Իմաստուններու պէս քալէ
1 Երբ Յիսուս չորս ձկնորսներէ խնդրեց որ իր հետեւորդները ըլլան, անոնք իրենց որոշումը չյետաձգեցին, այլ «շուտ մը . . . անոր ետեւէն գացին»։ (Մատթ. 4։18-22) Երբ Տարսոնցի Սօղոս նորադարձ եղաւ եւ իր տեսողութիւնը վերագտաւ, ան նոյնպէս իր որոշումը չյետաձգեց, այլ՝ «անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը»։ (Գործք 9։20) Ժամանակը միշտ յառաջ կ’ընթանայ. անգամ մը որ անցնի, առյաւէտ ետ չի գար։ Այս պատճառաւ կարեւոր է որ մեր ժամանակը ի՛նչպէս գործածելու նկատմամբ ‘իմաստուններու պէս քալենք’։—Եփ. 5։15, 16
2 Աննախատեսելի իրադարձութիւններ. Եհովայի ծառայելու պատեհութիւնները որ ներկայիս ունինք, կրնան վաղը չըլլալ։ (Յակ. 4։14) Ամէն ոք «դիպուած»ի ենթակայ է։ (Ժող. 9։11) Ասկէ զատ, բոլորս ալ կը ծերանանք, իսկ յառաջացած տարիքի ընկերակցող «թշուառութեան օրերը», որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր իրագործումները կը սահմանափակեն, իրերու այս դրութեան մէջ անխուսափելի են։ (Ժող. 12։1) Հետեւաբար, խոհեմութիւն չէ յետաձգել Աստուծոյ նուիրուելու մեր որոշումը, ո՛չ ալ իմաստութիւն է իտէալ պարագաներու սպասել՝ մեր ծառայութիւնը կարելի եղածին չափ ընդարձակելու համար։ (Ղուկ. 9։59-62) Աբրահամ իր վերջին տարիներուն խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն վայելեց, «ծերացած ու իր օրերը լեցուած» մեռնելով, քանի որ իր կեանքը իմաստութեամբ գործածած էր՝ բոլորովին Եհովայի նուիրած։—Ծննդ. 25։8
3 Ժամանակը կարճցած է. Նաեւ կ’ուզենք մեր ժամանակը իմաստութեամբ անցընել, քանի որ «ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորն. 7։29-31) Շուտով, իրերու այս հին դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ «Երկրի հունձք»ի ընթացքին ոչխարանման անհատներու մեծ հաւաքումին մասնակցելու պատեհութիւնները վերջ պիտի գտնեն։ (Յայտ. 14։15) Պէտք է զգոյշ ըլլանք թոյլ չտալու որ կեանքի մտահոգութիւններն ու զբաղումները մեր ժամանակը գողնան, զոր կարելի է ծառայութեան յատկացնել։ (Ղուկ. 21։34, 35) Ի՜նչ գոհունակ պիտի զգանք երբ յետադարձ ակնարկ մը նետելով՝ տեսնենք թէ հունձքին մէջ լիակատար մասնակցութիւն բերինք։
4 Պէտք է յարատեւ արթուն ըլլանք որ չփախցնենք ծառայութեան ուրախ առանձնաշնորհումներ ունենալու առիթը, որ կրնայ մեզի ներկայանալ։ Վճռենք մեր կարելին ընել Եհովայի ծառայելու այնքան ատեն որ «‘Այսօր’ կ’ըսուի»։ (Եբր. 3։13) Ասիկա ընելով, ցոյց պիտի տանք թէ իրապէս իմաստուն ենք, քանի որ «ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհ. 2։17