկատի առնենք կարգ մը առաջարկներ։
ՕԳՆԷ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ
Ամէն տարի, հազարաւորներ կը մկրտուին որպէս Եհովայի վկայ։ Եթէ վերջերս ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշած ես նուիրումդ Աստուծոյ, ապա վստահաբար կ’ուզես օգտուիլ անոնց փորձառութենէն, որոնք երկար ատենէ ի վեր կը քարոզեն։ Իսկ եթէ արդէն տարիներէ ի վեր կը ծառայես որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչ, նորեկներուն օգնելն ու մարզելը կրնայ յարմար եւ վարձահատոյց ըլլալ։
Յիսուս գիտէր որ իր աշակերտները ուղղութեան պէտք ունէին ազդու աւետարանիչներ ըլլալու համար. հետեւաբար անոնց ցոյց տուաւ ինչպէ՛ս քարոզել (Ղուկ. 8։1)։ Ներկայիս ալ կարիք կայ ուրիշները մարզելու որ ազդու քարոզիչներ ըլլան։
Պէտք չէ ենթադրենք, թէ նոր հրատարակիչը պարզապէս ծառայութեան ելլելով պիտի սորվի ինչպէ՛ս քարոզել։ Ան սիրալիր եւ ազնիւ մարզողի մը պէտք ունի անհատական ցուցմունքներ ստանալու համար։ Փորձառու հրատարակիչը նորեկին պէտք է ցոյց տայ ինչպէ՛ս 1) բացում պատրաստել եւ փորձ ընել, 2) խօսակցիլ տանտիրոջ կամ անցորդի մը հետ, 3) հրատարակութիւն առաջարկել, 4) հետաքրքրուած անհատին վերայցելել, եւ 5) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսիլ։ Շատ հաւանաբար լաւ արդիւնք պիտի քաղուի, եթէ սկսնակ հրատարակիչը տեսնէ եւ ընդօրինակէ զինք մարզողին վկայելու կերպերը (Ղուկ. 6։40)։ Նոր հրատարակիչը աւելի ինքնավստահ պիտի ըլլայ, երբ գիտնայ թէ իր կողքին կայ մէկը, որ մտիկ կ’ընէ ու պատրաստ է օգնելու եթէ հարկ ըլլայ։ Գովասանքի խօսքեր եւ օգտակար թելադրութիւններ տալն ալ կրնայ սկսնակ հրատարակիչին օգնել (Ժող. 4։9, 10)։
ԽՕՍԱԿՑԷ ՔԵԶԻ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՂ ՀՐԱՏԱՐԱԿԻՉԻՆ ՀԵՏ
Թէեւ կը ջանաս տանտէրերուն հետ խօսակցիլ, բայց կարգ մը օրերուն դաշտի ծառայութեան մէջ լաւագոյն խօսակցութիւնը պիտի ունենաս քեզի ընկերակցող հրատարակիչի՛ն հետ։ Մտաբերէ թէ Յիսուս իր աշակերտները «երկու երկու» ղրկեց քարոզելու (Ղուկ. 10։1)։ Միասնաբար գործելով, անոնք կրնային զիրար քաջալերել։ Ուստի դաշտին մէջ հաւատակիցի մը հետ ըլլալը, փոխադարձ քաջալերութեան ընտիր պատեհութիւն մը կ’ընծայէ (Հռով. 1։12)։
Ի՞նչ բաներու շուրջ կրնաք խօսակցիլ։ Ձեզմէ մէկը վերջերս հետաքրքրական փորձառութիւն մը ունեցա՞ծ է։ Անձնական կամ ընտանեկան ուսումնասիրութեանդ մէջ ուշագրաւ կէտի մը հանդիպա՞ծ ես։ Ժողովի մը մէջ ներկայացուած բան մը քեզ ոգեւորա՞ծ է։ Թերեւս երբեմն քեզի ընկերակցի հրատարակիչ մը, որուն շատ ծանօթ չես։ Կրնաս իրեն հարցնել թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութեան եկաւ։ Ի՞նչ բան զինք համոզեց թէ այս է Եհովայի կազմակերպութիւնը։ Ի՞նչ առանձնաշնորհումներ կամ փորձառութիւններ ունեցած է։ Անշուշտ կրնաս դուն ալ փորձառութիւններդ պատմել։ Դաշտին մէջ ի՛նչ ընդառաջում ալ ըլլայ, մէկու մը հետ ծառայելը ‘զիրար շինելու’ լաւ առիթ կու տայ (Ա. Թես. 5։11, ԱԾ)։
