Ուրախ ենք որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ջանք կը թափենք
1 Պօղոս առաքեալ ուրախ էր ամբողջովին ‘ծախսուելու’, իր քրիստոնէական ծառայութիւնը կատարելու սիրոյն։ (Բ. Կորն. 12։15, ԱՎ) Ներկայիս ալ Քրիստոնեաներէն շատեր փութաջանօրէն կը ծառայեն որպէս ռահվիրաներ։ Ուրիշներ, որոնք ընտանեկան ծանր պատասխանատուութիւններ ունին, իրենց խճողուած յայտագրին մէջ ամէն շաբաթ ծառայութեան համար ժամանակ կը յատկացնեն։ Ոմանք, որոնք առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունին, իրենց սահմանափակ կորովը կը գործածեն Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։ Ի՜նչ քաջալերական է տեսնել որ Եհովայի ժողովուրդը իր ծառայութեան մէջ ջանք կը թափեն, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց տարիքը կամ պարագաները։
2 Ընկերի հանդէպ սէր. Եհովայի ծառայելու համար մեր կարելին ընելը եւ Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ սէր ցուցաբերելը, մաքուր խղճմտանք կը շնորհէ մեզի։ Քանի որ Պօղոս բարի լուրը քարոզելու միջոցին իր անձը տուաւ, ան ուրախութեամբ կրցաւ ըսել. «Այսօր կ’իմացնեմ ձեզի, թէ ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն»։ (Գործք 20։24, 26. Ա. Թես. 2։8) Մեր պարագաներուն ներած չափով ծառայութեան մասնակցելով, արիւնապարտ ըլլալէ պիտի խուսափինք։—Եզեկ. 3։18-21
3 Ուրիշներուն օգնելու համար ջանք թափելը ուրախութիւն կը պատճառէ։ (Գործք 20։35) Եղբայր մը ըսաւ. «Երբ իրիկուն կ’ըլլայ, եւ ամբողջ օրը Եհովայի ծառայելէն ետք տուն կը վերադառնամ, ճիշդ է որ յոգնած կը զգամ, բայց ուրախ եմ եւ Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ որ ինծի տուած է այս ուրախութիւնը, որ մէ՛կը չի կրնար ինձմէ խլել»։
4 Աստուծոյ հանդէպ սէր. Եհովայի ծառայութեան մէջ ջանք թափելու ամենակարեւոր պատճառը այն է՝ թէ անիկա մեր երկնաւոր Հայրը կը հաճեցնէ։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ իր պատուիրանքները պահելու, մէջը ըլլալով՝ քարոզելը եւ աշակերտելը։ (Ա. Յովհ. 5։3) Նոյնիսկ երբ մարդիկ անտարբերութիւն կամ հակառակութիւն ցուցաբերեն, ուրախութեամբ կը շարունակենք Եհովայի համար ծանր աշխատիլ։
5 Հիմա դանդաղելու ժամանակը չէ։ Հունձքի ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ (Մատթ. 9։37) Հողագործ մը հունձքի ատեն սովորաբար երկար ժամեր կ’աշխատի, քանի որ հունձքը հաւաքելու սահմանափակ ժամանակ ունի, այլապէս անիկա կրնայ փճանալ։ Հոգեւոր հունձքին համար թոյլատրուած ժամանակն ալ սահմանափակ է։ Մեր ապրած ժամանակներուն նշանակութիւնը ի մտի ունենալով, թող բոլորս շարունակենք ծառայութեան մէջ շատ ջանք թափել։—Ղուկ. 13։24. Ա. Կորն. 7։29-31