Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ի՛նչպէս մեզի կ’օգնէ
1. Մեր շաբաթական հինգ ժողովները ի՞նչպէս կ’օգնեն մեզի։
1 Մեր շաբաթական հինգ ժողովներէն իւրաքանչիւրը տարբեր ոճ ու նպատակ ունի։ Այսուհանդերձ, բոլորն ալ կարեւոր են ու մեզի կ’օգնեն որ «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով»։ (Եբր. 10։24, 25) Ի՞նչ են Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կարգադրութեան կարգ մը յատուկ եւ օգտակար երեսակները։
2. Գիրքի ուսումնասիրութեան մէջ պզտիկ խումբով հաւաքուելուն օգուտները ի՞նչ են։
2 Հոգեւոր յառաջդիմութեան համար օգնութիւն. Գիրքի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուողներուն թիւը ընդհանրապէս ժողովքային միւս հանդիպումներուն ներկայ եղողներուն թիւէն քիչ է։ Ասիկա բարեկամութիւններ զարգացնելը կը դիւրացնէ, որոնք հոգեւոր օգնութեան աղբիւր մըն են։ (Առ. 18։24) Ջանք թափա՞ծ ես գիրքի ուսումնասիրութեան խումբիդ բոլոր անդամներուն ծանօթանալու, թերեւս իւրաքանչիւրէն ծառայութեան ժամադրութիւններ առնելով։ Գիրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը նաեւ կարելիութիւն կու տայ գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին, որ խումբին իւրաքանչիւր անդամին յատուկ պարագաներուն քաջածանօթ ըլլայ եւ զանոնք անձամբ քաջալերէ։—Առ. 27։23
3. Գիրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ի՞նչ կերպով կը քաջալերէ Աստուածաշունչի աշակերտները որ ներկայ գտնուին եւ պատասխաններ տան։
3 Աստուածաշունչի աշակերտներդ հրաւիրա՞ծ ես որ քեզի հետ գիրքի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուին։ Թերեւս հետաքրքրուած անհատներ վարանին մեր մեծ ժողովներուն ներկայ գտնուելու, բայց շատ չամչնան փոքր ժողովի մը ներկայ գտնուելու, մանաւանդ՝ անձնական տան մը մէջ։ Մտերմիկ մթնոլորտը կը դիւրացնէ որ դեռատիներ եւ հետաքրքրուած անհատներ պատասխաններ տան, եւ քանի որ խումբը փոքր է, մասնակցելու եւ Եհովան փառաբանելու աւելի պատեհութիւններ կան։—Սաղմ. 111։1
4. Գիրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ի՞նչ կերպերով կրնայ յարմար ըլլալ։
4 Գիրքի ուսումնասիրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ’ունենան ժողովքին թաղամասին մէջ, յարմար վայրերու մէջ։ Թէեւ անկարելի է որ բոլորն ալ իրենց ամենամօտիկ եղող խումբին մէջ նշանակուին, բայց մեզի նշանակուած գիրքի ուսումնասիրութեան երթալը աւելի քիչ ժամանակ կ’առնէ, քան՝ ժողովքային միւս հանդիպումներուն երթալը։ Գիրքի ուսումնասիրութեան վայրը նաեւ կրնայ ծառայել որպէս հանդիպման յարմար վայր մը, ուրկէ դաշտի ծառայութեան կրնանք մեկնիլ։
5. Մեր գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչը ի՞նչպէս կրնայ ծառայութեան մէջ մեզի օգնութիւն մատուցանել։
5 Ծառայութեան համար օգնութիւն. Գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչը հետաքրքրուած է իւրաքանչիւրին օգնելով, որ ծառայութեան մէջ կանոնաւոր, իմաստալից եւ ուրախ մասնակցութիւն բերէ։ Հետեւաբար, ան կը ջանայ խումբին իւրաքանչիւր անդամին հետ քարոզել, ծառայութեան զանազան երեսակներուն մէջ անձնական օգնութիւն մատուցանելով։ Թերեւս ան կարգադրէ որ քարոզես խումբին փորձառու մէկ հրատարակիչին հետ։ Աստուածաշունչի աշակերտներուն ուսուցանելու կարողութիւնդ պիտի բարելաւուի, գիրքի ուսումնասիրութեան ընթացքին ուշադրութիւն ընծայելով տեսուչին սորվեցնելու հմուտ մեթոտներուն։—Ա. Կորն. 4։17
6. Գիրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութենէն ինչո՞ւ լիովին պէտք է օգտուինք։
6 Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութիւնը ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է։ Եհովայի կողմէ այս սիրալիր կարգադրութիւնը մեզի կ’օգնէ հոգեւորապէս հաստատ մնալու ներկայ դժուար ժամանակներու ընթացքին։—Սաղմ. 26։12