Ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Տեսուչին Աջակցեցէք
1 Իւրաքանչիւրս Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութենէն բազմաթիւ օգուտներ կը քաղենք։ Անցեալ ամիս նկատի առինք թէ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը ի՛նչպէս իր դերը կը կատարէ։ Սակայն, ի՞նչ կրնանք ընել իրեն աջակցելու համար, եւ այսպիսով մեր անձին եւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալով։
2 Ամէն Շաբաթ Ներկայ Գտնուեցէք. Քանի որ գրքի ուսումնասիրութեան խումբերը պզտիկ են, ձեր ներկայութիւնը կարեւոր է։ Ձեր նպատակակէտը դարձուցէք ամէն շաբաթ ներկայ գտնուիլ։ Կրնաք նաեւ օգնել ճշդապահ ըլլալով, քանի որ ասիկա թոյլ կու տայ որ ժողովը կարգապահութեամբ ընթանայ։—Ա. Կորն. 14։40
3 Շինիչ Պատասխաններ. Լաւ նախապատրաստուիլն ու շինիչ պատասխաններ տալը՝ աջակցելու ուրիշ կերպ մըն է։ Մէկ կէտի վրայ կեդրոնացած պատասխանը սովորաբար լաւագոյնն է, եւ ասիկա նաեւ ուրիշները կը քաջալերէ որ պատասխանեն։ Մի փորձէք պարբերութեան պարունակած բոլոր կէտերը ծածկել։ Եթէ նիւթին մէջ կէտ մը ձեր սրտին դպչի, ուսումնասիրութիւնը ճոխացուցէք ձեր միտքը արտայայտելով։—Ա. Պետ. 4։10
4 Եթէ խումբին օգտին համար պարբերութիւնները կարդալու առանձնաշնորհումը ունիք, այդ նշանակումը կատարելու մէջ ջանասէր եղէք։ Լաւ ընթերցանութիւնը ուսումնասիրութեան յաջողութեան կը նպաստէ։—Ա. Տիմ. 4։13
5 Խմբական Վկայութիւն. Գրքի ուսումնասիրութեան վայրերու մէջ դաշտի ծառայութեան ժողովներ կը վարուին, եւ այս կարգադրութիւններուն ձեր թիկունք կանգնիլը տեսուչին կ’օգնէ, մինչ ան աւետարանելու գործին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ։ Այս կարգադրութիւնները նկատեցէք ձեր եղբայրներուն մօտենալու եւ զիրենք քաջալերելու առիթներ։
6 Դաշտի Ծառայութեան Տեղեկագիրներ. Ձեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը ամէն ամսու վերջաւորութեան անմիջապէս ներկայացնելը, տեսուչին աջակցելու ուրիշ կերպ մըն է։ Կրնաք ձեր տեղեկագիրը ուղղակի իրեն տալ կամ զայն Թագաւորութեան Սրահին մէջ ծառայութեան տեղեկագիրներու յատկացուած տուփին մէջ դնել։ Քարտուղարը կրնայ այդ տուփը գործածել, գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչներուն կողմէ հաւաքուած դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները առնելու համար։
7 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչին հետ ձեր համագործակցութիւնը աննկատ պիտի չմնայ։ Ամէն բանէ աւելի, կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովա «ձեր ցուցաբերած հոգիին հետ [պիտի] ըլլայ»։—Փիլ. 4։24, ՆԱ