ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ՞Ք
1 Շատեր լաւ յաջողութիւն ձեռք կը ձգեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ, գործածելով ուղղակի մօտեցումը մարդոց ներկայացնելով պատեհութիւնը Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Մարդ մը որ մերժած էր գրականութիւններ ստանալ շատ մը առիթներով, շուտով ընդառաջեց երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուեցաւ։ Ան պատասխանեց. «Ես միշտ կը փափաքէի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել»։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, եւ ամբողջ ընտանիքը արագ յառաջդիմութիւն մը արձանագրեց։
2 Բոլորս ալ արթուն պէտք է ըլլանք ուսումնասիրութիւններ հաստատելու նկատմամբ։ Որպէսզի անհատներ յառաջդիմեն Քրիստոսին աշակերտներ ըլլալով, պէտք է անոնց սորվեցնենք։ (Մատթ. 28։19, 20) Որպէսզի անոնց սորվեցնենք, անոնք պէտք ունին որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարուի իրենց հետ։ Ուսումնասիրութիւններ կարելի է յաճախ սկսիլ պարզապէս առաջարկելով ապացուցանել թէ ինչպէ՛ս տանուտէրը կրնայ աւելի սորվիլ Աստուածաշունչին եւ Աստուծոյ խոստումներուն մասին։ Եղբայր մը հինգ ուսումնասիրութիւններ հաստատեց, Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկին միջոցաւ։ Քանի որ չէր կրնար Աստուածաշունչի այդ ուսումնասիրութիւնները կանոնաւորաբար վարել, սկսաւ ուրիշ հրատարակիչներու յանձնել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները։
3 Եթէ մեզի համար դիւրին է ուսումնասիրութիւններ հաստատել, կրնանք ուրիշ հրատարակիչներ մեր հետ առնել եւ անոնց օգնել որ ուսումնասիրութիւններ հաստատեն։ Կամ կրնանք կարգ մը ուսումնասիրութիւններ, զորս հաստատած ենք, ուրիշներու յանձնել ժողովքին մէջ։ Եթէ կը փափաքիք վարել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, ինչո՞ւ չփորձէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ներկայացնել անոնց որոնց կը հանդիպիք տունէ տուն ծառայութեան ատեն։ Անգամ մը հրատարակիչ մը վերայցելեց պատանուհի մը, որ շատ հետաքրքրութիւն չէր յայտնաբերած։ Սակայն եւ այնպէս, հրատարակիչը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը անոր ներկայացուց, եւ անիկա ընդունեց։ Անիկա այժմ մկրտուած է, եւ իր քոյրը եւ քրոջ ամուսինը ժողովներուն ներկայ կ’ըլլան։—Գաղ. 6։6
4 Ոչ ամէն անհատ որու հետ կը սկսինք ուսումնասիրել պիտի շարունակէ ուսումնասիրել։ Ոչ բոլոր անոնք որոնք կ’ուսումնասիրեն՝ ճշմարտութեան պիտի գան։ Բայց ոմանք պիտի գան։ Որքան աւելի ուսումնասիրութիւններ կը հաստատենք, այդքան աւելի հաւանականութիւն կ’ըլլայ որ պիտի կարողանանք ուրիշներու օգնել որ Եհովան փառաբանողներ ըլլան։