ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
1 Երբ տունէ տուն կը վկայէք, ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ միջամուխ ընել իւրաքանչիւր տանուտէր շինիչ, սուրբ գրային խօսակցութեան մը, գործածելով Աստուածաշունչը եւ ուրիշ կենսական գործիքներ։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 6։1. Բ. Տիմոթէոս 2։15։) Այս օրերուն մարդիկ ձեր թաղամասերուն մէջ ի՞նչ բանով կը հետաքրքրուին։ Անոնք մտահո՞գ են տնտեսական վիճակին եւ ընտանեկան կեանքի որակին անկումին նկատմամբ։ Բացման մի քանի նշմարներ այս նիւթերէն մէկուն մասին կրնան Աստուածաշունչի լաւ խօսակցութեան մը առաջնորդել։
2 Կրնաք ըսել.
◼ «Ասպարէզ կարդացող այս ժամանակներուն, շատ մարդիկ դժուար կը գտնեն որ իրենց նիւթական պէտքերուն գոհացում տան։ Կը խորհի՞ք թէ մարդկային կառավարութիւնները մեր տնտեսական խնդիրները պիտի լուծեն այնպիսի կերպով մը որ ամէն մէկու իրաւունքը պահուի։ [Պատասխանին մտիկ ըրէք։] Այս գաղափարը անձամբ մեծապէս քաջալերական գտած եմ . . .»։
3 Այն ատեն կրնաք Սաղմոս 72։12–14 կարդալ եւ խօսակցութիւնը եզրափակել յաւելեալ համար մը ընտրելով Պատճառաբանել գրքէն, էջ 154–5 Անգլ. [կամ էջ 158–9 Արբ.]։ Շատ մը հրատարակիչներ, պատանիները ներառեալ, առաջին այցելութեան ատեն յաջողութեամբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը սկսին։
4 Կարք մը ընկերութիւններու համար թերեւս նախընտրէք այս մօտեցումը գործածել.
◼ «Շատ մարդիկ կը փափաքին տեսնել վերադառնալ մը ընտանեկան աւանդական արժէքներուն։ Կը խորհի՞ք թէ իւրաքանչիւր անհատի ձգուած է որոշել թէ այս արժէքները ի՛նչ պէտք է ըլլան, կամ պէտք է մէկ չափանիշ ըլլայ ամէն անհատի։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Շատեր կ’ընդունին թէ եթէ Աստուածաշունչի իմաստուն խրատը ի գործ դրուի, շօշափելի բարելաւում մը կ’ըլլայ ընտանեկան կեանքի որակին մէջ»։
5 Այն ատեն կրնաք կա՛մ մէջբերել ու բացատրել առաքեալին խօսքը Կողոսացիս 3։12–14–ին մէջ եւ կամ կարգ մը կէտեր գործածել որոնք կը գտնուին «Ո՞ր Կերպը Յաջողութեան կը Տանի» ենթագլուխին տակ, Ընտանեկան Հաճելի Կեանք թերթիկին մէջ։
6 Եթէ տանուտէրը հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերէ, ձեր վերայցելութեան ատեն իրեն ցոյց տուէք Ընկերութեան 192 էջնոց գիրքերէն մէկուն արժէքը զոր կը ներկայացնէք ամսուան ընթացքին։ Իսկ եթէ վստահ չէք անոր հետաքրքրութեան աստիճանէն, իմաստութեամբ ուրիշ կենսական գործիքներ գործածեցէք, բաժնելով նպատակայարմար կէտ մը թերթիկէ մը, պարբերաթերթէ մը, կամ գրքոյկէ մը։
7 Եթէ կարող էք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ առաջին այցելութեան ատեն, հաստատ կարգադրութիւններ ըրէք խօսակցութիւնը շարունակելու համար ուրիշ ատեն մը։ Կրնաք հիմ դնել ձեր յաջորդ այցելութեան տանուտիրոջ ըսելով թէ երբ վերադառնաք կը փափաքիք բաժնել պատասխանը յաճախ ուղղուած հարցումին. «Աստուած Ինչո՞ւ Տառապանքը կը Թոյլատրէ»։ Վարը յիշուած յօդուածը պիտի թելադրէ ինչպէս նիւթը զարգացնել վերայցելութեան ատեն։