Ժողովքի գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները ի՛նչպէս անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան
1 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը ծրագրուած է, որպէսզի «կարելի ըլլայ իւրաքանչիւր անհատի հոգեւոր աճման աւելի մօտէն ուշադրութիւն ընծայել։ . . . Անիկա իր ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերուած Եհովայի հաւատարիմ սիրոյ եւ քնքուշ հոգատարութեան մէկ արտացոլացումն է»։ (om էջ 75. Եսայ. 40։11) Գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչը այսպիսի անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու մէջ բանալի դեր մը կը խաղայ։
2 Գրքի Ուսումնասիրութեան Խումբին Մէջ. Քանի որ գրքի ուսումնասիրութեան խումբերը դիտումնաւոր կերպով փոքր կը պահուին, գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչը կրնայ իր խումբի բոլոր անդամները մօտէն ճանչնալ։ (Առ. 27։23) Սովորաբար, ամէն շաբաթ ուսումնասիրութենէն առաջ կամ ետք, իրարու հետ ընկերակցելու պատեհութիւններ կան։ Ամսուան ընթացքին, թերեւս ան կարենայ խօսակցիլ խումբին գրեթէ բոլոր անդամներուն հետ։ Ասիկա խումբի անդամներուն կ’օգնէ որ հանգիստ զգան իրեն մօտենալու, երբ խնդիրներ դիմագրաւեն կամ քաջալերութեան կարիքը ունենան։—Եսայ. 32։2
3 Գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչը կը ջանայ խումբին բոլոր անդամները քաջալերել որ ուսումնասիրութեան ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերեն։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ ուսումնասիրութիւնը վարել ազնիւ ու փափկանկատ կերպով։ (Ա. Թես. 2։7, 8) Անիկա կերպեր կը փնտռէ որ բոլորը ուսումնասիրութեան մասնակցին, ի ներառեալ փոքրիկները։ Եթէ ոմանք պատասխանելու կը վարանին, ան կրնայ առանձին օգնութիւն մատուցանել, կանխաւ կարգադրելով որ անոնք համար մը կարդան կամ որոշ պարբերութեան մը մասին մեկնաբանեն։ Կամ կրնայ անոնց ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց բառերով պատասխանել։
4 Եթէ գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին օգնականը օգնական ծառայ մըն է, տեսուչը կը կարգադրէ որ ան ուսումնասիրութիւնը վարէ երկու ամիսը անգամ մը։ Ասիկա թոյլ կու տայ որ տեսուչը օգնականին վարած կերպը դիտէ եւ օգտակար թելադրութիւններ տայ։ Ի՜նչ սքանչելի կարգադրութիւն մը, եղբայրներուն օգնելու որ իրենց ուսուցանելու արուեստը բարելաւեն։—Տիտ. 1։9, ՆԱ
5 Դաշտի Ծառայութեան Մէջ. Գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին գլխաւոր պատասխանատուութիւններէն մէկն է՝ աւետարանելու գործին մէջ առաջնորդութիւնը առնել։ (Թուոց 27։16, 17) Ան խմբային վկայութեան համար գործնական կարգադրութիւններ կ’ընէ, եւ կը ջանայ խումբին բոլոր անդամներուն օգնել որ ծառայութեան մէջ ուրախութիւն գտնեն։ (Եփ. 4։11, 12) Ասիկա իրագործելու համար, ան խումբին իւրաքանչիւր անդամին հետ ծառայութեան ելլելու նպատակակէտ կը դնէ։ Ան նաեւ կը կարգադրէ ծառայութեան տեսուչին հետ, որ ծառայութեան որոշ մէկ մարզին մէջ բարելաւուիլ փափաքող անհատ մը, աւելի փորձառու հրատարակիչի մը կողմէ օգնութիւն ստանայ։
6 Որպէս Սիրալիր Հովիւ. Գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչը հետաքրքրուած է անոնցմով, որոնք իրենց պարագաներուն պատճառաւ կարող են միայն չնչին մասնակցութիւն բերել քարոզչութեան մէջ։ Ան հոգ կը տանի որ անոնք որոնք շատ սահմանափակուած են՝ յառաջացած տարիքի պատճառաւ կամ քանի որ անկողինի դատապարտուած են, եւ անոնք որոնք ժամանակաւորապէս սահմանափակուած են՝ լուրջ հիւանդութեան կամ վնասուածքի պատճառաւ, տեղեակ ըլլան այն կարգադրութենէն, որ թոյլ կու տայ իրենց որ առնուազն 15 վայրկեան դաշտի ծառայութիւն տեղեկագրեն, եթէ կարող չեն ամսուան մը ընթացքին լման ժամ մը տեղեկագրել։ (Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը կ’որոշէ թէ ո՛վ որակելի է այս կարգադրութեան։) Ան նաեւ կը հետաքրքրուի իր խումբին նշանակուած անգործունեայ անհատներով, ջանալով անոնց օգնել որ ժողովքին հետ իրենց գործունէութիւնը վերսկսին։—Ղուկ. 15։4-7
7 Որքա՜ն երախտապարտ ենք գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչներուն կողմէ ցուցաբերուած սիրալիր հետաքրքրութեան համար։ Անոնց ցուցաբերած անձնական հետաքրքրութիւնը կ’օգնէ որ ‘ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին միաբանութեանը, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու’։—Եփ. 4։13