Մաս 12. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտներուն օգնել որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատեն ու վարեն
1 Երբ մեր Աստուածաշունչի աշակերտները դաշտի ծառայութեան սկսին մասնակցիլ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ հաստատելու եւ վարելու խորհուրդը կրնայ զիրենք վախցնել։ Ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել որ մեր ծառայութեան այս էական երեսակին հանդէպ դրական կեցուածք մշակեն։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20
2 Երբ Աստուածաշունչի աշակերտը չմկրտուած հրատարակիչ ըլլալու որակեալ կը դառնայ, հաւանաբար արդէն լիովին կ’օգտուի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն։ Աշակերտական բաժիններ պատրաստելով եւ ներկայացնելով, ան աշակերտելու հարկ եղած հմտութիւնները կը մշակէ, «ըլլալով այնպիսի գործաւոր մը՝ որ պիտի չամչնայ, շիտակ բացատրելով ճշմարտութեան խօսքը»։—Բ. Տիմ. 2։15, ԱՎ
3 Օրինակովդ սորվեցուր. Յիսուս իր աշակերտները մարզեց՝ յստակ հրահանգներ տալով եւ ընտիր օրինակ հանդիսանալով։ Ան ըսաւ. «Ամէն կատարեալ աշակերտ՝ իր վարդապետին պէս պիտի ըլլալ»։ (Ղուկ. 6։40, ԱՎ) Կենսական է որ Յիսուսի քայլերուն հետեւիս, ծառայութեանդ մէջ պատշաճ օրինակ հանդիսանալով։ Աշակերտդ ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւնդ նկատելով, պիտի ըմբռնէ թէ վերայցելութիւններ ընելու նպատակն է՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
4 Անոր բացատրէ թէ երբ ուսումնասիրութիւն մը կ’առաջարկենք, ընդհանրապէս անհրաժեշտ չէ որ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը մանրամասնօրէն նկարագրենք։ Յաճախ լաւագոյն կերպն է ուսումնասիրութիւնը ցուցադրել, ուսումնասիրութեան գրականութենէն մէկ կամ երկու պարբերութիւն գործածելով։ Ասոր վերաբերեալ օգտալից թելադրութիւններ տրուած են 8–րդ էջին մէջ, եւ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 6–րդ էջին մէջ։
5 Երբ յարմար է, աշակերտը հրաւիրէ որ քեզի հետ կամ ուրիշ փորձառու հրատարակիչի մը հետ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ներկայ գտնուի։ Ան կրնայ պարբերութեան մը կամ գլխաւոր համարի մը մասին մեկնաբանել։ Ան դիտումով շատ բան պիտի սորվի Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարելու մասին։ (Առ. 27։17. Բ. Տիմ. 2։2) Զինք գովէ, եւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ բարելաւուիլ։
6 Նոր հրատարակիչները մարզելը որ Աստուծոյ Խօսքին ուսուցիչները ըլլան, զիրենք պիտի պատրաստէ ուսումնասիրութիւններ հաստատելու եւ վարելու «բարի գործ»ին համար։ (Բ. Տիմ. 3։17) Ի՜նչ գոհունակութիւն է անոնց հետ ուս–ուսի ծառայել, ուրիշներուն սա սիրալիր հրաւէրը տալով. «Ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։—Յայտ. 22։17