ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՇԱԿԵՑԷՔ ԱԶԴԵՑԻԿ ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼՈՎ
1 Ամէն լաւ պատրաստուած դասախօսութիւն կը պարփակէ հետաքրքրութիւն գրգռող բացում մը, տեղեկատուական մարմին մը, եւ մղիչ եզրակացութիւն մը։ Բացումը ունկնդիրներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ, բայց առանց մարմինին եւ եզրակացութեան, դասախօսութիւնը անկատար կը մնայ։ Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի մեր ծառայութեան վրայ։ Լաւ բան մըն է տանուտիրոջ հետաքրքրութիւնը գրգռել առաջին հանդիպումին ատեն, բայց պէտք է շարունակենք այդ սկզբնական հետաքրքրութիւնը մշակել ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելով։
2 Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը կը թոյլատրէ. Ի՜նչ միտք գրգռող հարցում մըն է։ Չէ՞ք ընդունիր թէ այս նիւթը շատ մը մարդոց միտքը կը զբաղեցնէ այսօր։ Այս պատճառով է որ, վերոյիշեալ յօդուածին մէջ, թելադրուեցաւ որ այս հարցումը ուղղէք առաջին հանդիպումին վերջաւորութեան, որպէսզի անոր պատասխանէք երբ կը վերայցելէք։
3 Կրնաք այս ըսել.
◼ «Բարեւ։ Վերջին անգամ երբ խօսակցեցանք, Աստուած տառապանքը ինչո՞ւ կը թոյլատրէ նիւթը յարուցուեցաւ, եւ խոստացայ վերադառնալ կարգ մը տեղեկութիւններ բերելով ձեզի համար։ Շատ մարդիկ կը զգան թէ եթէ Աստուած իրապէս կը հոգայ մեզի, տառապանքին վերջ մը պէտք է դնէ։ Թերեւս նոյնպէս զգացած էք։ [Թոյլ տուէք որ տանուտէրը պատասխանէ։] Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ թէ Աստուած իրապէս կը հոգայ։ [Կարդացէք Ա. Յովհաննու 4։8։] Աստուած լաւ պատճառներ ունի թոյլ տալու որ տառապանքը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այս պատճառներէն մէկը բացատրուած է Բ. Պետրոս 3։9–ին մէջ։ [Կարդացէք։] Ուրիշ պատճառներ յիշուած են այս գրքոյկին մէջ»։ Յետոյ բացէք Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկին 12–14 էջերը եւ բացատրեցէք հետաքրքրական կէտ մը։
4 Կարգ մը տանուտէրներ թերեւս աւելի լայն տեղեկութիւններ կ’ուզեն, եւ մի քանի վերայցելութիւններ թերեւս անհրաժեշտ ըլլան որպէսզի պատասխանով կատարելապէս գոհանան։ Ընկերութեան 192 էջնոց մի քանի գիրքեր, որոնք պիտի ներկայացուին Յունուար ամսուան ընթացքին, կը պարփակեն գլուխ մը զոր կարելի է գործածել որպէս հիմ մը յաւելեալ խօսակցութեան նիւթին։
5 Երբ խօսակցութիւնը կ’եզրափակէք, ուրիշ հարցում մը յարուցէք եւ տանուտիրոջ ըսէք թէ ուրախ պիտի ըլլաք իրեն հետ հետաքրքրական տեղեկութիւններ բաժնելու երբ վերադառնաք։ Շատ մարդիկ կը փափաքին գիտնալ թէ ի՛նչ կը պատահի անհատի մը մահուան ատեն։ Ինչո՞ւ չկարգադրէք այս նիւթը բացատրելու յարմար ժամանակի մը մէջ։
6 Ձեզի համար օգտակար պիտի ըլլայ ի մտի ունենալ երեք գլխաւոր սկզբունքներ։ Դիւրաթեք եղէք։ Տանուտէրը թերեւս վարժ չէ ժամանակ յատկացնելու Աստուածաշունչի խօսակցութիւններու համար։ Կարճաբանեցէք։ Սկիզբը երկար ատեն մի մնաք կամ շատ կէտեր մի ծածկէք։ Շատ մը պարագաներուն, ձեր այցելութիւններուն աւելի նպաստաւոր ընդառաջում պիտի ըլլայ եթէ միայն մի քանի կէտեր ծածկէք կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ Ջերմ եւ բարեկամական եղէք։ Տանուտիրոջ ցոյց տուէք թէ անձամբ հետաքրքրուած էք իրմով որպէս անհատ մը։
7 Մեր անմիջական նպատակակէտն է տանուտիրոջ միջամուխ ընել Սուրբ Գրային խօսակցութեան մը։ Յետոյ կ’ուզենք տան Աստուածաշունչի արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ գործածելով յարմար գիրք մը ինչպէս՝ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը։ Այդ ուրախութիւնը կարելի է որ ձերն ըլլայ եթէ սկզբնական հետաքրքրութիւնը համբերութեամբ մշակէք ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելով։