ՆՈՐԵԿՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵՆ
1 Ապրիլ 17, 1992–ին, շուրջ 11,5 միլիոն անհատներ համայն աշխարհի մէջ հաւաքուեցան Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարելու։ Ասիկա Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն հետ ընկերակցող հրատարակիչներու ընդհանուր թիւէն երկուքուկէս անգամ աւելի էր։ Որքա՜ն հաճելի է տեսնել այսպիսի ամբոխներ կը խուժեն դէպի «Եհովային լեռը»։ (Միք. 4։2) Ներկայիս գրեթէ եօթը միլիոն անհատներ կան որոնք որոշ չափով հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ եւ տակաւին հանրային կերպով Եհովան փառաբանողներ չեն։ Վստահօրէն Յիսուսի խօսքերը՝ «հունձքը շատ է», երբեք այսքան իմաստալից չեն եղած։—Մատթ. 9։37, 38
2 Ապրիլ ամսուան ընթացքին, մասնաւոր ջանք պիտի թափենք բոլոր անոնց օգնելու որոնք որակելի են դաշտի ծառայութեան մէջ բաժին բերելու։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչը, իր խումբին մէջ եղող կարող հրատարակիչներուն եւ ռահվիրաներուն օգնութեամբ, գլխաւոր դերը պիտի խաղայ ասոր մէջ։ Մեր եռապատիկ նպատակակէտն է (1) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կարգադրել այն նորեկներու հետ որոնք այս տարի ներկայ կ’ըլլան հանրային մասնաւոր դասախօսութեան եւ Յիշատակատօնին. (2) քաջալերել բոլոր ուսումնասիրողները որ որակելի ըլլան չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու. եւ (3) աւելցնել մեր անձնական մասնակցութիւնը դաշտի ծառայութեան։
3 Բոլորն ալ մասնաւոր ջանք պէտք է թափեն մեր ժողովներէն որեւէ մէկուն ներկայ եղող նորեկներու բարի գալուստ մաղթելու եւ ծանօթանալու։ Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի այս հետաքրքրուողներէն աւելի անհատներ քաջալերենք որ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը ունենան։
4 1992–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, իւրաքանչիւր ամիս միջին հաշուով 2366 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան Լիբանանի մէջ։ Հրատարակիչները կրնան հրաւիրել իրենց գրքի ուսումնասիրութեան վարիչը որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ներկայ ըլլայ որպէսզի աշակերտին ծանօթանայ։ (թծ 3/81 էջ 4) Այս Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք կարելի է որ այժմ ժողովներուն ներկայ կը գտնուին եւ որակելի են տունէ–տուն աշխատանքին մէջ բաժին բերելու։ Նորեկները գրեթէ կանոնաւորաբար անպաշտօն կերպով կը վկայե՞ն։ Անոնք չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլալու որակումները ունի՞ն ինչպէս որ յիշուած են Մեր Ծառայութիւնը գրքին մէջ, էջ 97–9 [կամ՝ էջ 98–100, Արբ.]։ Եթէ պարագան այդպէս է, բացատրեցէք անոնց ինչպէս կրնան տունէ–տուն աշխատանքին սկսիլ, որպէս չմկրտուած հրատարակիչ ընդունուելէ ետք։
5 Պէտք չէ անտեսենք զիրար քաջալերելը մեր Քրիստոնէական ընկերակցութեան ատեն։ (Եբր. 10։24, 25) Եթէ ոմանք դանդաղին իրենց ծառայութեան մէջ, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է որոշ կարգադրութիւններ ընեն օգնութիւն եւ քաջալերութիւն հայթայթելու։ Երբեմն ինչ որ պէտք է միայն ջերմ հրաւէր մըն է մեր հետ դաշտի ծառայութեան ընկերանալու։
6 Որպէսզի Ապրիլ ամիսը դաշտի ծառայութեան գործունէութեան հոյակապ ամիս մը ըլլայ, պէտք է բոլորն ալ համագործակցին։ Գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին խանդավառ առաջնորդութիւնը կրնայ տարբերութիւնը ընել մինչ կ’օգնէ իր խումբին բոլոր անդամներուն որ լման բաժին ունենան ծառայութեան մէջ։ Ծառայութեան համար յաւելեալ ժողովներ կարելի է կարգադրել։ Տարեցներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն կարելի է դարձնել, իսկ պատանիներուն կարելի է գործնական կերպերով օգնել։ Ծնողները պէտք է վստահ ըլլան թէ ամբողջ ընտանիքը ծառայութեան կը մասնակցի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Հունձքի այս ժամանակին մէջ եթէ բոլորս ալ մեր լաւագոյնը Եհովայի տանք, իր առատ օրհնութիւնները պիտի վայելենք։