Ժողովքի Գրի Ուսումնասիրութիւնը Դաստիարակչական Գործունէութիւններ Յառաջ Կը Մղէ
1 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը կենսական դեր մը կը խաղայ Եհովայի կազմակերպութեան դաստիարակչական յայտագրին մէջ։ Գրքի ուսումնասիրութեան խումբերը նշանակուած են թաղամասին չորս կողմը, բոլորին համար դիւրին դարձնելով ներկայ գտնուիլը։ Ուսումնասիրութեան վայր մը իրենց շրջակայքին մէջ գտնուելով, հետաքրքրուող անհատները աւելի դիւրաւ կ’ընդունին հրաւէր մը ներկայ գտնուելու։
2 Ջանք կը թափուի որ իւրաքանչիւր խումբ քիչ անհատներով ըլլայ։ Ասիկա թոյլ կու տայ վարիչին որ անձնական օժանդակութիւն հայթայթէ իւրաքանչիւր անհատի։ Ոչ բոլորը նոյն արագութեամբ կը սորվին։ Եթէ անհատ մը կէտ մը չհասկնայ նոյնիսկ առաջուընէ ուսումնասիրութիւնը սերտելէ ետք, վարիչը կրնայ զայն աւելի նկատի առնել ժողովէն ետք։ Անկէ զատ, պզտիկ խումբ մը ըլլալով, աւելի պատեհութիւններ կան մեկնաբանելու եւ համարներ կարդալուն մէջ բաժին բերելու։ Ուսումնասիրութեան կը մասնակցի՞ք կանոնաւորաբար մեկնաբանելով։ Կը փորձէ՞ք ձեր յատուկ բառերով պատասխանել։ Մասնակցելու ձեր կամեցողութիւնը կրնայ օգտաշատ ըլլալ ձեզի եւ ուրիշներու։ Մինչ կը պատրաստէք, ձեր մտային կարողութիւնները գործածեցէք զատորոշելու թէ ինչպէս կրնաք ուսումնասիրութենէն կարգ մը կէտեր անձամբ կիրարկել։—Եբր. 5։14
3 Նկատելով գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին գործածած ուսուցանելու մեթոտները, կրնաք սորվիլ ինչպէս տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւնները վարել աւելի հետաքրքրական ու դաստիարակչական կերպով մը։ Որակելի եղբայր մը պարբերութիւնները կարդալէ ետք, հարցումները նկատի կ’առնուին։ Ուսումնասիրութեան վարիչը բոլորը կը քաջալերէ որ լսելիօրէն խօսին։ Ժամանակին ներած չափով, ան կը ջանայ մեկնաբանութիւններ առնել մէջբերուած համարներուն մասին, որպէսզի մեզի օգնէ որ հասկնանք անոնց կիրարկումը։ (Բաղդատել Նէեմեայ 8։8։) Երբեմն ան յստակացուցիչ ամփոփ մեկնաբանութիւն մը կ’աւելցնէ կամ յաւելեալ հարցումներ կը գործածէ գլխաւոր կէտ մը ցցուն ընելու։ Օրինակ մը կամ լուսաբանութիւն մը կրնայ մեզի օգնել որ տեսնենք թէ ինչպէս տեղեկութիւնը կապ ունի մեր կեանքին հետ։
4 Կարգ մը Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւններուն նուազ անհատներ ներկայ կը գտնուին։ Կանոնաւորաբար կը յաճախէ՞ք։ Եթէ ոչ, կարեւոր հայթայթում մը փախցուցած էք։ Գրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը կերպերէն մէկն է որով Եհովա կը ցուցաբերէ իր հոգածութիւնը մեզի հանդէպ։ (Ա. Պետ. 5։7) Ան կ’ուզէ որ յառաջդիմենք գիտութեան ու իմաստութեան մէջ այնպէս որ հոգեւորապէս զօրաւոր ըլլանք։ Միւս կողմէն, Սատանան կ’ուզէ մեր հոգեւոր աճումը դանդաղեցնել ու մեզ տկարացնել, որպէսզի նուազ օգտակար ըլլանք Եհովայի ու Իր կազմակերպութեան։ Թոյլ մի տաք որ ասիկա տեղի ունենայ։ Թող այս մտերիմ խումբին ջերմ, սիրալիր մթնոլորտը ազդէ ձեր սրտին ու մղէ ձեզ որ շարունակէք Եհովան գովել։—Բաղդատել Սաղմոս 111։1։
5 Հրատարակիչներուն յարմար եղող դաշտի ծառայութեան ժողովներ կը կարգադրուին գրքի ուսումնասիրութեան վայրերուն մեծամասնութեան մէջ։ Ասոնք կրնան կիսաշաբաթուայ, շաբաթավերջի կամ իրիկուայ վկայութեան համար ըլլալ։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչը վստահ կ’ըլլայ որ ձեռքի տակ բաւարար թաղամաս կայ եւ անհատ մը ներկայ պիտի ըլլայ առաջնորդութիւնը առնելու դաշտին մէջ։ Դաշտի ծառայութեան ժողովները պէտք չէ 10-15 վայրկեանէ աւելի տեւեն։ Վարիչը կրնայ հակիրճօրէն նկատի առնել օրուան համարը եթէ կապ ունի մեր քարոզչական գործունէութեան հետ եւ ներկայացնել դաշտի ծառայութեան մէկ կամ երկու մասնայատուկ թելադրութիւններ։
6 Վարիչը կը ջանայ ժամանակին ընթացքին անձնապէս աշխատիլ իւրաքանչիւր անհատի հետ իր խումբին մէջ, յարմար քաջալերանք ու մարզում մատուցանելով։—Բաղդատել Մարկոս 3։14. Ղուկաս 8։1։