Ապրիլ 5–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԱՊՐԻԼ 5–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 212
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ա. Թագաւորաց 16-18
Թիւ 1. Ա. Թագաւորաց 18։1-16
Թիւ 2. Երբ Ծնունդի սովորութիւնները կը քննենք, ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնենք (rs էջ 177 պարբ. 4–էջ 178 պարբ. 2 [էջ 54 պարբ. 4–էջ 55 պարբ. 2, արաբ.])
Թիւ 3. Ինչո՞ւ հիւրասիրութեան հետամուտ ըլլալ (Հռով. 12։13)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 95
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
10 վյրկ. Եթէ տանտէրը ըսէ. ‘Ես Աստուծոյ չեմ հաւատար’։ Քննարկում ներկաներուն հետ, հիմնուած՝ Պատճառաբանել գրքին վրայ, էջ 150-151 (էջ 76-77 [արաբ.])։
10 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
10 վյրկ. Յիշատակատօնին ներկայ եղող հետաքրքրուած անհատներուն վերայցելէ։ Դասախօսութիւն։ Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը նշէ եւ յարակից փորձառութիւններ պատմէ։ Բոլորը քաջալերէ, որ Յիշատակատօնին ներկայ եղող հետաքրքրուած անհատներուն վերայցելեն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտը ունենան։ Անոնք նաեւ հրաւէր պէտք է տան՝ մօտալուտ մասնաւոր դասախօսութեան համար։ Այս ուղղութեամբ ցուցադրութիւն մը պարփակէ։
Երգ 152