Հարցումի Տուփ
◼ Ե՞րբ յարմար կ’ըլլայ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան յաւելեալ խումբ մը կազմել։
Նոր խումբ մը կազմելը նկատի պէտք է առնուի, երբ անհրաժեշտ է շուրջ 15 կամ նուազ ներկաներու թիւ մը պահել գրքի ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր վայրին մէջ, ի ներառեալ Թագաւորութեան Սրահը։ Ասիկա ինչո՞ւ յանձնարարելի է։
Երբ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան խումբերը փոքր պահուին, վարիչը կրնայ աւելի լաւ ուշադրութիւն ընծայել ներկայ եղող իւրաքանչիւր անհատին։ Ասկէ զատ, բոլորն ալ բաւարար պատեհութիւն կ’ունենան պատասխաններ տալու, միջավայրի մը մէջ որ կը նպաստէ իրենց հաւատքը հանրապէս յայտարարելու։ (Եբր. 10։23. 13։15) Ժողովքի թաղամասի տարածքին տարբեր վայրերու մէջ փոքր խումբեր ունենալը, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ դաշտի ծառայութեան ժողովներուն ներկայ գտնուիլը աւելի յարմար կը դարձնէ։ Այն ժողովքները որոնք գրքի ուսումնասիրութեան վայրերուն թիւը աւելցուցած են, նկատած են որ ներկաներուն թիւին ընդհանուր գումարն ալ աւելցած է։
Թերեւս մասնայատուկ պարագաներ պահանջեն նոր խումբ մը կազմել, նոյնիսկ երբ անիկա յարաբերաբար աւելի փոքր պիտի ըլլայ։ Ասիկա կրնայ մեկուսացած շրջանի մը մէջ ըլլալ, կամ երբ ներկայ վայրերը խճողուած են կամ նստելու բաւարար դիւրութիւններ չկան։ Եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է խումբ մը կազմել որ ցերեկը կը հանդիպի, տարեցներու, գիշերը աշխատողներու կամ Վկայ չեղող ամուսիններ ունեցող քոյրերու օգտին համար։
Իւրաքանչիւր գրքի ուսումնասիրութեան խումբ պէտք է ունենայ հոգեւորապէս զօրաւոր եւ գործունեայ քանի մը հրատարակիչներ, ինչպէս նաեւ՝ որակելի վարիչ ու ընթերցող մը։ Եղբայրներ պէտք է ձգտին ժողովքին մէջի այս կարիքները գոհացնելու։
Երէցները ժողովքին յառաջդիմութեան կրնան նպաստել, վստահ ըլլալով որ ժողովքի գրքի ուսումնասիրութեան խումբերը տրամաբանական ծաւալ մը ունին եւ հոգեւորապէս լաւ կը հոգացուին, ինչպէս նաեւ յարմար վայրերու մէջ կը հաւաքուին։ Երբ գործնական է, նոր խումբեր պէտք է կազմուին, որպէսզի բոլորն ալ կարենան օգտագործել այս մասնայատուկ հոգեւոր կարգադրութեան օգուտները։ Կրնա՞ք ձեր տունը տրամադրել որպէս գրքի ուսումնասիրութեան վայր։ Ասիկա ընողներէն շատեր հոգեւոր օրհնութիւններ վայելած են։