Յաւիտեան Ապրիլ Գրքով Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Սկսինք
1 Մարդոց հանդէպ սէրը պէտք է մեզ մղէ որ արագօրէն վերադառնանք ճշմարտութեան անօթի ու ծարաւ եղողներուն օգնելու։ (Մատթ. 5։6) Պէտք է նոթագրենք ու մշակենք հետաքրքրութեան որեւէ նշոյլ զոր կը գտնենք եթէ չենք ուզեր որ անհետանայ։ Նախապատրաստուիլը յաջողութեան բանալին է։
2 Մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ (Մատթ. 28։20) Յաւիտեան Ապրիլ գրքին առաջին օրինակները պարփակեցին այս ներածական մեկնաբանութիւնները. «Ասիկա արդարեւ ընտիր գիրք մըն է ամէն անհատի հետ ուսումնասիրելու, պատանի թէ տարեց, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց ուսման մակարդակը»։ Անիկա այնպիսի կերպով մը գրուած է որ ուսումնասիրութիւններ վարելը աւելի դիւրին կը դարձնէ, թոյլ տալով նոյնիսկ նորեկ հրատարակիչներուն որ բաժին մը բերեն։ Մեր յաջողութիւնը նոր ուսումնասիրութիւններ սկսելուն մէջ կախեալ է մեր ազդեցիկ ըլլալէն վերայցելութիւններ ընելուն մէջ։
3 Ինչպէ՞ս Կրնանք Ուսումնասիրութիւններ Սկսիլ. Երբ կը վերադառնանք, սովորաբար լաւ կ’ըլլայ որ մեր խօսակցութիւնը կապենք մեր առաջին այցելութեան յիշուած կէտի մը կամ հարցումի մը հետ։ Թերեւս նկատի առիք մեռեալներուն վիճակը, եզրափակելով սա հարցումով. «Ի՞նչ յոյս կայ մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար»։ Բացատրեցէք թէ յարութիւնը անհիմն յոյս մը չէ. Աստուածաշունչը կ’արձանագրէ յարութեան շատ մը օրինակներ որոնք արդէն տեղի ունեցած են։ Վերաքաղ ըրէք էջ 167-9–ի մէջ եղած պատկերները։ Ապա նկատի առէք ինչ որ ըսուած է էջ 166–ին առաջին եւ երկրորդ պարբերութիւններուն մէջ։ Եթէ հետաքրքրութիւն կայ, առաջարկեցէք վերադառնալ խօսակցութիւնը շարունակելու համար։
4 Թերեւս խօսած էք ծնողի մը հետ որ մտահոգութիւն արտայայտած է թէ երթալով աւելի խնդիրներ կան զաւակները մեծցնելու նկատմամբ։ Կրնաք ձեր յատուկ բառերով ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Բոլոր ծնողները լաւագոյնը կ’ուզեն իրենց զաւակներուն։ Աստուածաշունչը խրատներ կը բովանդակէ որոնք կրնան ծնողներուն օգնել որ իրենց զաւակները մարզեն, որպէսզի իմաստ ու նպատակ ունեցող գոհացուցիչ կեանք մը վայելեն։ Ատոր համար, լրջօրէն կը յանձնարարենք որ ընտանիքները միասնաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն։ [Ակնարկեցէք էջ 246–ին 23–րդ պարբերութեան։] Ձեռք ձգուած գիտութիւնը կրնայ ամբողջ ընտանիքին յաւիտենական օրհնութիւններ բերել»։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3–ը։ Ձեր կամեցողութիւնը արտայայտեցէք որ վերադառնաք ընտանիքին ցոյց տալու թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց ուսումնասիրութիւնը սկսիլ։
5 Եթէ պատանի մը կամ նորեկ հրատարակիչ մըն էք եւ առաջին հանդիպումին ամփոփօրէն խօսած էք Դրախտի յոյսին մասին, մինչ գիրքը 3–րդ էջին բացած էք, ասոր նման բան մը ըսէք.
◼ «Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ անոնք որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն կրնան յուսալ որ ասոր նման աշխարհի մը մէջ ապրին, ուր երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի ըլլան։ Այս գիրքը ցոյց կու տայ ինչ որ պէտք է ընենք որպէսզի այդ օրհնութիւնը վայելենք»։ Ամփոփ կերպով բացատրեցէք մեր ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը եւ առաջարկեցէք ցուցադրել զայն։
6 Որպէս Յիսուսի աշակերտներ, պարտաւորութիւն ունինք մարդոց օգնելու։ (Հռովմ. 10։14) Եթէ գրականութիւն տեղաւորած ենք կամ պարզապէս լաւ խօսակցութիւն մը վայելած ենք, պատասխանատուութիւն ունինք հետաքրքրութիւնը մշակելու։ (Մատթ. 9։37, 38) Եթէ այս նշանակումը պատշաճօրէն կատարենք, բոլորն ալ կրնան յառաջ եկած օրհնութիւններուն մասնակցիլ։—Ա. Տիմ. 4։16