Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունուարին. 1984–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192–էջնոց գիրք որ ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, կրնան Վերապրելով՝ Նոր Երկիրը Մտնել գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Ապրիլին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Յաճախակի աշխատցուած թաղամասին համար, կարելի է Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ նոր գրքոյկը գործածել։
◼ Յունուար 6–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին ներկայ եղող մկրտուած բոլոր հրատարակիչները պիտի ստանան Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը, իսկ իրենց զաւակներուն համար՝ Անձնագիրը։
◼ Փետրուարէն սկսեալ, իսկ Մարտ 2–էն ոչ աւելի ուշ, շրջանային տեսուչներուն համար հանրային նոր դասախօսութիւնը պիտի ըլլայ՝ «Ուսումը Գործածեցէք Եհովան Փառաբանելու Համար»։
◼ Ժողովքները յարմար կարգադրութիւններ պէտք է ընեն այս տարի Յիշատակատօնը տօնակատարելու համար, Կիրակի՝ Մարտ 23–ին, արեւնամուտէն ետք։ Թէեւ դասախօսութինը կրնայ աւելի կանուխ սկսիլ, սակայն Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն բաշխումը արեւնամուտէն առաջ պէտք չէ սկսի։ Տեղական աղբիւրներէ ստուգեցէք արեւնամուտին ժամը ձեր շրջանին մէջ։ Քանի որ այդ օր դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ ուրիշ ժողովներ տեղի պիտի չունենան, պատշաճ փոփոխութիւններ ըրէք Դիտարանի Ուսումնասիրութեան Ժողովը ուրիշ օր մը ընելու համար։ Շրջանային տեսուչները այդ շաբթուան համար պէտք է իրենց ժողովներու յայտագրին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն տեղական պարագաներուն համաձայն։ Մինչ փափաքելի է որ ամէն ժողովք Յիշատակատօնը առանձին տօնակատարէ, բայց ասիկա միշտ կարելի չէ։ Ուր որ մի քանի ժողովքներ սովորաբար նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն, թերեւս մէկ կամ աւելի ժողովքներ կարենան կարգադրել ուրիշ վայր մը գործածել այդ իրիկուան համար։ Յիշատակատօնը շատ ուշ պէտք չէ սկսի, որպէսզի նոր հետաքրքրուած անհատներուն անյարմար չըլլայ։ Ոչ ալ յայտագիրը շատ սեղմ պէտք է ըլլայ, որ ժամանակ չմնայ տօնակատարութենէն առաջ կամ վերջ այցելուներուն բարեւելու, ոմանց շարունակական հոգեւոր օժանդակութիւն տալու համար կարգադրութիւններ ընելու, կամ փոխադարձ քաջալերութիւն վայելելու։ Բոլոր ազդակները լման կերպով նկատի առնելէ ետք, երէցները պէտք է որոշեն թէ ո՛ր կարգադրութիւնները Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն մեծապէս պիտի օգնեն, որպէսզի առիթէն լիովին օգտուին։
◼ 1997–ի Յիշատակատօնի առիթով հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 6–ին։ Ուրուագիծ մը պիտի հայթայթուի։ Այն ժողովքները, որոնք այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը, շրջանային համաժողով կամ միօրեայ մասնաւոր համաժողով ունին, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Ապրիլ 6–էն առաջ ոչ մէկ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը պէտք է ունենայ։
◼ Երէցներու մարմինը տեղեակ պէտք է ըլլայ որ հետեւեալ փոփոխութիւններու կարիքը կայ, երբ ժողովքը տեղական համաժողովին ներկայ գտնուի. Երբ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիր ծրագրուած է, ժողովքը պէտք է սովորական բոլոր ժողովները ունենայ շաբթուան ընթացքին, բացի Հանրային Ժողովէն ու Դիտարանի Ուսումնասիրութեան ժողովէն, որոնք պէտք է չեղեալ նկատուին։ Իսկ երբ ժողովքը շրջանային համաժողովի ներկայ պիտի ըլլայ, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը ու Ծառայութեան Ժողովն ալ տեղի պիտի չունենան. այդ շաբթուան ընթացքին միայն տեղական Գրքի Ուսումնասիրութեան Ժողովը տեղի պիտի ունենայ։