Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/07 էջ 1
  • Թագաւորութեան մեր յոյսը կը բաժնենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութեան մեր յոյսը կը բաժնենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յոյսդ զօրաւո՛ր պահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Եհովայի յուսա՛ եւ քա՛ջ եղիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ո՞ւր կրնաս գտնել իսկական յոյս
    Զարթի՛ր 2004
  • Յոյսդ քեզ ամօթով պիտի չձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 11/07 էջ 1

Թագաւորութեան մեր յոյսը կը բաժնենք

1 Ճգնաժամային այս վերջին օրերուն, աշխարհի մէջ շատեր անյոյս են։ (Եփ. 2։12) Ուրիշներ անխոհեմօրէն իրենց վստահութիւնը դրած են նիւթական հարստութեան, մարդկային կառավարիչներու, արդի գիտութեան եւ այլ բաներու վրայ։ Ո՜րքան ուրախ ենք որ ապագայի նկատմամբ իսկական յոյս ունինք, յոյս մը՝ որ ‘հաստատ ու անշարժ խարիսխ մըն է մեր անձին’։—Եբր. 6։19

2 Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, երկիրը դրախտի մը պիտի վերածուի։ Ննջեցեալ սիրելիներ պիտի յարուցանուին։ (Գործք 24։15) Աղքատութիւնը, անարդարութիւնը, հիւանդութիւնը, ծերութիւնը եւ մահը պիտի չքանան։ (Սաղմ. 9։18. Մատթ. 12։20, 21. Յայտ. 21։3, 4) Ասոնք Եհովայի կարգ մը խոստումներն են, որոնք շուտով պիտի կատարուին։ Մեր յոյսին ո՞ր երեսակին յատկապէս անձկագին կը սպասես։

3 Բարի լուրը ծանուցանել. Թագաւորութեան յոյսը մեզի պէտք չէ պահենք։ Աստուծոյ ու ընկերի հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ Յիսուսը ընդօրինակելու եւ «աղքատներուն աւետարան քարոզելու, . . . գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու»։ (Ղուկ. 4։18, 19) Պօղոս առաքեալ բարի լուրը քարոզեց շուկայի մէջ, եւ ո՛ւր որ մարդիկ կային։ Ան անխոնջօրէն խօսքով զբաղած էր։ (Գործք 18։5) Ծառայութեան նախանձախնդրօրէն մասնակցելու իր օրինակին հետեւիլը թոյլ պիտի չտայ որ «աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները» մեր քրիստոնէական յոյսը մթագնեն։—Մար. 4։19

4 Թագաւորութեան մեր յոյսը չի մթագնիր երբ կը հանդիպինք մարդոց որոնք անտարբեր են, Թագաւորութեան պատգամը թեթեւի կ’առնեն կամ երեւութապէս մեզի կը հակառակին։ «Անխախտ [կը] պահենք յոյսին դաւանութիւնը»։ (Եբր. 10։23) ‘Աւետարանը ամօթ չենք սեպեր’։ (Հռովմ. 1։16) Թերեւս մեր բացայայտ համոզումին ու յարատեւութեան ի տես, ժամանակի ընթացքին ոմանք մղուին մտիկ ընելու։

5 Թէեւ տեղին ըլլալով աշխարհի վատթարացող վիճակներուն ակնարկութիւն կ’ընենք, բայց մենք ողբերգութիւն քարոզողներ չենք։ Փոխարէն, մեր ծառայութիւնը կեդրոնացած է Թագաւորութեան մեր յոյսին վրայ,– Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը։ Թող այս բարի լուրը համոզումով եւ նախանձախնդրութեամբ քարոզենք, «մինչեւ վախճանը պահելու համար յոյսի լման վստահութիւնը»։—Եբր. 6։11, ԱՎ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել