ՏԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԻՆՔ
1 Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար մեծապէս վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ փորձառութիւններէն մէկն է անհատի մը ճշմարտութիւնը սորվեցնել տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ։ Այսուհանդերձ, ոմանք թերեւս ծառայութեան այս ճոխացնող երեսակը չեն վայելել, քանի որ կը զգան թէ անկարող են Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ ու վարել։ Աչքառու շատ մը հրատարակիչներ եւ ռահվիրաներ անգամ մը այդպէս կը զգային։ Սակայն, Եհովայի ապաւինելով եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկի թելադրութիւնները կիրարկելով, անոնք սորվեցան ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ ու վարել եւ իրենց ուրախութիւնը աւելցուցին ծառայութեան մէջ։ Նոյն նպատակակէտը կրնաք ունենալ։
2 Ուղղակի Մեթոտը եւ Թերթիկները Գործածել. Ուսումնասիրութիւն մը սկսելու ամենադիւրին կերպերէն մէկն է ուղղակի մեթոտը։ Կարգ մը անհատներ կարիքը ունին միայն ջերմ հրաւէրի մը Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու։ Ասիկա կարելի է ընել պարզապէս տանուտիրոջ հարցնելով. «Կը փափաքի՞ք տան սուրբ գրային անձնական ուսումնասիրութիւն մը ունենալ եւ աւելցնել ձեր գիտութիւնը Աստուածաշունչի մասին եւ երկրի վերաբերեալ Աստուծոյ նպատակին մասին»։ Կամ կրնաք տանուտիրոջ ըսել թէ ուրախ պիտի ըլլաք ցուցադրելով այն կերպը որով տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի։ Թէեւ շատեր կրնան մերժել այս առաջարկը, մտածեցէք ձեր ուրախութեան մասին գտնելով մէկը որ զանիկա կ’ընդունի։
3 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու ուրիշ կերպ մըն է մեր թերթիկներէն մէկը գործածել վերայցելութեան ատեն։ Թէեւ չափով պզտիկ են, անոնք կը ներկայացնեն զօրեղ ու համոզիչ պատգամ մը։ Ինչպէ՞ս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ թերթիկի մը միջոցաւ։ Պարզապէս տանուտիրոջ տալով թերթիկ մը որ կը խորհիք թէ զինք պիտի հետաքրքրէ։ Ապա նախաքայլը առէք ու տանուտէրը հրաւիրեցէք որ ձեր հետ կարդայ առաջին պարբերութիւնը։ Մէջբերուած համարները բացէք եւ բացատրեցէք ինչպէս կապ ունին նիւթին հետ։ Առաջին անգամին, կրնաք նկատի առնել միայն մէկ կամ երկու պարբերութիւններ։ Երբ տանուտէրը սկսի գնահատել թէ Աստուածաշունչէն հետաքրքրական բաներ կը սորվի, կրնաք աւելցնել այն ժամանակը զոր կը տրամադրէիք ձեր խօսակցութիւններուն։
4 Միայն Աստուածաշունչը Գործածել. Երբեմն անհատ մը կը յօժարի Աստուածաշունչը քննել բայց կը դժկամակի պաշտօնական ուսումնասիրութիւն մը ընդունելու կամ մեր գրականութիւններէն մէկը գործածելու։ Տակաւին կրնաք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ ու վարել, պատրաստելով սուրբ գրային հետաքրքրական նիւթեր հիմնուած Յաւիտեան Ապրիլ կամ Պատճառաբանել գրքի վրայ, բայց միայն Աստուածաշունչը գործածելով երբ հետաքրքրուող անհատը կ’այցելէք։ Այսպիսի խօսակցութիւններ կրնան տեւել 15 կամ 20 վայրկեան, կամ աւելի երկար, պարագաներէն կախեալ ըլլալով։ Եթէ կանոնաւորաբար ու յառաջդիմական մեթոտով կատարուի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուսուցանելու համար, սկսած էք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը եւ կրնաք զայն տեղեկագրել։ Երբ ժամանակը յարմար է, կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացնել ու անով պաշտօնական ուսումնասիրութիւն մը վարել։
5 Դաշտի ծառայութեան մէջ պատեհութիւններ օգտագործելէ զատ, ջանք թափա՞ծ էք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու դրացիներուն, ընկերակիցներուն կամ ընտանիքի անդամներուն հետ։ Ատիկա բաւակա՞ն առաջ էր։ Վերջերս դարձեալ փորձա՞ծ էք։ Եթէ մեթոտ մը չյաջողեցաւ, մտածեցի՞ք ուրիշ մը փորձել։
6 Կրնաք յաջողութիւն գտնել ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ եթէ տրուած թելադրութիւնները կիրարկէք։ Շարունակեցէք դաշտի ծառայութիւնը եւ Եհովայի ապաւինեցէք իր օրհնութեան համար։ Երբեք մի թերգնահատէք ճշմարտութեան ոյժը եւ Եհովայի տուած օգնութիւնը։ Թող որ աւելցնէք ձեր ուրախութիւնը ծառայութեան մէջ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելով ու վարելով։