ԿԱՌՉԷ ՍԵՐՏԵԼՈՒ ԼԱՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԴ
Ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր մնալու համար կարեւոր է մշակել սերտելու լաւ սովորութիւններ ու կառչիլ անոնց։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» բազմաթիւ նիւթերու մասին տեղեկութիւններ կը հրատարակէ (Մատ. 24։45)։ Արդարեւ, հոգեւոր սնունդ իւրացնելու համար սերտելիք նիւթերդ շա՜տ այլազան են։ Նկատի առնենք անձնական ուսումնասիրութեան լաւ նիւթ մը. Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Շրջանակին մէջ նշուած են կարգ մը պատճառներ։
Շրջանակին բովանդակած կէտերը նկատի առնելը կրնայ քեզ մղել, որ շարունակես նախանձախնդրաբար քարոզել։ Անձնական ուսումնասիրութեան միջոցաւ, ջանա՛ ցանկին վրայ աւելցնել յաւելեալ պատճառներ. ապա խոկա՛ անոնց վրայ եւ անոնց թիկունք կանգնող համարներուն վրայ։ Այսպիսով անկասկած ծառայութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւնդ պիտի զօրացնես։
ՅՕԺԱՐ ԵՂԻՐ ՆՈՐ ԲԱՆԵՐ ՓՈՐՁԵԼՈՒ
Եհովայի կազմակերպութիւնը կանոնաւորաբար առաջարկներ կը ներկայացնէ, մեր ծառայութիւնը բարելաւելու համար։ Օրինակ, տունէ տուն ծառայութեան կողքին, կրնանք հետեւեալներուն մասնակցիլ. նամակ գրել, հեռաձայնով վկայել, փողոցը կամ այլ հանրային վայրեր քարոզել, առեւտրական շրջանի մէջ վկայել եւ անպաշտօն կերպով բարի լուրը մարդոց հետ բաժնել։ Նաեւ, թերեւս կրնանք հազուադէպ–աշխատցուած թաղամասի մը մէջ ծառայել։
Յօժա՞ր ես նոր բան մը փորձելու։ Այս թելադրութիւնները ի գործ դնողներէն շատեր լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։ Նկատի առ երեք օրինակ։
Էյփրըլ անունով քոյր մը, երբ կարդաց Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ յօդուած մը, որ կը բացատրէր ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ, մղուեցաւ դաս առաջարկելու երեք գործակիցի։ Ան անակնկալի եկաւ, երբ երեքն ալ իր առաջարկը ընդունեցին, ինչպէս նաեւ սկսան ժողովքի հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլ։
Երկրորդ օրինակը կապ ունի մեր պարբերաթերթերը բաշխելուն հետ։ Մեզի քաջալերութիւն տրուած է, որ փնտռենք անհատներ, որոնք շատ հաւանաբար ընդառաջեն մեր պարբերաթերթերուն մէջ լոյս տեսած մասնայատուկ յօդուածներու։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ շրջանային տեսուչ մը տեղեկագրեց, թէ որոշ շրջանի մը մէջ անիւ ծախող բոլոր խանութները այցելելով, առաջարկեց Զարթի՛ր–ի մէկ յօդուածը, որ անիւներու մասին կը խօսի։ Աւելին, ան եւ իր կինը շրջանին մէջ աւելի քան 100 բժշկական գրասենեակներու բաշխեցին «Հասկցէք ձեր բժիշկը» յօդուածաշարքէն օրինակներ։ Տեսուչը կ’ըսէ թէ այսպիսի այցելութիւններ մարդոց օգնած են, որ մեր քարոզչութեան եւ հրատարակութիւններուն ծանօթանան։ Թաղամասի մարդիկը աւելի մօտէն ճանչնալով, շրջանային տեսուչն ու իր կինը կրցած են աւելի վերայցելութիւններ ընել։
Երրորդ օրինակը կապ ունի հեռաձայնով վկայութիւն տալուն հետ։ Ճուտի անունով քոյր մը շնորհակալական նամակ մը գրեց գլխաւոր կեդրոնատեղիին, յօդուածի մը համար որ կը քաջալերէր հեռաձայնով վկայել։ Ան տեղեկագրեց, թէ իր 86 ամեայ մայրը, շատ մը առողջապահական խնդիրներ ունենալով, կանոնաւորաբար բաժին կը բերէր այս սուրբ ծառայութեան մէջ եւ մեծապէս կ’ուրախանար 92 ամեայ պառաւի մը հետ հեռաձայնով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելով։
Մեր հրատարակութիւններուն առաջարկած վկայութեան կերպերը ի՛րապէս գործնական են։ Փորձէ՛ զանոնք։ Այդ առաջարկները կրնան քեզի օգնել որ ծառայութեան մէջ ուրախ մնաս եւ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահես։
ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ
Մեր քարոզչութեան յաջողութիւնը կախեալ չէ այն բանէն, թէ քանի՛ հրատարակութիւն կը բաշխենք, Աստուածաշունչի քանի՛ ուսումնասիրութիւն կը վարենք կամ քանի՛ հոգիի կ’օգնենք որ Եհովայի ծառայ դառնայ։ Մտաբերէ Նոյը։ Ան իր ընտանիքէն զատ ո՛չ մէկու կրցաւ օգնել Եհովայի երկրպագու դառնալու։ Բայց ան վստահաբար յաջող քարոզիչ մըն էր։ Կարեւորը այն է, որ Եհովայի հաւատարմօրէն ծառայենք (Ա. Կոր. 4։2)։
Կարգ մը հրատարակիչներ կը խորհին, որ քարոզչութեամբ խանդավառուելու համար, պէտք ունին տրամաբանական նպատակակէտեր դնելու։ Գաղափար մը կազմելու համար, որոշ նպատակակէտեր նշուած են շրջանակին մէջ։
Եհովայի օգնութեամբ, ջանա՛ կերպեր գտնել ծառայութիւնդ վարձահատոյց եւ արդիւնաբեր դարձնելու։ Երբ նպատակակէտերուդ հասնիս, պիտի ուրախանաս եւ գոհունակ զգաս, գիտնալով որ կարելիդ կ’ընես բարի լուրը քարոզելու մէջ։
Ճիշդ է որ քարոզելը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ, բայց կա՛ն բաներ որ կրնաս ընել, Թագաւորութեան նախանձախնդիր հրատարակիչ մը ըլլալու համար։ Քեզի ընկերակցող հրատարակիչին հետ փոխադարձ քաջալերութիւն վայելէ, սերտելու լաւ սովորութիւններ մշակէ եւ ատոնց կառչէ, հաւատարիմ ծառային առաջարկները գործադրէ եւ տրամաբանական նպատակակէտեր դիր։ Ամէնէն կարեւորը, յիշէ որ Աստուած քեզի շատ մեծ առանձնաշնորհում տուած է. բարի լուրը հռչակել որպէս իր Վկաներէն մէկը (Եսա. 43։10)։ Արդարեւ, որքա՜ն պիտի ուրախանաս ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահելով։