ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ ԳՐՔՈՎ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՎԱՐԵՑԷՔ
1 Յաւիտեան Ապրիլ գրքին ակնարկելով, կին մը բացագանչեց. «Ուղղակի Աստուածաշունչէն ետք, այս գիրքը կը հանդիսանայ մինչեւ հիմա իմ կարդացած ամենէն ճշգրիտ, ներշնչող, եւ մղիչ գրականութիւնը»։ Բոլորս ալ կը համաձայնինք որ այս գիրքը մինչեւ հիմա հրատարակուած լաւագոյն գրականութիւններէն մէկն է մարդոց օգնելու որ Աստուածաշունչը հասկնան եւ մանաւանդ զանոնք մղելու որ Եհովայի գործունեայ փառաբանողներ ըլլան։
2 1985–ին, երբ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը Արաբերէնով լոյս տեսաւ, 2178 հրատարակիչներ 1462 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէին Լիբանանի մէջ։ Ներկայիս, 2957 հրատարակիչներ 2389 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։ Մինչեւ այս թուականին, Յաւիտեան Ապրիլ գրքէն 62 միլիոն օրինակներ տպուած են 115 լեզուներով։ Ի՜նչ ազդեցութիւն մըն է զոր այս գիրքը կ’ունենայ մեր աշխարհածաւալ գործին վրայ։
3 Նպատակակէտեր Դրէք. Այս ուշագրաւ աճումը հետեւանքն է Եհովայի օրհնութեան եւ իր ժողովուրդին ջանքին որ Աստուածաշունչի կենսապահ պատգամով անկեղծ անհատներուն օգնեն։ (Հռովմ. 10։13–15. Ա. Տիմ. 2։4) Մենք կը գիտակցինք այս ժամանակներուն ստիպողականութեան եւ փութաջանութեան կարիքին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յայտարարելու։
4 Մինչ կազմակերպութիւնը կը յառաջդիմէ, մենք անհատապէս ինչպէ՞ս կ’ընթանանք։ Վճռա՞ծ ենք մեր լման մասնակցութիւնը բերել աշակերտելու կենսական աշխատանքին մէջ։ Ասիկա իրագործելու համար, պէտք է անձնական նպատակակէտեր դնենք։ Կրնա՞նք աւելի ջանասէր ըլլալ հետաքրքրութիւնը հետապնդելու մէջ։ Ինչո՞ւ չդնենք Փետրուար ամսուան ընթացքին Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտը։
5 Որո՞նք Կրնան Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Վարել. Տարբեր մակարդակի հրատարակիչներ Յաւիտեան Ապրիլ գրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու ուրախութիւնը ունեցած են։ Անոր ոճին պարզութիւնը աւելի դիւրին կը դարձնէ վարելը, թոյլ տալով որ նոյնիսկ նորեկ հրատարակիչներ կարենան իրենց բաժինը բերել այս կարեւոր աշխատանքին մէջ։ Անկէ զատ, մեզմէ շատեր անձնապէս ուսումնասիրած են զայն, ուստի անոր բովանդակութեան քաջածանօթ ենք։ Հրատարակիչ մը որ Աստուածաշունչի որեւէ ուսումնասիրութիւն վարած չէր Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը գործածելէն առաջ, գնահատանքով գրեց. «Երեք ուսումնասիրութիւններ ունիմ եւ չորրորդը պատրաստ է սկսելու։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը այսքան դիւրին դարձնելու համար, չեմ կրնար բաւարար շնորհակալութիւն յայտնել»։
6 Պատանիներն ալ իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան աշխատանքին մէջ, գործածելով Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։ Պատանի եղբայր մը դպրոցին մէջ գիրքը կը ձգէ իր գրասեղանին վրայ։ Ասիկա ճամբան հարթած է լաւ խօսակցութիւններու եւ Աստուածաշունչի մի քանի ուսումնասիրութիւններու։ Կարգ մը պզտիկներ ծառայութեան ընթացքին ուղղակի մօտեցումը գործածած են իրենց հանդիպած ծնողներէն արտօնութիւն խնդրելով որ անոնց զաւակներուն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարեն։ Մեր զաւակները երբեք շատ պզտիկ չեն Եհովայի դրախտային երկրին վրայ յաւիտենական կեանքի խոստումին մասին խօսելու։
7 Պատանի թէ տարեց, տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը մեծագոյն ուրախութիւններէն մէկն է զոր ոեւէ անհատ կրնայ վայելել ծառայութեան մէջ։ Ուստի, մեզմէ ամէն մէկը թող Եհովայի օգնութեան համար աղօթէ եւ ամէն առիթ օգտագործէ մեր յոյսը հրապարակաւ յայտարարելու։ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը գործածեցէք ուրիշներու օգնելու որ սորվին ինչպէս իրենց բաժինը բերել մեր Աստուածը՝ Եհովան՝ փառաբանելու մէջ։—Սաղմ. 148։12, 13