Առաջնորդութիւն Առնող Տեսուչներ—Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Վարիչները
1 Որակելի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը համար, շատ մեծ առանձնաշնորհում մըն է ծառայել որպէս Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչ։ Իր խումբին մէջ եղողներուն հոգեւոր պէտքերուն հսկելը, լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է։ Իր պարտականութիւնները երեք մասի կը բաժնուին։
2 Ատակ Ուսուցում. Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչէն ամբողջական պատրաստութիւն կը պահանջուի, որպէսզի ամէն շաբաթ խումբին հասկացողութիւնը աւելցնէ։ Ան կը ջանայ սերտուած նիւթին հանդէպ գնահատութիւն կերտել։ Փոխանակ ուսումնասիրութեան ընթացքին յաճախակի մեկնաբանութիւններ տալու, երբ հարկ ըլլայ, յաւելեալ յարմար հարցումներ կը հարցնէ, ուսումնասիրութեան գլխաւոր կէտերը վեր հանելու համար։ Իր մարտահրաւէրն է ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական եւ դաստիարակիչ դարձնել եւ բոլոր ներկաները միջամուխ ընել խօսակցութեան։ Իր նպատակն է հոգեւորապէս կերտել, ուսումնասիրուած նիւթին գործնական արժէքը շեշտել, եւ նիւթը սրտին եւ մտքին հասցնել։—Ա. Թես. 2։13
3 Օգտակար Հովուութիւն. Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկի դէմ դնող ծածկոցի պէս» է։ (Եսայ. 32։2) Ան իրապէս հոգ կը տանի իր խումբին մէջ եղող ամենուն եւ երբ իր հոգատարութեան տակ եղող անհատ մը յուսահատած է, ամէն բան կ’ընէ, որպէսզի հարկ եղած հոգեւոր օգնութիւնը տրուի անոր։—Եզեկ. 34։15, 16. Ա. Թես. 2։7, 8
4 Նախանձախնդիր Աւետարանչութիւն. Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը խղճմտօրէն իր խումբին մէջ եղողներուն համար գործնական ամէն կարգադրութիւն կ’ընէ, որպէսզի անոնք լիովին դաշտի ծառայութեան մասնակցին։ Ան առաջնորդութիւնը կ’առնէ աւետարանչական գործին մէջ, գիտնալով որ այս ուղղութեամբ իր կանոնաւորութիւնը, նախանձախնդրութիւնը եւ խանդավառութիւնը պիտի արտացոլան խումբին միւս անդամներուն վրայ։ (Կող. 4։17. Բ. Թես. 3։9) Յարմար ժամանակին, ան կը ջանայ իր խումբի մէջ եղող ամէն մէկուն հետ ծառայութեան մասնակցիլ։ Եթէ ծառայելու եւ սորվեցնելու մեր հմտութիւնները կ’ուզենք սրել, Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը մեզի կրնայ օգնել, որպէսզի հասնինք այս նպատակակէտին։—Ա. Տիմ. 4։16. Բ. Տիմ. 4։5։
5 Իրապէս օրհնուած ենք մարդոց նման այսպիսի պարգեւներ ունենալով, որոնք պատրաստ են մեզի հոգեւոր ոեւէ օգնութիւն՝ եւ սիրալիր աջակցութիւն մատակարարելու։ (Ա. Թես. 5։14) Թող որ գրքի ուսումնասիրութեան մեր կանոնաւոր մասնակցութիւնը եւ աւետարանչական գործին մեր հաւատարիմ աջակցութիւնը, մեր գնահատութիւնը ցոյց տան Եհովայի հայթայթած այս սքանչելի կարգադրութեան հանդէպ։—Եբր. 10։25