ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՔԻ ԳՐՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉԻՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ
1 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը կենսական դեր մը կը խաղայ մեր կարողութիւնները զարգացնելու մէջ որպէս բարի լուրի ծառաներ։ Խումբերը նպատակաւ պզտիկ պահուած են՝ ջերմ, ընտանեկան մթնոլորտ մը քաջալերելու, Աստուածաշունչը եւ Ընկերութեան հրատարակութիւններէն մէկը ուսումնասիրելու համար։ Այս պզտիկ խումբերը նաեւ կը հայթայթեն իտէալ պայմաններ մեզ մարզելու որ աւելի ազդեցիկ ըլլանք դաշտի ծառայութեան մէջ։ Գրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութեան միջոցաւ, անհատներու մատչելի են անձնական քաջալերանք եւ ուշադրութիւն ընծայել։ Ինչպէ՞ս կրնանք վարիչին հետ լիովին համագործակցիլ եւ այս ընտիր հայթայթումէն օգտուիլ։
2 Նախանձախնդիր Մասնակցութիւն Դաշտի Ծառայութեան. Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին ամենակարեւոր պատասխանատուութիւններէն մէկն է խումբին իւրաքանչիւր անդամին օգնել որ նախանձախնդիր բաժին մը բերէ ծառայութեան մէջ։ Ասոր առնչութեամբ, Մեր Ծառայութիւն գիրքը էջ 44–ին վրայ մեր ուշադրութեան կը յանձնէ թէ «դաշտի գործունէութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած կանոնաւորութիւնը, նախանձախնդրութիւնը եւ խանդավառութիւնը պիտի ցոլացուին հրատարակիչներուն կողմէ»։ Երբեմն վարիչը ծառայութեան պիտի մասնակցի իր ընտանիքի անդամներուն հետ, բայց ան նաեւ ուրախ պիտի ըլլայ ուրիշներու հետ ընկերանալով ծառայութեան այլազան երեսակներուն մէջ ինչպէս որ իր պարագաները կը ներեն։ Կրնա՞ք դաշտի ծառայութեան ժողովներուն կանոնաւորաբար թիկունք կանգնիլ։ Ձեր այդպէս ընելը շատ պիտի գնահատուի ձեր գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին եւ ուրիշ հրատարակիչներու կողմէ։
3 Դաշտի ծառայութեան ժողովները կարգադրուած են յարմար վայրերու մէջ, այնպէս որ բոլորը կարենան նախանձախնդիր բաժին մը բերել քարոզչական գործին մէջ։ Մինչ տեղական պայմանները նկատի կ’առնուին, ամէն խումբ պիտի ուզէ ծառայութիւնը կանուխ սկսիլ։ Շատ մը հրատարակիչներ եւ ռահվիրաներ լաւ յաջողութիւն կ’ունենան երբ ծառայութիւնը կը շարունակեն կէսօրէ ետք՝ շաբաթավերջը։
4 Կը փափաքի՞ք օժանդակութիւն ստանալ ծառայութեան որոշ երեսակի մը մէջ։ Հաւանաբար ձեր գրքի ուսումնասիրութեան վարիչը կրնայ կարգադրել որ կարող հրատարակիչ մը խումբին մէջ ձեր հետ աշխատի։ Ամսուան վերջաւորութեան, վստահ եղէք որ ձեր դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը արագօրէն յանձնէք։ Թէ՛ գրքի ուսումնասիրութեան վարիչը եւ թէ քարտուղարը պիտի գնահատեն ձեր համագործակցութիւնը նաեւ այս կարեւոր մարզին մէջ։—Բաղդատել Ղուկ. 16։10։
5 Երբ Ծառայութեան Տեսուչը Խումբը կ’Այցելէ. Ծառայութեան տեսուչը սովորաբար իւրաքանչիւր ամիս կ’այցելէ գրքի ուսումնասիրութեան խումբ մը, որպէսզի դաշտի ծառայութեան մէջ աւելի մեծ ու աւելի նշանակալից գործունէութիւն քաջալերէ։ Ուշի ուշով մտիկ ըրէք 15–վայրկաննոց դասախօսութեան զոր կը ներկայացնէ գրքի ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան, քանի որ անիկա պիտի հայթայթէ մասնայատուկ խրատ որ խումբին պիտի օգնէ քարոզչական գործին այլազան երեսակներուն մէջ բարելաւուելու։ Ծառայութեան տեսուչը նաեւ պատրաստ է գրքի ուսումնասիրութեան տարբեր անդամներուն հետ աշխատելու շաբաթավերջին ընթացքին։ Վստահ եղէք այս մասնաւոր հայթայթումը օգտագործելու, այնպէս որ կարենաք օգտուիլ իր փորձառութենէն եւ կարողութենէն դաշտին մէջ։
6 Համագործակցելու մեր անձնական օրինակը եւ աւելի նուազ փորձառութիւն ունեցողներուն օժանդակելու մեր պատրաստակամութիւնը յառաջ պիտի բերեն ջերմ, բարեկամական մթնոլորտ մը Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ մինչ ‘բարիք կ’ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն’։—Գաղ. 6։10