Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/97 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ճշգրիտ Տեղեկագրութեան մը կը Նպաստէ՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ԵՂԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Տեսուչին Աջակցեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՔԻ ԳՐՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 1/97 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ Մեր դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը ամէն ամիս ինչո՞ւ անմիջապէս պէտք է տեղեկագրենք։

Բոլորս ալ ուրախութեան զգացում մը կ’ունենանք երբ կը լսենք որ Թագաւորութեան պատգամին քարոզչութեան վերաբերեալ հոյակապ բաներ կ’իրագործուին։ (Տես՝ Առակաց 25։25։) Գործք Առաքելոց 2։41–ը կը տեղեկագրէ որ Պէնտէկոստէի օրը, Պետրոսի ոգեւորիչ դասախօսութենէն ետք, «երեք հազար հոգիի չափ աւելցան»։ Կարճ ժամանակ մը ետք, այդ թիւը բարձրացաւ «հինգ հազարի»։ (Գործք 4։4) Այդ տեղեկագրութիւնները որքան տոգորիչ եղած ըլլալու էին առաջին դարու Քրիստոնեաներուն համար։ Մենք ալ ներկայիս միեւնոյն կերպով կը հակազդենք քաջալերական տեղեկագրութիւններուն։ Բարի լուրը համայն աշխարհ քարոզելու գործի մէջ մեր եղբայրներուն վայելած յաջողութիւնը լսելով՝ կը հրճուինք։

Քանի որ այս տեղեկագիրները հաւաքելու համար շատ ժամանակ ու ջանք կը պահանջուի, Թագաւորութեան իւրաքանչիւր հրատարակիչի համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է։ Ձեր տեղեկագիրը ամէն ամիս շուտով տալու մէջ բծախնդի՞ր էք։

Եղած յաւելումներուն տեղեկագրութիւնները շատ կ’ուրախացնեն մեզ։ Ասկէ զատ, տեղեկագիրները կ’օգնեն որ Ընկերութիւնը երկրածաւալ գործին յառաջդիմութեան վրայ հսկէ։ Որոշումներ պէտք է առնուին թէ ո՛ւր աւելի օգնութեան կարիքը կայ, ինչպէս նաեւ՝ արտադրուելիք գրականութեանց տեսակին եւ քանակին վերաբերեալ։ Իւրաքանչիւր ժողովքին մէջ երէցները դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները կը գործածեն որոշելու համար թէ ո՞ր մարզի մէջ բարելաւման կարիքը կայ։ Լաւ տեղեկագրութիւնները շինիչ են. մեզ կը մղեն որ մեր անհատական ծառայութիւնը քննենք հաւանական բարելաւումներ ընելու համար։

Բոլոր հրատարակիչները ամէն ամիս դաշտի ծառայութեան տեղեկագիր մը անմիջապէս ներկայացնելու իրենց անհատական պատասխանատուութեան պէտք է գիտակցին։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները կրնան հրատարակիչներուն յիշեցնել իրենց այս պատասխանատուութիւնը, քանի որ անոնք նաեւ արթուն են անհատական օգնութիւն մատուցանելու անոնց, որոնք որոշ դժուարութիւն կրնան ունենալ ամէն ամիս դաշտի ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցելու։ Այս վերյիշեցումը կրնայ տրուիլ իւրաքանչիւր ամսուան գրքի ուսումնասիրութեան վերջին ժողովին կամ որեւէ ուրիշ յարմար առիթով։ Եթէ Թագաւորութեան Սրահին մէջ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնելու պատեհութիւն չկայ, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը կրնայ զանոնք հաւաքել ու վստահ ըլլալ որ անոնք ատենին քարտուղարին տրուին, որպէսզի ամէն ամիս կանոնաւորաբար Ընկերութեան ղրկուելիք ժողովքին տեղեկագրութեան մէջ պարփակուին։

Դաշտի ծառայութեան մեր գործունէութիւնը շուտով տեղեկագրելու մէջ ժրաջան ըլլալը, մեր հոգեւոր բարօրութեան պատասխանատու եղողներուն բեռը կը թեթեւցնէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել